Նախագահ Սլէյման Ասատին Ցաւակցութիւն Յայտնեց
By adminx - Sat Jul 21, 7:45 am
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ եւ անոր ցաւակցութիւն յայտնեց Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղին հարուածած պայթումին զոհ գացած Սուրիոյ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներուն սպանութեան առիթով:
Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որ նախագահ Սլէյմանի յանձնեց Սէուտական Արաբիոյ Ապտալլա պըն Ապտել Ազիզ թագաւորէն հրաւէր մը` ներկայ գտնուելու յառաջիկայ 14 եւ 15 օգոստոսին Մեքքայի մէջ տեղի ունենալիք իսլամական երկիրներու Դ. վեհաժողովին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-սէուտական յարաբերութիւնները եւ երկկողմանի գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները, ինչպէս նաեւ շրջանային իրադարձութիւնները:
- 0 Comments
- 44 views
- Tweet
Email
Print




