Խմբագրական. Արցախի Օրինակով
By adminx - Sat Jul 21, 7:56 am
- 0 Comments
- 98 views
- Tweet
Email
Print
Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները համակողմանի ուղերձներ կը պարփակէին: Կարծէք տարբեր մակարդակներու վրայ բոլոր հետեւողները, ընդհանուր առումով, համաձայն են այս ընտրութիւններու հետեւեալ բնութագրային բանաձեւին. «Ազատ, արդար, մրցակցային ընտրութիւններ»: Այստեղ կայ անշուշտ ածանցեալ բանաձեւ ոմանց մօտ, որ իբրեւ տրամաբանութիւն համոզիչ կէտ կը պարփակէ իր մէջ` այս բոլորով հանդերձ «ոչ արդար» ընտրութիւններ:
«Ոչ արդար» բնութագրումը ունի ոչ հաւասար հնարաւորութիւններու օգտագործման տրամաբանութիւնը, այն առումով, որ գործող նախագահը իբրեւ թեկնածու կը տիրապետէ վարչական լծակներուն, զինուորական եւ ուժային համակարգերուն եւ բնականաբար ազդեցութիւն ունի այդ ոլորտներու աշխատակիցներուն եւ բանակայիններու քուէներուն կողմնորոշման վրայ:
Միջազգային կազմակերպութիւններու դէտերու բարձր գնահատականները Արցախի ընտրութիւններուն մասին կարեւոր են ոչ միայն Արցախի ընտրական համակարգի թափանցիկութիւնը ընդգծելու համար: Անոնք, ըստ էութեան, կը նպաստեն Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի գործընթացին: Թափանցիկութիւնը, ժողովրդավարութիւնը, ազատութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ շատ հոլովուած օրինաչափութիւններ են, որոնց ուղղութեամբ գրեթէ կատարեալ ցուցադրութիւն կատարեց Արցախը` իր գործող իշխանութիւններով եւ հասարակութեամբ:
Մրցակցային այն դիմագիծը, որ փորձուեցաւ ցոյց տալ այս ընտրութիւններուն, եղաւ նկատառելի: Այլընտրանքային ծրագիրներու հրապարակումը, բայց մանաւանդ անցնող նախագահական ընտրութիւններու հետ համեմատ հաւաքուած տոկոսային համեմատութիւնը նպաստեց մրցակցային համապատկերի ձեւաւորման: Լուռ ուղերձը այս բոլորին այն էր, որ Արցախը, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանին, ներքին ինքնորոշման, ժողովուրդի ազատ կամարտայայտութեան լիակատար համապատասխանելիութեամբ կ՛իրականացնէր իր պետականաշինարարութեան աշխատանքները:
Համապետական եւ համաժողովրդային գիտակցականութեան բարձր մակարդակ մը ինքզինք կը դրսեւորէր Արցախի բոլոր ընտրատեղամասերուն մէջ քաղաքակիրթ ու ժողովրդավար պետութեան մը համարժէք բոլոր ստորոգելիներով: Ի հակադրութիւն անշուշտ քարիւղի երկրին մէջ տիրող անազատութեան, միանձնեայ կառավարման համակարգին, ընտանեկան բացարձակ իշխանութեան, այլընտրանքային ուժերու նկատմամբ կիրարկուած ճնշամիջոցներու երեւոյթներուն եւ հակաժողովրդավար պետութենէ մը ակնկալուած բոլոր գործառոյթներուն:
Համաարցախեան այս գիտակցութիւնը սակայն միայն արտաքին ճակատին կամ միջազգային հանրութեան չի վերաբերիր: Թէեւ, համընդհանուր համոզում է, որ այս ընտրութիւններուն նման կարգով, եղանակով ու էութեամբ կատարումը կարեւոր քայլ է Արցախի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումի ուղեգիծին ուղղութեամբ:
Ընտրութիւններուն ազատ, արդար, թափանցիկ եւ մրցակցային էութիւն ապահովելը միայն Արցախի համար չէ, որ ռազմավարական եւ հեռանկարային նշանակութիւն ունի: Ընտրութիւնները Հայաստանի Հանրապետութեան համար եւս միեւնոյն խորքայնութիւնը ունին: Մեր երկրին պարագային խնդիրը երեւութական քաղաքակրթուածութիւնը պահելով ինքնավերարտադրողական համակարգի պահպանումով չ՛ամփոփուիր:
Ազատ ու արդար ընտրութիւններու կայացումը` Եւրոպայի հետ համարկումը իր յառաջատար օրակարգի վերածած երկրին համար աւելի քան անհրաժեշտ է: Շրջափակուած, ժողովրդագրական պատկերի սուր տագնապ դիմագրաւող, ընկերային-տնտեսական ճգնաժամի յաղթահարման անմիջական հրամայականին առջեւ գտնուող մեր երկիրը արտաքին ճակատի վրայ բազում մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու անհրաժեշտութեան առջեւ է: Կրկնակի իմաստ կ՛ունենայ ուրեմն հասարակութեան կամքը հարազատօրէն արտայայտող իշխանութիւններու ձեւաւորումը:
Եթէ Արցախը իր առաջնային հիմնահարցին կրնայ ծառայեցնել իր ներքին ընտրութիւնները, ապա Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւս իր ներքին-արտաքին անմիջական մարտահրաւէրներուն յաղթահարման համար կարեւոր քայլ ունի առնելիք: Մեկնակէտը` ժողովուրդի կամքը դրսեւորելու ազատ, արդար, թափանցիկ ու հաւասար մրցակցային հնարաւորութիւններու հիման վրայ համապատասխան միջավայր ստեղծելն է: Ոչ միայն գեղագիտական մակարդակով, այլ նաեւ ըստ էութեան: Արցախի օրինակով:
- 0 Comments
- 98 views
- Tweet
Email
Print



