Wednesday Jun 19, 2013

Սուրիոյ Շուրջ Մակ-ի Ապահովութեան Խորհուրդի Նիստ. Ռուսիա Եւ Չինաստան Դարձեալ Վեթոյի Իրաւունքը Օգտագործեցին

By adminx - Fri Jul 20, 7:31 am

Չուրքին կ՛օգտագործէ վեթոյի իրաւունք

ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդը երէկ Սուրիոյ շուրջ Արեւմտեան բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւն մը կատարեց: Ռուսիա եւ Չինաստան բանաձեւը վեթոյի ենթարկեցին: Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ ռուսական եւ չինական վեթոները կը նշանակեն, որ Սուրիոյ մէջ Քոֆի Անանի առաքելութիւնը «չի կրնար շարունակուիլ»:

Քուէարկութենէն ետք, ՄԱԿ-ի մօտ Գերմանիոյ պատուիրակը յայտնեց, որ «Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումի մը նկատմամբ յոյսը կորսնցուցինք», իսկ Փաքիստանի ներկայացուցիչը ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ 7-րդ յօդուածին օգտագործումը ճիշդ ընտրանքը չէ»:

ՄԱԿ-ի մէջ Բրիտանիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Մարք Լայլ Կրանթ յայտնեց, որ «Ռուսիա եւ Չինաստան երրորդ անգամ ըլլալով կ՛արգելակեն սուրիական տագնապին լուծում գտնելու Ապահովութեան խորհուրդի ջանքերը»: Ան ըսաւ, որ ռուսական եւ չինական վեթոները սուրիական վարչակարգը մղեցին յաւելեալ ոճիրներ գործելու` շեշտելով, որ «դէպքերը Ապահովութեան խորհուրդին մէջ արագ որոշում մը տալու կարիքը շեշտեն»:

Բրիտանիոյ ներկայացուցիչը ըսաւ, որ «Ռուսիա եւ Չինաստան սուրիական վարչակարգին յաւելեալ ժամանակ կը տրամադրեն` փոխանակ Ապահովութեան խորհուրդի անդամներուն հետ գործակցութեան վրայ աշխատելու, եւ աշխատանք կը տանին, որ Սուրիոյ մէջ անհրաժեշտ աջակցութիւնը չտրուի Անանին: «Այս երկիրները միջազգային ընտանիքին նկատմամբ իրենց պատասխանատուութիւններուն տէր չեն կանգնիր, այլ` իրենց սեփական շահերը սուրիացի ժողովուրդի շահերէն առաջ կը դասեն», նշեց ան:

ՄԱԿ-ի մօտ Ֆրանսայի պատուիրակ Ժերար Արօ իր կարգին նշեց, որ «Ռուսիա սուրիական վարչակարգին ժամանակ շահիլ կու տայ յաւելեալ մարդ սպաննելու համար»` նշելով, որ իր ծրագիրին գործադրութեան համար պէտք է Անանին անհրաժեշտ միջոցները տրամադրեն: Ֆրանսայի պատուիրակը նշեց, որ ասիկա երրորդ անգամն է, որ Սուրիոյ շուրջ բանաձեւ մը վեթոյի կ՛ենթարկուի:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վիթալի Չուրքին յայտարարեց, որ «7-րդ յօդուածին հիմամբ բանաձեւ մը եւ Սուրիոյ մէջ արտաքին միջամտութիւն մը պիտի չընդունինք»: Ան ըսաւ, որ «Ապահովութեան խորհուրդի արեւմտեան անդամները որոշ պատճառով զինուորական հարցին մասին խօսիլ մերժեցին»` աւելցնելով, որ «գերիշխանութեան տէր պետութիւններուն վրայ իրենց ճնշումները պիտի չյաջողին»:

Ան յայտնեց, որ իր երկիրը սուրիական տագնապին ամբողջ ընթացքին զօրակցեցաւ Անանի ծրագիրին, «եւ այսօր կատարուած յայտարարութիւնները անընդունելի են: Անոնք կրնային որեւէ բան ընել երկխօսութիւնը կեանքի կոչելու` ահաբեկչական խմբաւորումներուն աջակցելով կացութիւնը հրահրելու փոխարէն»` աւելցնելով, որ «իրենց աշխարհաքաղաքական ծրագիրներու պաշտպանութիւնը տագնապին առաջնորդեց»:

Չուրքին ըսաւ, որ Ժընեւի ծրագիրը ձախողեցաւ, որպէսզի Ապահովութեան խորհուրդին մէջ կացութիւնը հրահրուի: «Պատժամիջոցներու սպառնալիքը բացառապէս սուրիական կառավարութեան դէմ էր, ինչ որ (Ժընեւի) փաստաթուղթին դէմ է», ընդգծեց Չուրքին` աւելցնելով, որ «Ապահովութեան խորհուրդի բոլոր անդամները պէտք է Անանի ծրագիրին կողքին կանգնին»: «Կը հաւատանք, որ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ճակատումը անօգուտ պիտի ըլլայ, ուստի մեր բանաձեւը քուէարկութեան պիտի չդնենք, իսկ Ապահովութեան խորհուրդը պէտք է որոշ ժամանակուան համար քաղաքական լուծում մը որդեգրէ», յայտնեց ան:

ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Սիւզըն Ռայս յայտնեց, որ «ամօթալի է, որ Ապահովութեան խորհուրդը չի ջանար Սուրիոյ մէջ լուծում իրագործել»` նշելով, որ «Ռուսիոյ եւ Չինաստանի կողմէ վեթոյի իրաւունքին օգտագործումը առաջին երկու անգամներուն ընթացքին աւերիչ եղաւ, եւ այս անգամ անիկա աւելի աւերիչ է»: Ան պնդեց, որ բանաձեւը Սուրիոյ մէջ զինուորական միջամտութեան ճամբայ չի հարթեր, այլ Անանի ծրագիրին աջակցութիւն կը տրամադրէ:

Ան ընդգծեց, որ «մեր դաշնակիցներուն հետ պիտի ջանանք Սուրիոյ վրայ ճնշում բանեցնել Ապահովութեան խորհուրդէն դուրս»` աւելցնելով, որ «սուրիական վարչակարգի մտադրութեանց եւ միջազգային դէտերու ատակութեան նկատմամբ կասկածներ ունէինք եւ կը շարունակենք ունենալ»:

Ռայս յոյս յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Չինաստան դադրին Ասատը պաշտպանելէ, նախքան սուրիացի ժողովուրդէն շատերու սպանութիւնը:

ՄԱԿ-ի մօտ Սուրիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Պաշշար Ժաաֆարի հերքեց այն լուրերը, թէ Սուրիա մտադիր է քիմիական զէնք օգտագործել:

Մինչ այդ, Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած պայթումը Ասատի վարչակարգին եւ «Իրանէն ու Հըզպալլայէն բաղկացած ծայրայեղական առանցքին հասած մեծ հարուած մըն է»: Ան շեշտեց, որ «Ասատի ընտանիքը կը քայքայուի, անոր տապալումը այլեւս շօշափելի դարձած է եւ ոչ ոք գիտէ, թէ այդտեղ ի՛նչ պիտի պատահի, որովհետեւ բոլոր տարրերը այդտեղ կը գործեն»:

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը հաւանական նկատեց, որ Ասատի տապալումէն ետք Հըզպալլա փորձէ Սուրիոյ արդիական զէնքերուն տիրելով զանոնք Լիբանան փոխադրել, մասնաւորաբար ցամաքէ ցամաք ծանր զէնքերը կամ քիմիական զէնքերը: Ան նաեւ ըսաւ, որ Կոլանը կրնայ ահաբեկչական տարրերու զօրակայանի վերածուիլ` նշելով, որ Իսրայէլ անհրաժեշտութեան պարագային արգելք պիտի հանդիսանայ սուրիացի գաղթականներու դէպի Կոլան որեւէ հոսքի:

Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտնեց, որ Դամասկոսի մէջ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին ականահարումը «այդտեղի վարչակարգին հասած ուժեղ հարուած մըն է»: Ան «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնեց, որ այդ զարգացումը անշուշտ վարչակարգին մէջ ճեղքերու յառաջացումը ցոյց կու տայ, «սակայն եզրակացութիւններ կատարելու պէտք չէ աճապարել»:

Միւս կողմէ, «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա ամերիկեան կողմին նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած են:

Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին ներկայացուած Սուրիոյ վերաբերող բանաձեւին շուրջ ընթացող երկխօսութեան ծիրին մէջ երկու նախագահները «հանգամանօրէն քննարկած են Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը, եւ հաստատած, որ կացութիւնը հետզհետէ սրելու միտում ունի»:

«Ռաշա Թուտէյ» պատկերասփիւռի կայանը վկայակոչելով աղբիւրներ հաղորդեց, որ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում կատարողը նշեալ կեդրոնատեղիի ղեկավար Հիշամ Պախթիարի թիկնապահներէն մէկն էր եւ յարձակում կատարած է ականուած գօտիի ճամբով:

Մինչ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը սուրիական ընդդիմութենէն եւ արեւմտեան դիւանագիտական աղբիւրներ վկայակոչելով հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Լաթաքիա ապաստանած է, սուրիական պատկերասփիւռի կայանը սփռեց Դամասկոսի նախագահական պալատին մէջ Սուրիոյ պաշտպանութեան նոր նախարար զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժի նախագահին առջեւ կատարած երդումի արարողութիւնը: Ասիկա յարձակումէն ետք Ասատի առաջին նկարն էր:

Մինչ այդ, լիբանանեան «Ժումհուրիա» օրաթերթը հաղորդեց, որ զօր. Մանաֆ Թլաս Սուրիայէն իր դուրս գալը Իրանի հետ համակարգած է եւ Ասատի գիտութեամբ իրագործած: «Էյ.Էն.Պի.» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին երէկ հաղորդեց, որ զօր. Թլաս արտասահմանի մէջ արձակուրդէ մը ետք վերադարձած է Սուրիա:

Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Ումրան Զողպի Իսրայէլն ու Թուրքիան ամբաստանեց Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած յարձակումին ետին կանգնելու յանցանքով: Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հերքեց ամբաստանութիւնը` յայտնելով, որ ատիկա «ապատեղեկատուութիւն» է` աւելցնելով, որ «Սուրիոյ մէջ մեր եղբայրներուն վնաս հասցնելու քայլի չենք դիմեր»:

 

Leave a Reply

Advertisement