Հանդիպում` ՀՅԴ Բիւրոյի Ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի Հետ. «Սուրիահայ Գաղութը Պէտք Է Մնայ Կենսունակ»
By adminx - Sat Jul 21, 7:20 am
- 0 Comments
- 198 views
- Tweet
Email
Print
Աշխատանքային այցելութեամբ Սուրիա գտնուող ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեան սուրիահայ «Գանձասար» օրաթերթին տուած է հարցազրոյց մը, զոր կը հրատարակենք ստորեւ.
ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչպէ՞ս կ՛ընկալէք եւ կը գնահատէք մեր գաղութի ներքաղաքական իրադարձութիւնները:
ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Գիտէք, հիմա ամբողջ հայութիւնը Հայաստանից սկսեալ մինչեւ տարբեր շրջաններ մտահոգ է սուրիահայութեան ճակատագրով, Սուրիայի կացութեամբ եւ ընդհանուր պահանջ կայ, ցանկութիւն կայ, տրամադրութիւն կայ օգտակար լինելու, թեւ ու թիկունք կանգնելու եւ յաճախ յստակ չի, թէ պահանջը ո՞ր ուղղութեամբ է եւ ինչպէ՞ս կարելի է այդ զօրակցութիւնը ունենալ: Իմ գալու նպատակն է հիմնականում մօտից ականատեսի աչքով տեսնել դժուարութիւնները, լսել համայնքի ներկայացուցիչներին, կողմնորոշուել եւ տեսնել ինչպէ՛ս կարելի է հայկական կարողականութիւնը ուղղորդել, որպէսզի այս տագնապից, այս դժուարութիւնից սուրիահայութիւնը կարողանայ նուազագոյն վնասով դուրս գալ, կարողանայ աւելի անվտանգ եւ աւելի կազմակերպուած դուրս գալ: Այն ինչ որ տեղի է ունենում Սուրիայում, գուցէ քաղաքական կտրուածքի մէջ պէտք է նայենք, զանազան վերլուծութիւններ կարելի է անել, որը կարծում եմ մեր խօսակցութեան թեմայից դուրս է մնում: Բայց կարծում եմ կարեւորը մենք այնպէս պէտք է կազմակերպենք մեր գործը, որ ցանկացած սուրիահայ իրեն համայնքի մաս կարողանայ զգալ, համայնքի կողմից պաշտպանուած եւ համայնքի կողմից հոգատարութեան ենթակայ զգալ: Նոյնը կ՛ասեմ սուրիահայութեան, որը իրեն ամբողջ հայութեան մաս պէտք է կարողանայ զգալ եւ ամբողջ հայութեան կողմից հոգատարութեան ենթակայ: Մենք սա է որ պէտք է անենք, մենք` սուրիահայերս այս երկրի մէջ ընկալուել ենք, ընդունուել ենք հարազատօրէն դժուար պայմանների մէջ, մենք վայելել ենք այս երկրի բարիքները եւ այսօր դժուարութիւնները եւս պէտք է կիսենք սուրիացիների հետ: Պէտք է կարողանանք դիմանալ, գաղութը պէտք է կարողանայ մնալ, գաղութը պէտք է գոյատեւի, գաղութը պէտք է չկորցնի իր կենսունակութիւնը եւ սա կարծեմ թէ հիմնական հարց է:
Հ.- Ի՞նչ պիտի ըսէք հայրենի իշխանութիւններու կեցուածքին մասին, այսինքն` հայրենի իշխանութիւնները եւս ներգրաւուա՞ծ են այս հարցով, մտահոգութիւններ ունի՞ն, նախապատրաստութիւններ կը տեսնե՞ն սուրիահայութեան օգնութեան փութալու համար:
Պ.- Թերեւս լիազօրուած չեմ հայրենի պետականութեան կողմից պատասխան տալու, բայց իբրեւ պատասխանատու անձ, որ նաեւ ունեցել եմ յարաբերութիւններ հայրենի իշխանութիւնների հետ, անկեղծ լինելու համար եւ արդար լինելու համար կ՛ասեմ, որ համընդհանուր նաեւ իրանց մօտ մտահոգութիւն կայ եւ ցանկութիւն կայ օգտակար լինելու, այս առումով կարծում եմ մենք խնդիր չունենք, սակայն մենք պէտք է կարողանանք գիտակցել, որ Հայաստանի իշխանութիւն-սուրիահայութիւն յարաբերութեան մէջ, նախ գոյութիւն ունի Հայաստանի Հանրապետութիւն-Սուրիայի Հանրապետութիւն յարաբերութիւն, որը չի կարող անտեսուել, չի կարող չհասկանալ հաւանական ստեղծուած կաշկանդումները, սահմանափակումները մենք չգիտակցենք, բայց տրամադրութիւն կայ օգտակար լինելու: Վարքի որոշումներ կան, որոնք պէտք է յարգուեն, բայց ցանկութեան առումով կարծում եմ, որ այդ ցանկութիւնը կայ: Այլ խօսքով, որ պետականութիւնը պէտք է կարողանայ նաեւ ստեղծել դրութիւններ, կարելիութիւններ, որ սուրիահայութիւնը առաջին հերթին հոգեբանօրէն իրեն նաեւ Հայաստանի իշխանութեան կողմից պաշտպանուած զգայ, պէտք է դա լինի առնուազն հոգեբանական մակարդակով, որը կարծում եմ ինչ որ չափով գոյութիւն ունի: Իսկ դիւրութիւնների առումով, անշուշտ կ՛ուզէի, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը լինի այնպիսի պետականութիւն, որ իր քաղաքացիներին կարողանար տէր լինել եւ իր քաղաքացիների կողքին նաեւ աշխարհի մէջ տարասփռուած համայն հայութեան կարողանար տէր կանգնել: Այդտեղ կարծում եմ որ խնդիրներ կան, կարծում եմ, որ դժուարութիւններ կան, բայց կարեւորը այս հանգամանքում, այս պահին, այս ժամանակահատուածի համար իմ կարծիքով դրական տրամադրութիւններն են, որոնք գոյութիւն ունեն օգտակար լինելու, մնացածը արդէն շատ աւելի հիմնական եւ խորքային իմաստ ունեն, որ այլապէս կարելի է խօսել:
Հ.- Սուրիահայութեան օգնութեան փութալու առումով, համահայկական կազմակերպութիւններու կամ Հայաստանի պետութեան կողմէ որոշակի ծրագիրներ կա՞ն:
Պ.- Հիմա հարցը այն է, որ սուրիահայութիւնը նախ ինքը պէտք է կարողանայ ներքին կազմակերպուածութիւն ցուցաբերել, ներքին փոխօգնութեան կազմակերպուածութիւն պէտք է ստեղծի, մէկը մէկին ձեռք մեկնելու, մէկը մէկին զօրակցելու, մէկը մէկին թիկունք կանգնելու, նախ այս համայնքային փոխօգնութեան գործը պիտի կարողանայ կազմակերպել, դրանից յետոյ բնականաբար կարեւորութիւն է ստանում համայն հայութեան զօրակցութիւնը եւ օժանդակութիւնը սուրիահայութեան եւ սուրիահայութեան այդ տեսակ ճիգին, որ մէկը մէկին կարողանայ թիկունք կանգնել, ամենակարիքաւորին, ամենախոցելիին հասնել: Այսինքն` նախաձեռնութիւնը պէտք է սկսի սուրիահայութիւնը, որուն պիտի յաջորդեն արտաքին` համահայկական կազմակերպութիւնների եւ Հայաստանի պետութեան նախաձեռնութիւնները: Մենք այդ առումով ունենք արդէն մեր նախաձեռնութիւնը, արդէն մեր լուման ունենք այս գործի մէջ, ինչ որ յատկացում արդէն կատարել ենք այդ իմաստով, որը ուղղակի պէտք է դառնայ սկիզբ համընդհանուր ուժերի մէկտեղման, իսկ այլապէս հայութեան կարողականութիւնը կազմակերպելու եւ ուղղորդելու առումով մենք արդէն ունենք ծրագիր եւ մենք առիթը պէտք է օգտագործենք կոչ անելու բոլոր գաղութներին, բոլոր շրջաններին, որոնք անցած տասնամեակներում յաճախ վայելել են սուրիահայութեան օժանդակութիւնը եւ զօրակցութիւնը իրենց զանազան կարիքների եւ դժուարութիւնների փարատման հարցում, որպէսզի այսօր իրենք փոխադարձ դերով ներկայանան, հրապարակ դուրս գան, որպէսզի կարողանանք այս դժուարութիւնը միասնաբար յաղթահարել: Սուրիահայութիւնը այս հարցում պէտք է առանձին չմնայ, մենակ չմնայ, սուրիահայութիւնը արդէն այդ գաղութների մէջ մեծ դերակատարութիւն ունի, բանալի հանգամանքների առումով: Հայաստանի պետականութեան առումով բնականաբար Հայաստանի պետականութեան հնարաւորութիւնները շատ աւելի մեծ են, բայց նորից եմ ասում, թէ որոշ միջպետական յարաբերութիւնների առումով կան սահմանափակումներ, որ մենք պէտք է գիտակցենք, կան բացեր, որ մենք պէտք է լրացնենք, մասնաւորաբար խօսքը վերաբերւում է Դաշնակցութեանը, որ համահայկական կառոյց է եւ ունի, իրական հնարաւորութիւն այդ կարողականութիւնը կազմակերպելու եւ ուղղորդելու սուրիահայութեան հետ` միասնաբար այդ դժուարութիւնները յաղթահարելու հարցում:
Հ.- Ի՞նչ պիտի ըսէք սուրիահայութեան արտագաղթին մասին: Մեզի համար այդքան ալ տեսանելի չէ արտագաղթը, այդ մասին վերջերս կը խօսուի, բայց մենք ուղղակիօրէն չենք զգար ատիկա, դուք շօշափա՞ծ էք այդ վտանգը կամ իբրեւ պատասխանատու նկատա՞ծ էք զայն, նոյնիսկ սփիւռքի նախարարութիւնը հանդէս եկաւ, որ այդքան ալ մտահոգիչ չեն արտագաղթի տուեալները, բայց յաճախ դուրսէն կը շեփորուի արտագաղթի վտանգը:
Պ.- Կ՛ուզեմ մի բան շեշտել, մեզ համար կարեւոր է հալէպահայ գաղութի պահպանումը, կազմակերպուած պահպանումը, կենսունակ պահպանումը, որովհետեւ հալէպահայութիւնը ունեցել է համահայկական դերակատարութիւն, բայց հարցն այն է, որ հալէպահայութիւնը Սուրիայի համար կարեւոր դեր ունի անելիք` Հայաստան-Սուրիա փոխյարաբերութիւնների հարցով, ունի կարեւոր անելիք արաբական աշխարհի եւ Միջին Արեւելքի մէջ` Հայաստանի, հայ ժողովուրդի, Հայ դատի հարցերի առնչութեամբ, այսինքն` այս գաղութի պահպանումը մեզ համար գլխաւոր հարց է, եւ ճիշդ հէնց այդ առումով մենք արտագաղթը ո՛չ քաջալերողն ենք, ո՛չ էլ դրա օժանդակողը: Գիտեմ, որ այսօր իսկապէս այստեղ արտագաղթի մտահոգիչ երեւոյթներ չկան, բայց սուրիահայութեան շուրջ այսօր տեղի ունեցած խօսակցութիւնները, յաճախ ենթադրեալ խօսակցութիւնները կարող են ստեղծել մթնոլորտ, որ մենք ակամայ խրախուսենք արտագաղթի երեւոյթը եւ կարող է պատահել, որ խուճապի երեւոյթ ստեղծուի, որ մենք պէտք է ակամայ կանխենք, թոյլ չտանք: Այսինքն` լաւ օրերը ապրել ենք Սուրիայում, վատ օրերը կիսենք սուրիացիների հետ. ճիշդ չի հակառակ մօտեցումը, մենք պէտք է մեր ներդրումը բերենք երկրի վերականգնման գործին մէջ: Սուրիահայութեան կազմակերպուած կենսունակ գոյութիւնը կարեւոր է Սուրիայի համար, կարեւոր է սուրիահայութեան համար, սփիւռքահայութեան եւ Հայաստանի համար:
Հ.- Արդեօք ներկայ իրադարձութիւնները առիթ չե՞ն ընծայեր, որ քիչ մը աւելի քաղաքականանայ սուրիահայ մեր կեանքը, կենսագործելով այն վարկածը, որ «ամէն չարիքի մէջ բարիք պէտք է փնտռել»:
Պ.- Կարծում եմ, որ սուրիահայութիւնը ունի մեծ կարողականութիւն, որը յաճախ համապատասխան հնարաւորութիւն եւ ասպարէզ չի ունեցել ցուցադրելու, բայց ես վստահ եմ, որ Սուրիայում, գալիք Սուրիայում այդ կարողականութիւնը կարող է ամբողջական դրսեւորում ունենալ, եւ էստեղ խօսքը վերաբերում է երկրին օգտակար լինելու, Հայ դատի պայքարին օգտակար լինելու առումով, որովհետեւ այդ կարողականութիւնը հալէպահայութիւնը կամ սուրիահայութիւնը ունեցել են շատ-շատ տեղերում` մեզ համար ապահովելով որակ եւ անշուշտ կարող է իսկապէս Սուրիայի մէջ դա իսկապէս լինի մեծ կարողականութիւն: Վաղուայ Սուրիայի մէջ ես վստահ եմ հայութիւնը նաեւ կը կարողանայ իրեն դրսեւորի մէկ նոր յատկանիշով` քաղաքական կազմակերպուածութեան իմաստով: Եւ այդ իմաստով պէտք է կարեւորել սուրիահայութեան կազմակերպուած ուժեղ գոյութիւնը այս երկրում, այս երկրի համար եւ մեզ բոլորիս համար:
Հ.- Ներկայ տուեալներով մեր գաղութի տնտեսական կացութիւնը այդքան ալ փայլուն չէ: Խրախուսիչ չէ մանաւանդ մեր դպրոցներու տնտեսական իրավիճակը: Իսկ մեր դպրոցները մեր ապագան են, ապագայի երաշխաւորներն են: Այսօր տնտեսապէս վտանգուած ենք: ՀՕՄ-ը այս իմաստով նախաձեռնութիւն կատարեց, երանի այդ նախաձեռնութիւնը ընդարձակուի եւ այլ կազմակերպութիւններ նաեւ միանան սուրիահայութեան նպաստող ճիգերուն:
Պ.- Այն ինչ որ խօսում էի սուրիահայութեան փոխօգնութեան հարցում եւ ընդհանրապէս այս դժուարութիւնը յաղթահարելու առումով, հայկական կարողականութիւնից օգտուելու առումով, առաջին հերթին մեր ազգային դպրոցներն են, ապա մեր ազգային կառոյցներն ու միութիւններն են, որոնք այդ դժուարութիւնների եւ դժուար օրերի բերումով պէտք չէ կաղան, պէտք չէ կաթուածահար լինեն, պէտք չէ դանդաղի, պէտք չէ վնասուի իրենց գործունէութիւնը: Երկրորդ հերթին` խօսքը վերաբերում է առանձին կարիքաւոր ընտանիքների, անձերի, որոնք եւս պէտք է տեսնեն թիկունք, պէտք է տեսնեն օժանդակութիւն, պէտք է տեսնեն տիրութիւն անողի շունչը այս գաղութի մէջ, եւ այստեղ պէտք է մեր ամբողջ հայկական կարողականութիւնը կարողանանք համակարգել: Ինքը սուրիահայութիւնը մեծ ներուժ ունի եւ այդ ներուժը բաւական լուրջ եւ ծանրակշիռ է, նախ պէտք է փորձել կազմակերպել դա, բայց նաեւ այս գործի մէջ պէտք է մասնակից դառնայ ամբողջ հայութիւնը:
Հ.- Առիթէն օգտուելով պիտի խնդրենք անդրադառնալ նաեւ Հայաստանի քաղաքական կեանքին, Հայաստանի ընտրութիւններուն, ՀՅԴ-ի ընդհանուր կացութեան: Ինչպէ՞ս կը գնահատէք 6 մայիսի խորհրդարանական ընտրութիւններու ընդհանուր արդիւնքը` ընդհանրապէս միւս քաղաքական կազմակերպութիւններուն եւ մասնաւորաբար ՀՅԴ-ի համար:
Պ.- Հայաստանի քաղաքական դաշտը պէտք չէ գնահատել այդ ընտրութիւնների արդիւնքներով եւ ոչ մէկ ուժի կարելի է գնահատել ձեռքբերուած արդիւնքներով, եթէ այդ սխալն անենք կը նշանակէ, որ իշխանական ուժերը, որոնք այսօրուայ կացութեան պատճառն են, հիմնական դերակատարն են, այս ընտրութիւններին հաւաքել են մօտաւորապէս 80 առ հարիւր, դա կը նշանակի, որ այսօրուայ իշխանութիւնները վայելում են ժողովրդի 80 առ հարիւրի համակրանքը, այն ինչ որ իրականութեան չի համապատասխանում, եթէ նոյնիսկ մէկը բարձրաձայն յայտարարի, Հայաստանի նոյնիսկ եփած հաւերը կը սկսին ծիծաղել եւ եթէ այդպէս է, ուրեմն միւս տուեալներն էլ ճիշդ չեն, միւս տուեալներն էլ հիմք չեն դատողութիւն կատարելու կուսակցութիւնների իրական ժողովրդականութեան իմաստով, բայց ինչ որ առումով այդ թուերը արժէք են, այն իմաստով, որ եթէ կուսակցութիւնները չեն կարողացել ընտրութիւնների արդիւնքում իրենց իրական ժողովրդականութեան չափը արձանագրել տալ, ուրեմն նշանակում է դեռ գործ կայ անելիք այնտեղ, շատ մեծ ժողովրդի հետ աշխատելու, պետական սիստեմի հետ աշխատելու առումով մեծ անելիք կայ. այդ անելիքից է, որ մենք պէտք չէ փախչենք, եւ այդ գործի անհրաժեշտութիւնից ելնելով մենք մեզ պէտք չէ խաբենք, մենք յստակ գործ ունենք անելու Հայաստանում, եւ այստեղ խօսքը բնականաբար առաջին հերթին մեր կազմակերպութեան է վերաբերում, մենք նաեւ պէտք ունենք մեր համակուսակցական կառոյցի ամբողջական գուրգուրանքին, որ կարողանանք Հայաստանի մէջ մեր կուսակցական աշխատանքը, ժողովրդի քաղաքական կազմակերպման գործը իսկապէս դնել ամուր հիմքերի վրայ, այդտեղ մենք լուրջ գործ ունենք անելու եւ պէտք է անենք:
Հ.- Ինչպէ՞ս կարելի է այլընտրանքը կամ փրկութիւնը: Ժողովուրդին համար ընկալելի ձեւով ինչպէ՞ս կարելի է հասնիլ փրկութեան, ցանկալի իշխանութեան կամ վարչաձեւին, որ արդարութիւնը իրականանայ եւ մեր երկիրը զարգանայ, մեր ժողովուրդը բարօր պայմաններու եւ արդար հասարակարգի մէջ ապրի:
Պ.- Որքան էլ որ այս ընտրութիւնների մթնոլորտը նուաստացուցիչ էր եւ անբարոյական, որովհետեւ փողն էր հիմնական դերակատարը, բայց ես հաւատացած եմ, որ այդ չափի անբարոյականութիւնը (չափը այնքան մեծ էր) նաեւ ինչ որ տեղ սթափեցուցիչ էր, բայց շատերը հասկացան, որ այդ համատարած անբարոյականութիւնը ո՛չ արձանագրութիւնը իր անունով գրանցած ուժի համար յաղթանակ է, ո՛չ էլ մեր ժողովրդի համար յաղթանակ է: Իսկ ինչ վերաբերում է փրկութեան, անշուշտ ես այն կազմակերպութեան պատասխանատու եմ, որը ունի համապատասխան ինքնավստահութիւն, որ մեր փրկութիւնը մեր ծրագրերի մէջ է, փրկութիւնը մեր ցոյց տուած ուղղութեան մէջ է եւ դա մենք կարողանում ենք ապացուցել այսօր խօսքով, տրամաբանութեամբ, բայց վաղը վստահ եմ որ կարող ենք ապացուցել նաեւ գործով: Իրականացնելով այդ ծրագիրը` հաւատում եմ, որ գիտակից շերտը, որը ընտրութիւն է կատարում ծրագրերի մէջ, ընտրութիւն է կատարում կազմակերպութիւնների եւ քաղաքական մարդկանց կենսագրութիւնները նկատի ունենալով, գաղափարախօսութիւնը նկատի ունենալով, նրանց կողմից եւս սա համոզում է: Ուղղակի այլ ելք չկայ, բացի այն, որ մենք կարողանանք մեր ժողովուրդին այնպէս կազմակերպել, որ ինքը եւս իր քուէով այդ ծրագրի համար ճանապարհ բացի, քուէին տէր լինի: Ընտրութիւններին ներկայացուած մեր գործունէութեան ծրագիրը ոչ թէ մեր կողմից, շատ-շատերի կողմից, եթէ չասեմ, բոլորի կողմից համարուեց եւ ընդունուեց իբրեւ ամենաճիշդ եւ ամենաիրական քաղաքական գործունէութեան ծրագիր: Բայց մի բան խանգարեց մեզ, քաղաքական պայքարը չգնաց գաղափարական պայքարի հետ միասին, այսինքն` քննութեան նիւթ չդարձան ծրագիրները, գործունէութեան ծրագիրները եւ դա արդէն գիտակցաբար: Գիտակցաբար շատ-շատ ուժեր խուսափեցին այդ պայքարից, որովհետեւ ի սկզբանէ համոզուեցին, որ իրենք պարտուած են այդ պայքարում, դրա համար բոլոր տեսակի քաղաքական բանավէճերը, որոնք կարող էին քննութեան առարկայ դարձնել զանազան կուսակցութիւնների ծրագիրներն ու գործունէութեան ծրագիրները, տեղի չունեցան եւ գրեթէ շատ-շատերը միաբերան խուսափեցին այդ քննարկումներից, որովհետեւ ի սկզբանէ ընդունեցին իրենց պարտութիւնը:
Հ.- «Գանձասար»-ի ներկայ համարով ի՞նչ կը պատգամէք սուրիահայութեան:
Պ.- Սուրիահայութեան համար դժուար օրեր են, դժուար օրերում եթէ մատները չեն միանում, բռունցք չեն դառնում, գլուխ չեն հանում որեւէ գործ: Այսօր մենք պէտք չէ մտածենք դժուարութիւններից փախչելու մասին, մենք պէտք է մտածենք դժուարութիւնները դիմակայելու եւ յաղթահարելու մասին: Պէտք է կողք-կողքի կանգնենք, թիկունք-թիկունքի կանգնենք, իւրաքանչիւր սուրիահայ իրեն սուրիահայութեան մաս զգայ եւ սուրիահայութիւնը իր կարգին իրեն հայ ժողովուրդին մաս զգայ, որպէսզի կարողանանք միասնաբար այս դժուարութիւնը յաղթահարել: Կ՛անցնեն այս օրերը, բայց սուրիահայ գաղութը պէտք է մնայ, պէտք է մնայ կենսունակ, որպէսզի կարողանայ իսկապէս իր տեղն ու դերը ունենալ մեր իրականութեան մէջ:
- 0 Comments
- 198 views
- Tweet
Email
Print



