Friday May 24, 2013

Ինչո՞ւ Պէտք Է Պահպանենք Մեր Ովկիանոսները

By adminx - Sat Jul 21, 5:32 am

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Որովհետեւ անոնք կը գրաւեն երկրագունդի մակերեսին 70 առ հարիւրը: Զանոնք պահպանելով` մենք մեր մոլորակը կը պահպանենք:

Ովկիանոսը…

  • … Ուտելիքի պահեստի մեծ շտեմարան մըն է:

Մէկ միլիառ անձ, այսինքն` վեց բնակիչի վրայ մէկ անձ, կախեալ է ովկիանոսներէն` ապահովելու համար միսի իր օրական ուտեստը:

  • Գանձեր կը պարունակէ:

Ովկիանոսներուն խորքը իսկական հանք մըն է հազուագիւտ նիւթերու եւ արժէքաւոր մետաղներու… Ովկիանոսներէն կը հասնին նաեւ քարիւղի միջազգային արտադրութեան 30 առ հարիւրը:

  • … Կ՛ապսպրէ ուրիշ կեանք մը:

Ծովային խորութիւններուն 80 առ հարիւրը կը գտնուի աւելի քան 2000 մեթրէն վար: Մարդիկ երկար ժամանակ մտածած են, թէ այս անմատչելի վայրերը կենսաբանական հասկացողութեամբ անապատներ էին: Սակայն մօտաւորապէս երեսուն տարիներ առաջ գիտնականները հոն գտած են կեանքով լեցուն ովկիանոսներ, շրջող տաք ջուրերու աղբիւրներ: Այս «ծխնելոյզներուն» շուրջ, ուրկէ եռացած, տարբեր նիւթերով, մեթանով եւ բնածխական կազով հարուստ ջուր մը կը հոսի, կ՛աճին շատ տոկուն մանրէներ, որոնք կրնան աճիլ առանց լոյսի, քիմիական մասնիկներու շնորհիւ, կամ նոյնիսկ` դարմանել իրենց ԱՏՆ բջիջային նիւթը: Մարդիկ կրնան ուսումնասիրել եւ օգտագործել այս կենդանի էակները քաղցկեղին կամ ծերութեան դէմ դարմանումներ պատրաստելու մասին մտածելու համար:

  • Անծանօթ տեսակներու հսկայական ամբար մըն է:

Բուստերով ծածկուած ջուրերուն մէջի ժայռերը կազմուած են խումբով ապրող հարիւր հազարաւոր մանր անասուններով: Այս անհաւատալիօրէն հարուստ միջավայրերը կը գրաւեն ովկիանոսներուն մակերեսին միայն 1 առ հարիւրը: Սակայն մասնագէտները մինչեւ հիմա հոն գտած են աւելի քան 250 հազար ծովային էակներու տեսակներ: Այսինքն` ծովային էակներու ենթադրուած 750,000 -1,250,000 տեսակներուն մէկ քառորդը:

  • … Կլիման կը կանոնաւորէ:

Արեւադարձային շրջաններուն մէջ արեւէն ստացած տաքութիւնը ամբարելով եւ ըստ հոսանքներու, զայն  դէպի բարեխառն շրջանները փոխադրելով` ովկիանոսը կ՛օգնէ, որ մեր մոլորակը բնակելի դառնայ: Ան կը ծծէ նաեւ մարդուն կողմէ մթնոլորտին մէջ արձակուած բնածխական կազը` նուազեցնելով այս վնասակար կազին ազդեցութիւնը մեր կլիմային վրայ:

 

Ովկիանոսներու Ապականումը

Ուրկէ՞ կու գայ ովկիանոսներուն ապականումը

- 75 առ հարիւրը` ցամաքէն
- 15 առ հարիւրը` ծովէն
- 5 առ հարիւրը` օդէն
- 5 առ հարիւրը` ընկղմած նաւերէն թափուած քարիւղէն, ծովուն մէջ ապօրինի կերպով թափուած նիւթերէն:

Ծովափները ապականող աղբերը

- 34 առ հարիւրը` ծխախոտի մնացորդներ
- 14 առ հարիւրը` կերպընկալէ տոպրակներ
- 9 առ հարիւրը` շիշի կափարիչներ
- 9 առ հարիւրը` ուտելիքի ծրարումներ
- 7 առ հարիւրը` կերպընկալէ շիշեր
- 6 առ հարիւրը` ըմպեղէգներ (շալիմօ)
- 6 առ հարիւրը` թուղթէ տոպրակներ
- 5 առ հարիւրը` ապակիէ շիշեր
- 5 առ հարիւրը` փիքնիքի պնակեղէն
- 4 առ հարիւրը` խմիչքի թիթեղներ

Որքա՞ն ժամանակ կ՛ապրին մեր աղբերը

- Ծրարումի խաւաքարտ` 4 ամիս
- Ծխախոտի ծայր` 1 – 2 տարի
- Կերպընկալէ տոպրակ` 450 տարի
- Խմիչքի թիթեղ` 200 – 500 տարի
- Կերպընկալէ շիշ` 1000 տարի
- Ապակիէ շիշ` 4000 տարի

Կերպընկալէ Ցամաքամաս Մը

Խաղաղական ովկիանոսին հիւսիսը ծովային հոսանքները իրենց հետ կը բերեն միլիոնաւոր թոներով կերպընկալէ աղբեր…

Շիշի կափարիչներ, կերպընկալէ տոպրակներ, միլիառաւոր կերպընկալի պզտիկ կտորներ կը ծփան աշխարհի տարածքին վրայ բոլոր ծովերուն մէջ: Սակայն Խաղաղական ովկիանոսին հիւսիսը անոնք կեդրոնացած են ծովային հոսանքներուն պատճառով եւ կը կազմեն հսկայական կերպընկալէ «ցամաքամաս» մը, Ֆրանսայի տարածքէն վեց անգամ աւելի մեծ:

Այս շրջանը գտնուած է 1999-ին, նաւապետի մը` Չարլզ Մուրի կողմէ:

Աղբերու այս տարածքը անուանուած է 7-րդ ցամաքամասը: Սակայն արբանեակները չեն կրնար զայն տեսնել: Անոր գոյութիւնը կարելի է նշմարել միայն նաւէ մը:

Մաքրելը` Անկարելի

Այս աղբերու կոյտը մաքրելը անկարելի է, որովհետեւ ան կազմուած է գլխաւորաբար կերպընկալի շատ մանր կտորներէ, որոնք կը ծփան մինչեւ 30 մեթր ջուրին խորերը: Ասիկա պատճառներէն մէկն է, որ կարելի չէ զայն մաքրել:

Չարլզ Մուրի հարցուցած են, թէ նման աշխատանք մը կարելի՞ է, ան պատասխանած է` «Սահարայի անապատը մաղէ անցընելու նման պիտի ըլլայ»:

Միակ լուծումը այս վիճակը փոխելու համար` կերպընկալէ աղբեր ծովուն մէջ չնետելն է: Եւ այս որոշումը հիմակուընէ արդէն պէտք է սկսիլ գործադրել: Նոյն տեսակի աղբերու տարածք մը նշմարուած է նաեւ Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ

  • 1990 թուականին «Հանսա քարրիեր» բեռնատար նաւը ծովուն մէջ կը կորսնցնէ «Նայքի» վաճառանիշով 80 հազար կօշիկներ:
  • 1992 թուականին ուրիշ բեռնատար նաւ մը ծովուն մէջ կը կորսնցնէ 30 հազար կերպընկալէ դեղին բադիկներ, կապոյտ կրիաներ եւ կանաչ գորտեր:
  • Դժբախտաբար, որովհետեւ կերպընկալէ այս տարածքը կը գտնուի միջազգային ջուրերուն մէջ, ոչ մէկ երկիր զայն մաքրելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուի:

Խխունջներու Ախոյեանութիւն

Խխունջներու մրցումը մարզաձեւ մըն է, որուն ընթացքին խխունջներ կը մասնակցին «վազքի» մրցումի մը:

Աշխարհի շուրջ բազմաթիւ նման մրցումներ կը կազմակերպուին, սակայն անոնց մեծ մասը տեղի կ՛ունենայ Անգլիոյ տարածքին:

Այս տարի ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր` շաբաթ, 21 յուլիսին, Նորֆոլքի մէջ, Մեծն Բրիտանիա:

Աւելի քան 25 տարիներէ ի վեր կազմակերպուող այս մրցումները տեղի կ՛ունենան կլորակ «դաշտի» մը վրայ, կլոր սեղան մը, ծածկուած խոնաւ ծածկոցով մը` խխունջներու տեղափոխումը դիւրացնելու համար:  Խխունջները կ՛ընթանան կեդրոնէն եւ պէտք է հասնին 33 սմ տրամագիծ ունեցող շրջանակին ծայրը: Օրէնքները շատ խիստ են. արգիլուած է անասուններուն դպնալ, երբ անոնք շրջանակին կեդրոնը զետեղուին: Խխունջները իրարմէ զանազանելու համար անոնց իւրաքանչիւրին կը տրուի թիւ մը, որ կը փակցուի կամ կ՛արձանագրուի անոր պատեանին վրայ:

Խխունջի օրագրութեան մրցանիշը կը պատկանի Արչիին, որ 1995 թուականին մրցումը վերջացուցած է 2 վայրկեանէն:

Եւ ինչպէս միշտ, ախոյեան խխունջը եւ անոր տէրը մրցումի վերջաւորութեան ստացած են աղցանի տերեւներով լեցուն բաժակ մը:

Անհաւատալի, Բայց Իրա՛ւ

  • Հնդկաստանի մէջ կին մը 123 ժամ եւ 15 վայրկեան պարեց առանց դադարի:
  • Մինչ այր մարդ մը իր ձեռքերուն վրայ քալելով` անցաւ Վիեննայէն (Աւստրիա), Փարիզ (Ֆրանսա): Իր այս ճամբորդութիւնը տեւեց 55 օր:
  • Յուլիոս Կեսարը հսկայական խրախճանքներ կը կազմակերպէր Հռոմի փողոցներուն մէջ, ուր մինչեւ 22 հազար սեղաններ ուտելիքով լեցուած կ՛ըլլային:
  • Եթէ 28 միլիոն տասը տարեկան տղաք ձեռք ձեռքի տային, անոնք կրնային երկրագունդին շուրջ դառնալ:
  • Օրական աշխարհի վրայ տեղի կ՛ունենան մօտաւորապէս 50 երկրաշարժեր: Սակայն անոնց մեծ մասը այնքան տկար է, որ մենք չենք զգար:
  • Երկրագունդին մէկ վեցերորդը երկաթէ կազմուած է:
  • Վերջին 5 վայրկեաններուն ընթացքին երկրագունդը կտրեց աւելի քան 8000 քմ:
  • Կերպընկալէ աղբերուն խելացի կերպով վերագործարկման հարցին շուրջ հետաքրքրութիւն արթնցնելու համար խումբ մը մասնագէտներ Քալիֆորնիայէն (Միացեալ Նահանգներ)  Սիտնի (Աւստրալիա) գացած են 12,500 կերպընկալէ շիշերէ շինուած նաւով մը:
  • Փոքրերը կրնան լսել կարգ մը ձայներ, զորս չափահասներ չեն  կրնար լսել:
  • Ամէն տարի մօտաւորապէս 50 անձեր ձմեռը կ՛անցընեն հարաւային բեւեռի շրջանին մէջ:

Ժամանց

 

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող ութ տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող երկու կերպարները:

Կրնա՞ս գտնել աւազէ պալատին հասցնող ճամբան:

Կրնա՞ս թիւերը տեղաւորել տախտակին մէջ իրենց համապատասխանող տեղերը:


Leave a Reply

Advertisement