Tuesday May 21, 2013

Վարչապետ Միքաթի Այցելեց Միւֆթի Շաարի

By adminx - Sat Jul 21, 7:40 am

Միւֆթի Շաար եւ վարչապետ Միքաթի

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ այցելեց Թրիփոլիի եւ հիւսիսային Լիբանանի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարի, որ ցաւ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կրակոցները դարձեալ թափ ստացած են, առանց որեւէ յստակ դրդապատճառի:

Շաար շեշտեց, որ ինք կարճ հանդիպում մը ունեցած է բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի հետ եւ անկէ իմացած, որ բանակը ձեռնածալ պիտի չմնայ օրինազանցներուն եւ զինեալներուն դէմ, այլ պիտի հակադարձէ կրակոցներուն` պահպանելու համար երկրին ապահովական կայունութիւնը:

Շաար աւելցուց, որ զօր. Քահուաժի զինք տեղեակ պահած է, թէ բանակը կապեր հաստատած է նաեւ զինեալներուն եւ զինեալ բախումներուն մաս կազմող տարբեր կողմերուն հետ ու անոնց փոխանցած բանակին որոշումը` կրակողներուն հակադարձելու գծով:

«Աքքարի մէջ բանակին տեղակայումը երբեք դիւրին աշխատանք մը չէր, ընդհակառակն` այդ աշխատանքը գրեթէ անկարելի էր, սակայն ի վերջոյ կարելի եղաւ կառավարութեան կողմէ այդ որոշումը տալ», ըսաւ միւֆթի Շաար:

Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի յայտնեց, որ մինչ լրատուամիջոցները լուսարձակի տակ կ՛առնեն երկրին հարցերն ու բախումները եւ իրերայաջորդ միջադէպերը, խաւարի մէջ կը մնան կառավարութեան որդեգրած միջոցառումները` երկրին ապահովական կայունութեան պահպանումին եւ Լիբանանի բարգաւաճման նպատակով:

Վարչապետ Միքաթի այս առումով շեշտեց, որ Թրիփոլիի մէջ կան շարք մը ծրագիրներ, որոնք ուղղակիօրէն կապուած են երկրին բարգաւաճման:

Քաղաքական առումով վարչապետ Միքաթի շեշտեց, որ Լիբանան ալեկոծ հանգրուան մը կ՛ապրի եւ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դնել, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը հանդարտ եւ խաղաղ պահել, ինչպէս նաեւ զայն հեռու պահել վտանգներէ եւ իրարանցումէ:

Սուրիոյ տագնապին ակնարկելով` վարչապետը հաստատեց, որ Լիբանան որոշած է պահպանել այդ տագնապէն չէզոք մնալու իր քաղաքականութիւնը` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի եւ Սուրիոյ միջեւ կան միացեալ շահեր եւ աշխարհագրական ու ընկերային կապեր, որոնք այս հանգրուանին ապագան տակաւին անորոշ կը պահեն:

«Դժուարութիւնները իսկական են, եւ անհրաժեշտ է անոնց դէմ պայքարիլ տարբեր ձեւերով եւ բոլորին միասնականութեամբ», ըսաւ ան:

Հանդիպում` Թուրք Դեսպանին Հետ

Միւս կողմէ, Շաար նախանցեալ օր իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Սուրիոյ զարգացումներն ու Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները ազատ արձակելու առումով թրքական ներդրումին մանրամասնութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ Թուրքիա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` Սուրիոյ մէջ առեւանգուած լիբանանցիները կարելի եղածին չափ շուտ տուն վերադարձնելու:

Թուրք դեսպանը ընդգծեց նաեւ, որ Թուրքիա շահագրգռուած է Լիբանանի ազգային միասնականութիւնը պահպանելու իմաստով:

Անդրադառնալով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի այն կոչին, թէ Լիբանանի համայնքներուն միջեւ պէտք է արժանապատուութեան ուխտ մը ստորագրուի, Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ ինք կը մաղթէր նաեւ, որ այդ ուխտը ունենար երկրորդ բաժին մը, որ ուղղակի կ՛առնչուի ներքին առումով զէնքին օգտագործումը արգիլելուն:

 

Leave a Reply

Advertisement