Thursday Jun 20, 2013

«Ամերիկա Իսրայէլի Ապահովութիւնը Երաշխաւորելու Համար Կարելի Ամէն Բան Պիտի Ընէ» Յայտարարեց Օպամա

By adminx - Sat Jul 21, 7:28 am

Նախագահ Պարաք Օպամա

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտնեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ, ըլլայ այդ Սուրիոյ մէջ թէ այլուր, տիրող անորոշ կացութեան լոյսին տակ ներկայ ժամանակը կը պահանջէ Իսրայէլի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար կարելի ամէն բան ընել:

Օպամա նախագահական ընտրապայքարի ծիրին մէջ Ֆլորիտա նահանգի Ուեսթ Փալմ Պիչին մէջ բազմութեան մը առջեւ իր արտասանած ճառին մէջ յայտնեց. «Իսրայէլի կողքին կանգնեցանք ընդդէմ քննադատութեանց, եւ չէ պատահած, որ մեր բանակներն ու գաղտնի սպասարկութիւնները այնքան իրարու մօտիկ ըլլան, որքան ներկայիս»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահը շեշտեց, որ «ներկայիս Իսրայէլի ապահովութիւնը պաշտպանելու համար կարելի ամէն բան ընելը երաշխաւորելու ժամանակն է, եւ կ՛ուզեմ, որ գիտնաք, թէ այս հարցը պէտք է կուսակցական սահմանները շրջանցէ»:

Leave a Reply

Advertisement