Thursday May 23, 2013

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Ծիսագէտներու Միջազգային Ընկերակցութեան Համագումարին

By adminx - Fri Jul 20, 7:22 am

Ծիսագէտներու միջազգային ընկերակցութեան չորրորդ համագումարը տեղի ունեցաւ անցեալ շաբաթ Լիբանանի Լուէյզէ համալսարանին մէջ: Համագումարին մասնակցեցան շուրջ 50 ծիսագէտներ ու համալսարանի դասախօսներ` Յունաստանէն, Զուիցերիայէն, Ֆրանսայէն, Հոլանտայէն, Գերմանիայէն, Աւստրիայէն, Շուէտէն, Անգլիայէն, Ռուսիայէն, Միացեալ Նահանգներէն, Քանատայէն եւ Հնդկաստանէն:

Համագումարի ընթացքին ներկայացուեցան մասնագիտական դասախօսութիւններ` յատկապէս արեւելեան ծէսին առնչուող նիւթերու մասին: Այս ծիրին մէջ յատուկ տեղ տրուած էր հայ եկեղեցւոյ ծէսին հետ աղերս ունեցող կարգ մը նիւթերու: Համագումարի դասախօսներէն մէկն էր Քալիֆորնիոյ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի վարիչ դոկտ. Փիթըր Քաուի:

Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան համագումարին իր մասնակցութիւնը բերաւ կաթողիկոսարանի Մայր տաճարի լուսարարապետ Կոմիտաս արք. Օհանեան:

Համագումարի վերջին օրը համագումարի մասնակիցները այցելեցին Արամ Ա. կաթողիկոսին` լսելու իր պատգամը:

Leave a Reply

Advertisement