Օմար Սլէյման Մահացաւ
By adminx - Fri Jul 20, 7:28 am
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print
Եգիպտական «Նայլ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Եգիպտոսի նախկին փոխնախագահ եւ գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավար Օմար Սլէյման Միացեալ Նահանգներու Քլիվլենտ քաղաքի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ մահացած է:
«Ան ինքզինք շատ լաւ կը զգար: Ամէն ինչ յանկարծակի տեղի ունեցաւ, երբ ան բժշկական քննութեան կ՛ենթարկուէր», ըսած է Սլէյմանի օգնական Հիւսէյն Քամալ` չմանրամասնելով մահուան պատճառները:
Եգիպտոսի նախկին նախագահ Հիւսնի Մուպարաքի մերձաւոր Սլէյման ուզած էր Եգիպտոսի մէջ վերջերս տեղի ունեցած նախագահական ընտրութիւններուն իր թեկնածութիւնը առաջադրել, սակայն երկրին Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը չէր արձանագրած անոր թեկնածութիւնը` «իրեն աջակցութեան ստորագրութիւններու հաւաքման ընթացքին խախտումներու պատճառով»:
Սլէյմանի համակիրները Միացեալ Նահանգները ամբաստանեցին Եգիպտոսի գաղտնի սպասարկութեան նախկին ղեկավարէն ձերբազատելու համար: «Եոմ Սապեհ» հաղորդեց, որ արշաւի գործավար Հասան Ղանտուր յայտարարած է, որ իրենք Գահիրէի մէջ ամերիկեան դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց մը պիտի կազմակերպեն` պահանջելով վտարել Եգիպտոսի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը եւ դատապարտել նախկին փոխնախագահին սպանութիւնը:
- 0 Comments
- 47 views
- Tweet
Email
Print




