Wednesday May 22, 2013

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

By adminx - Sat Jul 21, 7:29 am

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Սլէյման եւ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունեցան նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ եւ շնորհաւորեցին զայն ռամատանի առիթով:

ՌՈՒՍԱԿԱՆ «Քոմերսանթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Պուլկարիոյ պայթումին մէջ Հըզպալլայի մատնահետքեր նշմարելու պարագային Իսրայէլ Լիբանանի դէմ յարձակում պիտի շղթայազերծէ:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը կառավարութենէն պահանջեց պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն աշխատանքները չքաղաքականացնել եւ դիմադրել երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին:

ՄԱԿ-Ի տուեալներով, 24 ժամուան մէջ 30 հազար գաղթական Սուրիայէն հասած են Լիբանան:

«ՄԱՆԱՐ» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, երէկ երեկոյեան զինեալներ փակած են Թրիփոլին Աքքարին միացնող բոլոր ճամբաները` իբրեւ բողոք ելեկտրական հոսանքին անջատման դէմ:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ քաղաքական խորհուրդի նախագահ Մահմուտ Քումաթի յայտնեց, որ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին յաղթանակը ապահովող հիմնական տուեալներէն մէկն է Դիմադրութեան հեռաձայնային հաղորդակցութեան ցանցի դրութիւնը:

ԲՐԻՏԱՆԱԿԱՆ «Ինտիփենտընթ» օրաթերթին համաձայն, հակառակ այն իրականութեան, որ Պուլկարիոյ պայթումը Իրանի եւ Հըզպալլայի մատնահետքերը կը կրէ, Իսրայէլ անոնց դէմ պատերազմ պիտի չսանձազերծէ:

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ատնան Մանսուր յայտնեց, որ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին արտերկրի լիբանանցիները պիտի քուէարկեն, հետեւաբար պէտք է սկսին նախարարութեան մօտ իրենց անունները արձանագրել մինչեւ տարեվերջ:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման Ազգային երկխօսութեան նիստին վերջ պիտի չտայ:

«ՍԱՖԻՐ» օրաթերթին համաձայն, Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ Ռապիէի ու Այն Թինէի ուղղութեամբ նախաձեռնութիւն մը առաջադրած է եւ այդ նպատակով հանդիպումներ ունեցած է խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի ու Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերէն, յայտնեց, որ Ազգային երկխօսութեան նիստը պոյքոթի ենթարկելու որոշումը սէուտական հովանաւորութիւն կը վայելէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ, ակնարկելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի ճառին, ըսաւ. «Կը փափաքէինք, որ մեր հակառակորդին ճառը աւելի բարձր մակարդակի ճառ մը ըլլար»:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ բարենորոգման շարժումի ընդհանուր քարտուղար Անթուան Հատտատ յայտնեց, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը մտահոգ են, որ 2006-ի պատերազմին նման պատերազմ մը սանձազերծուի Լիբանանի դէմ:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պութրոս Հարպ յայտնեց, որ իր դէմ գործուած մահափորձին առումով կասկածելի մը կը մերժէ հարցաքննութեան ներկայ գտնուիլ` պատճառաբանելով, որ ինք Հըզպալլայի անդամ է:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան նիստը փաստած է, որ Հըզպալլա անլուրջ է իր ապազինման առումով:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ Տերեք Փլամպլի յայտնեց, որ միջազգային մտահոգութիւն կայ, որ Սուրիոյ կացութիւնը կրնայ ազդել հարաւային Լիբանանի կայունութեան վրայ:

 

Leave a Reply

Advertisement