Thursday May 23, 2013

Նախագահական Ընտրութիւններ` Արցախի Մէջ. Ընտրութեան Մասնակցեցան Քուէարկողներուն 73 Առ Հարիւրը

By adminx - Fri Jul 20, 7:50 am

Բակօ Սահակեան

Երէկ Արցախի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունեցան նախագահական ընտրութիւններ:

Արցախի Հանրապետութեան գործող նախագահ Բակօ Սահակեան երէկ քուէարկեց Ստեփանակերտի թիւ 24 ընտրատեղամասին մէջ:

Նախագահ Բակօ Սահակեան կարեւոր նկատեց ընտրութիւններուն դերը Արցախի Հանրապետութեան կեանքին մէջ` աւելցնելով, որ անոնք ցոյց կու տան երկրին մէջ ժողովրդավարութեան իրական աստիճանը, Արցախի հաւատարմութիւնը միջազգային չափանիշերուն եւ ցուցանիշերուն:

Բակօ Սահակեանի կարծիքով` այս անգամ եւս Արցախի մէջ յաջողած են բարձր մակարդակով եւ միջազգային չափանիշերուն համապատասխան իրականացնել նախընտրական քարոզարշաւը` բոլորին համար հաւասար պայմաններով` ազատ ու թափանցիկ:

Վիթալի Բալասանեան

Ինչ կը վերաբերի իր ընտրութեան` գործող նախագահը նշեց, որ իր քուէն տուած է միասնութեան, միացեալ աշխատանքի, հզօր եւ անկախ պետութեան կառուցման օգտին:

Երէկ ժամը 21:00-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով) Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Ռաշիտ Պետրոսեան հրապարակեց յանձնախումբի հաղորդագրութիւնը` Արցախի Հանրապետութեան 2012 թուականի նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութեան ընթացքին մասին` ժամը 20:00-ի դրութեամբ:

Ըստ որուն` Արցախի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն մասնակցած է 72.833 մարդ, այսինքն` ընտրողներուն 73.43 առ հարիւրը:

Արկադի Սողոմոնեան

Յիշեցնենք, որ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի պաշտօնին համար կը մրցին երեք թեկնածու` գործող նախագահ Բակօ Սահակեան, Արցախի Հանրապետութեան հերոս Վիթալի Բալասանեան եւ Հայաստանի գիւղատնտեսութեան համալսարանի Արցախի մասնաճիւղի ուսումնական գծով փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան:

Միջազգային Դէտեր Բարձր Կը Գնահատեն
Ղարաբաղի
Թափանցիկ Ընտրութիւնները

Աշխարհի տարբեր երկիրներէ դիտորդական առաքելութիւն կատարելու նպատակով Լեռնային Ղարաբաղ կը գտնուին 81 միջազգային դէտեր, որոնք հետեւեցան նախագահական ընտրութիւններուն, իսկ անոնցմէ ոմանք լրագրողներու հետ ունեցած իրենց զրոյցներուն ընթացքին փոխանցեցին իրենց տպաւորութիւնները:

Սովորական քաղաքացիներու կուսակցութեան առաջնորդ, »Սթափ իսլամայզէյշըն աֆ Եուրոփ« միջազգային կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ, Պուլկարիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Փաւել Չերնեւ դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին նոյնիսկ ամէնէն փոքր գիւղերուն մէջ ընտրակեդրոնները յագեցած են համապատասխան պարագաներով եւ պայմաններով:  »Ինչպէս հիւսիսի, այնպէս ալ հարաւի մէջ նախընտրական քարոզարշաւը հանգիստ կ՛ընթանայ: Ունիմ այն տպաւորութիւնը, որ ընտրութիւնները մաքուր եւ թափանցիկ են«, նշած է ան:

Աւստրիացի դէտ, Միութիւն յանուն Աւստրիոյ ապագայի կուսակցութեան միջազգային հարցերու բաժանմունքի համակարգող Ալեքսանտր Շտելզլ իր կարգին յայտնեց, որ տեղւոյն բնակիչները չեն կասկածիր ընտրութիւններուն արդար ըլլալուն վրայ, ինչ որ օրինականութիւն կու տայ իշխանութիւններուն եւ անոնց տալիք որոշումներուն:

Կիպրոսի դէտ Եանիս Խարալամփիտիս ըսաւ, թէ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահի ընտրութիւնները տեղի ունեցան պատշաճ մակարդակի վրայ:  Ըստ անոր, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական հաստատութիւններու ամրապնդման եւ աճի դրական յառաջընթաց կը նկատուի, իսկ այս ընտրութիւնները այդ երեւոյթին լաւագոյն վկայութիւնն են:

»Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարութիւնը կը զարգանայ:  Պէտք է շարունակել այս գծով տարուող բարեփոխման աշխատանքները, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի  էական արդիւնքներու հասնիլ«, նշեց ան:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերի ազրպէյճանական այն յայտարարութիւններուն նկատմամբ, թէ Ղարաբաղ այցելող եւ ընտրութիւններուն հետեւող միջազգային գործիչները իր »սեւ ցանկ«-ին վրայ են, կիպրացի դէտը յայտնեց, որ այդ հարցը ոչ մէկ իմաստ ունի իրեն համար:

 

Leave a Reply

Advertisement