Sunday May 26, 2013

Պըրրի Լարիժանիէն Ստացաւ Նամակ Մը

By adminx - Sat Jul 21, 7:44 am

Դեսպան Ապատի եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատին, որ Պըրրիի յանձնեց Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանիէն նամակ մը, որուն մէջ վերջինս կը շնորհաւորէր 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին վեցամեակը:

Լարիժանի իր նամակին մէջ դրուատած էր անհաւասար այս կռիւին արձանագրուած հսկայ յաղթանակը: «Այդ փառաւոր յաղթանակը, որ իրականացաւ Դիմադրութեան մարտիկներուն նահատակութեամբ, լիբանանցիներուն պայքարով եւ միասնականութեամբ, յաղթանակներուն սկիզբն է միայն, որովհետեւ անոր պիտի յաջորդեն աւելի մեծ յաղթանակներ», նշուեցաւ նամակին մէջ:

Հանդիպումէն ետք Ապատի յայտնեց, որ Պըրրիի հետ քննարկած է լիբանանեան-իրանեան երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Ուաշինկթընի մէջ Լիբանանի դեսպան Անթուան Շտիտ:

 

Leave a Reply

Advertisement