Ըստ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարին «Վրաստանի Օթան-ին Անդամակցութիւնը Շրջանի Անվտանգութեան Երաշխիքն Է»
By adminx - Fri Jul 20, 7:27 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
«Սիվիլ.Ճէ» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի Պաթումի մէջ հանդիպում ունեցած է Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Իսմեթ Եըլմազի հետ:
Սահակաշվիլի ըսած է, որ «Թուրքիոյ հետ Վրաստանի յարաբերութիւնները աշխուժ կերպով կը զարգանան բոլոր մարզերուն մէջ, ներառեալ` պաշտպանութեան մարզը: 2014-ը կը նկատուի այն տարին, երբ Վրաստան իրական կարելիութիւն պիտի ունենայ ՕԹԱՆ-ին անդամակցելու, ինչ որ երկարաժամկէտ երաշխիքներ կը խոստանայ մեր անվտանգութեան համար»:
Ան կարեւոր նկատած է թուրք-վրացական յարաբերութիւնները եւ Վրաստանի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան Թուրքիոյ աջակցութիւնը: «Այժմ ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը աւելի իրատեսական է, քան երբեւիցէ պատմութեան մէջ», ըսած է ան:
Սահակաշվիլի նաեւ Թուրքիոյ երախտագիտութիւն յայտնած է դժուար տարիներուն, ներառեալ` 2008-ին (ռուս-վրացական պատերազմի տարին) ոչ մէկ մարզի մէջ, ներառեալ` պաշտպանութեան, համագործակցութիւնը դադրեցնելուն համար:
Պաթումի մէջ տեղի ունեցած երկկողմ հանդիպումին ընթացքին Եըլմազ ըսած է, որ Թուրքիա ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցին մէջ Վրաստանի ամէնէն վստահելի գործընկերներէն մէկն է:
Սահակաշվիլի իր կարգին նշած է, որ Թուրքիան միշտ կ՛օգնէ Վրաստանին: «Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ բոլորը մեզմէ երես դարձուցած էին: Ինքնին Թուրքիան մեզի օգնած է բանակ կառուցելու եւ ճգնաժամէն դուրս գալու», ըսած է ան:
Վրաստանի նախագահը շեշտած է, որ Թուրքիան Վրաստանի «մեծ բարեկամն է» եւ անընդհատ այդ մէկը կ՛ապացուցէ:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարն ալ ընդգծած է, որ իր երկիրը բոլոր միջազգային բեմահարթակներուն վրայ յստակօրէն ՕԹԱՆ-ի անդամակցութեան հարցին մէջ Վրաստանի իր աջակցութիւնը կը ցուցադրէ` աւելցնելով, որ «Վրաստանի ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը շրջանի անվտանգութեան երաշխիքն է»:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print




