Thursday May 16, 2013

Մինչ Իսրայէլ Կը Պատրաստուի Իրանի Դէմ Բողոքելու Իրան Կը Դատապարտէ «Ահաբեկչական Որեւէ Արարք»

By adminx - Fri Jul 20, 7:30 am

Ահաբեկչական յարձակումին ենթարկուած փոխադրակառքը

Իսրայէլի արտաքին գործոց փոխնախարար Տանի Այալոն յայտարարեց, որ Իսրայէլ յառաջիկայ քանի մը օրուան ընթացքին Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներու դէմ կատարուած յարձակումին հարցով Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին բողոք պիտի ներկայացնէ:

Այալոն նաեւ ողջունեց յարձակումէն ետք իսրայէլացի պաշտօնատարներուն եւ պուլկարական իշխանութեանց միջեւ գործակցութիւնը:

Միւս կողմէ, Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ, անդրադառնալով Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունեցած անձնասպանական գործողութեան, յայտնեց, որ իր երկիրը բուռն կերպով կը դատապարտէ «որեւէ ահաբեկչական արարք»` աւելցնելով, որ «Իրանի իսլամական հանրապետութիւնը, որ ահաբեկչութեան գլխաւոր զոհն է, անմեղներու կեանքը վտանգի ենթարկելը անմարդկային արարք կը նկատէ եւ բուռն կերպով կը դատապարտէ նման արարքներ»:

Թուրքիա իր կարգին դատապարտեց յարձակումը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ «ահաբեկչութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է եւ կարելի չէ զայն արդարացնել»:

Նեթանիահու Հըզպալլան Կ՛ամբաստանէ

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ «Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացիներ փոխադրող փոխադրակառքին դէմ գործողութիւնը Իրանի զինուորական թեւը` Հըզպալլան գործադրեց»:

Ան շեշտեց, որ «պիտի շարունակենք ոճրագործները հետապնդել, եւ անոնք իրենց արարքին գինը շատ սուղ պիտի վճարեն»:

 

Leave a Reply

Advertisement