Tuesday May 21, 2013

Ելեկտրականութեան Ընկերութեան Սարակներու Նստացոյցին Դէմ Բողոքի Ցոյց

By adminx - Fri Jul 20, 7:43 am

Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն կողմէ ընկերութեան շրջափակին մէջ յայտարարուած նստացոյցին դէմ երէկ երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան առջեւ տեղի ունեցաւ բողոքի ցոյց մը` Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ուսանողական եւ երիտասարդական միաւորներուն կողմէ:

Անոնք մերժեցին սարակներուն բանեցուցած ճնշումը` իրենց պաշտօններուն վրայ հաստատուելու նպատակով:

Անոնք կոչ ուղղեցին ապահովական ուժերուն ազատագրելու Ելեկտրականութեան ընկերութեան հաստատութիւնը:

Մամլոյ Ասուլիս

Պասիլ` մամլոյ ասուլիսին ընթացքին

Ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իրենք ամէն ինչ կ՛ընեն ի խնդիր պետական հաստատութիւններուն եւ ժողովուրդին արժանապատուութեան պահպանումին: «Իսկ երբ կ՛ըսեն, թէ մենք կը մերժենք աշխատաւորներուն հետ խօսիլ, ապա անոնք պէտք է յիշեն, որ իրենց հետ համաձայնաբար դրուած է այդ օրէնքը», ըսաւ ան` հարց տալով, որ արդեօք այսօր Ելեկտրականութեան ընկերութեան շրջափակին մէջ կատարուող նստացոյցը խաղաղ կերպով տեսակէտ յայտնե՞լ է:

Պասիլ յայտնեց, որ նախարարութեան խորհրդականները եւ ընդհանուր տնօրէնը բոլորին հետ կապի մէջ են` նշելով, որ ինք եւս օրական մէկ ժամ պիտի յատկացնէ տեսակցելու եւ լուսաբանուելու անոր հետ, որ կը փափաքի, «սակայն պետական հաստատութիւնը բռնագրաւող կամ անոր դէմ ձեռք բարձրացնող ոչ մէկ անհատ կ՛ընդունիմ», յայտնեց ան:

Պասիլ հարց տուաւ, որ փողոցին մէջ ճնշում բանեցնելով պետութեան եւ խորհրդարանին օրէնք պարտադրողներ կան: «Ասիկա վտանգաւոր է, որովհետեւ բոլորս գիտենք ուժ բանեցնելով հանրային կառոյցի մը մէջ հաստատ պաշտօններ պահանջել», շեշտեց Պասիլ:

 

Leave a Reply

Advertisement