Ժոմպլաթ Կը Մերժէ Ռաատի Այն Յայտարարութիւնը, Թէ Լիբանանի Ազատագրումէն Առաջ Անկարելի Է Հըզպալլայի Ապազինումը
By adminx - Sat Jul 21, 7:43 am
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print
Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մերժեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը ազատագրելէ առաջ կը մերժեն Հըզպալլան ապազինել:
Լիբանանի մէջ գործող արաբական օրաթերթերու լրագրողներուն հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Ժոմպլաթ յայտնեց, որ անտրամաբանական է, որ կուսակցութիւն մը երկիրը ազատագրէ եւ ապա միանայ երկրին պետութեան:
Ան կոչ ուղղեց Լիբանանի կառավարութեան ընդունելու Լիբանան ժամանող հազարաւոր սուրիացի գաղթականները:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Դամասկոսի մէջ գտնուող Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին պայթումը չի նշանակեր, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ պիտի լքէ երկրին իշխանութիւնը:
Ժոմպլաթ շեշտեց Սուրիական ազատ բանակին զինման անհրաժեշտութիւնը:
Այս ծիրին մէջ ան կոչ ուղղեց Ժապալ Արապի բնակչութեան միանալու յեղափոխութեան եւ մաս կազմելու Սուրիական ազատ բանակին:
- 0 Comments
- 42 views
- Tweet
Email
Print



