Wednesday Jun 19, 2013

«Ընտրութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի Կարգավիճակի Փոփոխութեան Պէտք Չէ Յանգեցնէ» Կ՛ըսէ Էշթըն

By adminx - Fri Jul 20, 7:48 am

Քեթրին Էշթըն

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բարձր ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթըն չորեքշաբթի երեկոյեան հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ նախագահական ընտրութեանց եւ յայտարարեց, որ Եւրոպական Միութիւնը զանոնք չի ճանչնար, եւ այդ ընտրութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի փոփոխութիւն պիտի չպատճառեն:

Ան նաեւ անգամ մը եւս կոչ ուղղեց ձգտելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման:

«Ես կը վերահաստատեմ Եւրոպական Միութեան աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի եւ անոր համանախագահներու ձեռնարկած ջանքերուն` ուղղուած Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման: Կողմերուն կոչ կ՛ուղղեմ առաւել մեծ ջանքեր գործադրելու տագնապի խաղաղ բանակցային լուծման ուղղութեամբ` հիմնուելով Մատրիտեան սկզբունքներուն վրայ, որոնք թոյլ պիտի տան յաղթահարել սթաթիւս քոն: Ես կը վերահաստատեմ այս ուղղութեամբ աջակցութիւն ցուցաբերելու Եւրոպական Միութեան պատրաստակամութիւնը», նշեց Եւրոպական Միութեան բարձր ներկայացուցիչը:

Leave a Reply

Advertisement