Thursday May 23, 2013

Պաքուի Մէջ Ռազմակայան Մը Այրած Է

By adminx - Fri Jul 20, 7:27 am

Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ երէկ այրած է Պաքուի Ղարատաղի շրջանին մէջ գտնուող Ազրպէյճանի պետական սահմանապահ ծառայութեան ռազմակայանը:

Հրդեհը մարելու ընթացքին վիրաւորուած են փրկարար ծառայութենէն երեք աշխատակիցներ: Անոնցմէ երկուքը այրուածքներ ստացած են, իսկ երրորդը ծուխէն թունաւորուած է:

Հրդեհը բռնկած է ռազմակայանի զինամթերքի պահեստին մէջ:

Դէպքի վայրին մէջ աշխատած են հրշէջ քանի մը մեքենաներ, ինչպէս նաեւ ուղղաթիռներ:

Leave a Reply

Advertisement