Wednesday Jun 19, 2013

«Ելեկտրականութեան Տագնապը Պիտի Վատթարանայ» Շեշտեց Պասիլ

By adminx - Sat Jul 21, 7:36 am

Նախարար Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած ելեկտրականութեան տագնապը պիտի վատթարանայ` աւելցնելով, որ ինք եւս կը տառապի այդ իրավիճակէն:

«Երէկ կնոջս տարեդարձն էր եւ անոր բարեկամները փափաքեցան անակնկալ մը կազմակերպել ու նշել անոր տարեդարձը, սակայն ելեկտրական հոսանքի տագնապին պատճառով բոլորս տան մէջ չմնացինք», ըսաւ ան:

Պասիլ ըսաւ, որ Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցը երկիրը անդունդն ի վար կը գլորէ:

Ան հաստատեց, սակայն, որ լիբանանեան ջուրեր ժամանելիք թրքական նաւերը 260 մեկաուաթ ելեկտրական հոսանք պիտի արտադրեն, եւ այդ քանակը պէտք է լիբանանեան բոլոր շրջաններուն  հաւասարապէս բաժնուի:

Leave a Reply

Advertisement