Ապահովութեան Խորհուրդին Մէջ Արեւմտեան Բանաձեւի Քուէարկութեան Պատկերին Շուրջ Մեկնաբանութիւնները Կը Շարունակուին
By adminx - Sat Jul 21, 7:26 am
- 0 Comments
- 38 views
- Tweet
Email
Print
Մոսկուա յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութիւնը 45 օրով երկարաձգելուն կը զօրակցի: Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կենատի Կաթիլով յայտարարեց, որ Ռուսիա զօրավիգ կը կանգնի Սուրիոյ շուրջ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած փաքիստանեան բանաձեւին` նշելով, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութեան 45 օրով երկարաձգման կը զօրակցի:
«Բանաձեւին պիտի զօրակցինք, որովհետեւ փաքիստանեան կողմին հետ ատոր բանաձեւման մասնակցեցանք», ըսաւ ան:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութենէն բանբեր մը իր կարգին «Ահրամ»-ին յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ միջազգային դէտերու առաքելութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ներկայ զարգացումներուն լոյսին տակ կարելի չէ մէկ ամիսէն աւելի երկարաձգել»:
Բանբերը բուռն կերպով դատապարտեց Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Սուրիոյ շուրջ Արեւմտեան բանաձեւը տապալելու քայլը` աւելցնելով, որ «դէտերու առաքելութիւնը չի կրնար անժամկէտ մնալ»:
ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին «Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Ռուսիա կ՛ենթարկուի տեղեկատուական պատերազմի մը, որուն մէջ լուսարձակները կը կեդրոնացուին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ օգտագործած վեթոյին վրայ, երբ Միացեալ Նահանգներ այդ իրաւասութիւնը բազմիցս օգտագործած են պաղեստինեան դատին վերաբերեալ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ վերջերս արձանագրուած մագլցումի պատասխանատուութիւնը Ռուսիոյ ուսերուն բեռցնելը լկտի ամբաստանութիւն մըն է` նշելով, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան դէմ կատարուած յարձակումին նկատմամբ Արեւմուտքի կեցուածքը միջազգային ահաբեկչութեան քաջալերանք է:
Ան Արեւմուտքին կոչ ուղղեց` Սուրիոյ մէջ կռիւները դադրեցնելու համար ըմբոստներուն վրայ ճնշում բանեցնելու:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ վեթոյի օգտագործումին նկատմամբ յուսախաբութիւն յայտնեց: «Այնպիսի պահու մը, երբ Սուրիոյ մէջ կացութիւնը օրէ օր աւելի ողբերգական կը դառնայ, Ապահովութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ գտնուող բանաձեւի 11 թեր քուէներուն դէմ զինական-ռուսական վեթոյին օգտագործումը, ինչպէս նաեւ այն իրողութիւնը, որ վեթոն երրորդ անգամ ըլլալով Սուրիոյ շուրջ բանաձեւի մը դէմ կ՛օգտագործուի, յուսախաբութիւն կը պատճառէ», ընդգծեց Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն իր կարգին յայտնեց, որ «Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ Սուրիոյ շուրջ որոշումի չհրապարակուիլը յուսախաբութիւն կը պատճառէ»: Ան ըսաւ, որ «կացութիւնը վտանգաւոր եւ դժուար է, իսկ միջազգային ընտանիքը սուրիացի ժողովուրդը պաշտպանելու յստակ պատասխանատուութիւն մը ունի եւ յստակ է, որ սուրիական կառավարութիւնը ձախողած է զանոնք պաշտպանել»:
Քի Մուն վստահեցուց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան ջանք պիտի չխնայէ սուրիացի ժողովուրդի արդար ձգտումները բաւարարող ժողովրդավարական խաղաղ փոփոխութեան մը ճամբով բռնարարքներուն ու մարդկային իրաւանց խախտումներուն վերջ տալու:
Անան իր կարգին յուսախաբութիւն յայտնեց ներկայ նուրբ հանգրուանին Ապահովութեան խորհուրդին մէջ տիրող անմիասնակամութեան եւ սուրիական տագնապի շուրջ ուժեղ ու համակարգուած որոշում մը չորդեգրուելուն համար: Ան ընդգծեց, որ «խորհուրդին ձայնը աւելի ուժեղ պիտի ըլլայ, եթէ անոր անդամները միաձայն խօսին»:
Ապահովական գետնի վրայ, մինչ Սուրիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարը «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ գետնի վրայ կացութիւնը շատ լաւ է եւ «մօտիկ ապագային ուրախ լուրեր պիտի հաղորդուին», Սուրիական ազատ բանակի հրամանատար Ռիատ Ասաատ յայտնեց, որ մօտ օրէն Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող ճակատումներուն վերջաւորութեան զերօ ժամը պիտի յայտարարէ:
Մինչ այդ, Փարիզի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Օրլով «Ֆրանս Ինթեր» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ համաձայն գտնուած է իշխանութենէն հեռանալու, սակայն քաղաքակիրթ ձեւով: Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարարութիւնը հերքեց այդ լուրը` յայտնելով, որ դեսպանին խօսքերը լրատուամիջոցներուն կողմէ աղաւաղուած ձեւով ներկայացուած են: Դեսպանը նշած էր, որ Ասատ Ժընեւի ժողովէն բխած հաղորդագրութիւնը ընդունելով` ձեւով մը ընդունած եղաւ իշխանութենէն հեռանալ, սակայն քաղաքակիրթ ձեւով:
Սուրիական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիի ղեկավար Հիշամ Պախթիար իր ստացած ծանր վէրքերուն պատճառով մահացած է: Մինչ այդ, երէկ տեղի ունեցաւ նշեալ գրասենեակին դէմ տեղի ունեցած յարձակումին զոհ գացած պետական պաշտօնատարներու թաղումը, որուն, ըստ «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին, մասնակցած է Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ, իսկ ըստ «Մանար» պատկերասփիւռի կայանին, Սուրիոյ նախագահին եղբայրը` Մահեր Ասատ, որուն մասին հաղորդուած էր, որ յարձակումին արձանագրուած ծանր վիրաւորներու շարքին է:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Փաթրիք Վենթրել պատկերասփռուած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն Սուրիոյ մէջ տարբեր ճամբաներով պայքարիլ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան համար: Ան նշած է, որ ՄԱԿ-ը Միացեալ Նահանգներու ռազմավարութեան միայն մէկ մասն է, սակայն Միացեալ Նահանգներ կ՛աշխատին նաեւ հարիւր այլ երկիրներու` «Սուրիոյ բարեկամներ»-ու հետ:
Ան ափսոսանք յայտնած է ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ քուէարկութեան պատկերին համար: Պատասխանելով Միացեալ Նահանգներու հետագայ քայլերուն մասին հարցումի մը` ան ըսած է, որ Ռուսիա ստորագրած է ժընեւեան համաձայնութիւնը եւ ռուսերը կը պնդեն, որ իրենք դէմ չեն իշխանութեան փոփոխութեան: «Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն օգտագործել բոլոր քայլերը, զորս Ռուսիա պիտի չարգելափակէ, որպէսզի շարունակենք աշխատանքը Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութեան համար», ըսած է ան:
Վենթրել նշած է, որ իրենք շատ զգուշութեամբ կը պատրաստեն հետագայ քայլերը: «Ասատ պէտք չէ իշխանութեան վրայ մնայ: Եւ մենք կ՛աշխատինք պատրաստ ըլլալ բոլոր հաւանական դիպաշարերուն: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ընդդիմութեան, որ ունի նախագիծ` իշխանութեան գալէ ետք իրագործելու համար: Մենք կ՛ուզենք յառաջ շարժիլ` նոր Սուրիոյ կառուցման ուղղութեամբ», ըսած է ան:
- 0 Comments
- 38 views
- Tweet
Email
Print




