Համանախագահները Կ՛ընդունին, Որ Լեռնային Ղարաբաղ Կը Փորձէ Ժողովրդավար Կերպով Կազմակերպել Հանրային Կեանքը
By adminx - Sat Jul 21, 7:47 am
- 0 Comments
- 82 views
- Tweet
Email
Print
ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Ռոպըրթ Պրատքէ (Միացեալ Նահանգներ), Իկոր Փոփով (Ռուսիա) եւ Ժաք Ֆոր (Ֆրանսա) Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակեցին:
Համանախագահները կ՛ընդունին այն անհրաժեշտութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի փաստացի իշխանութիւնները կը փորձեն այս հոլովոյթին ճամբով ժողովրդավարօրէն ապահովել բնակչութեան հանրային կեանքը:
Հակառակ ատոր, անոնք կը նշեն, որ համանախագահ երեք երկիրներէն որեւէ մէկը, ոչ ալ որեւէ այլ պետութիւն չեն ճանչցած Լեռնային Ղարաբաղը, իբրեւ անկախ եւ գերիշխան պետութիւն:
Համանախագահները կը շեշտեն, որ 19 յուլիսին տեղի ունեցած ընտրութիւնները որեւէ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական իրաւական կարգավիճակին կամ ղարաբաղեան հարցին մէջ վերջնական խաղաղութեան համաձայնագիրի հասնելու բանակցութիւններու արդիւնքին վրայ:
- 0 Comments
- 82 views
- Tweet
Email
Print



