Thursday Jun 20, 2013

Հայաստանի Կառավարութիւնը Փակ Նիստով Քննարկած Է Սուրիահայերուն Հարցերը

By adminx - Fri Jul 20, 7:53 am

19 յուլիսին Հայաստանի կառավարութիւնը փակ նիստով քննարկած է սուրիահայերուն առնչուած խնդիրներ: Այս մասին news.am լրատուական կայքէջին յայտնած է Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան: Անոր համաձայն, կարգ մը նախարարներու արդէն համապատասխան յանձնարարականներ տրուած են:

Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարար Արտեմ Ասատրեան ըսած է, որ ստեղծուած է աշխատանքային խումբ` նախարարութեան աշխատակիցներուն մասնակցութեամբ: Անոր պարտաւորութիւնը պիտի ըլլայ աշխատանք ապահովելու հարցերուն լուծում տալ:

Leave a Reply

Advertisement