Friday May 24, 2013

Պըրրի Ընդունեց Խմբագիրներու Սենտիքայի Պատուիրակութիւնը

By adminx - Fri Jul 20, 7:44 am

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Խմբագիրներու նորընտիր սենտիքային հետ` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Էլիաս Աունի:

Պատուիրակութեան մաս կազմեցին սենտիքայի ընկերային հարցերու յանձնախումբի նախագահ, Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան եւ սենտիքայի անդամ Պարոյր Աղպաշեան:

Հանդիպումին ընթացքին Պըրրի մտահոգութիւն յայտնեց շրջանին մէջ տիրող կացութենէն` աւելցնելով, որ Սուրիոյ երկփեղկումին եւ բաժանումին նկատմամբ իր մտավախութիւնները սկսած են աւելի շեշտուիլ: «Այսօր` որեւէ ժամանակէ աւելի, պէտք է երկխօսութիւն կատարել, որպէսզի Սուրիան միասնական մնայ», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը վերահաստատեց Սուրիոյ իրադարձութիւններուն նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքին կառչած մնալու անհրաժեշտութիւնը:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ համայնքային դրութեան վերացումը արաբական պահանջ է, իսկ Լիբանանի պահպանումը արաբներուն ապագային պահպանումն է:

«Լիբանանը կարելի չէ կառավարել առանց համախոհութեան, իսկ փորձանքը այն է, որ ոմանք հայրենիքը կ՛օգտագործեն համայնքայնութեան ի խնդիր: Ցաւալի է նաեւ այն իրականութիւնը, որ համայնքները կուսակցականացնելու փոխարէն կուսակցութիւնները համայնքայնացուցինք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը կրնայ իր տարակարծութիւնները շրջանցել:

Լիբանանեան բանակին մասին խօսելով` Պըրրի յայտնեց, որ բանակը ամբողջ Լիբանանին համար է եւ այն հազուագիւտ հաստատութիւններէն է, ուր ազգային միասնականութիւն կը տիրէ եւ համայնքային թէ յարանուանական կշիռքի կարեւորութիւն չի տրուիր: «Ինչո՞ւ այս հաստատութեան հարուած կ՛ուզեն հասցնել», հարց տուաւ Պըրրի ընդվզած:

Միւս կողմէ, Պըրրի պահանջեց, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն օրէնքը ներկայացուի խորհրդարան` աւելցնելով, որ խորհրդարանին մէջ սկսած 2006-ի երկխօսութիւնը փրկած է Լիբանանը: Պըրրի դատապարտեց ազգային երկխօսութիւնը քննադատող բոլոր կողմերը:

Անդրադառնալով Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ սպաննելու գործողութեան` Պըրրի շեշտեց, որ ինք համոզուած է, որ Հըզպալլան չէ այդ գործողութիւնը կատարողը:

Խորհրդարանի նախագահը ընդունեց նաեւ աշխատանքի նախարար Սելիմ Ժրայսաթին` ներկայութեամբ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլի:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ լիբանանցիներու պահանջներուն վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ, որուն ընկերակցեցաւ նախկին նախարար Եուսեֆ Սաատէ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ առողջապահութեան նախարար Ալի Հասան Խալիլ:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

 

Leave a Reply

Advertisement