Wednesday May 22, 2013

Սփիւռքահայ Լրագրողներու Եւ Առաջնորդներու Վերապատրաստման Դասընթացքներու Փակման Հանդիսութիւն

By adminx - Fri Jul 20, 7:18 am

Երէկ` հինգշաբթի, 19 յուլիս 2012-ին տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան կազմակերպութեամբ լրագրողներու եւ առաջնորդներու դասընթացքներուն փակման հանդիսութիւնը:

Խօսք առաւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան, որ յայտնեց, որ նախարարութեան նպատակը իրականութիւն դարձաւ, երբ իրագործուեցաւ ամառնային դպրոցը եւ կրկնուեցաւ երկրորդ տարին ըլլալով: Ան նշեց, որ առաջնորդները եւ լրագրողները իրենց տեղը գրաւեցին ամառնային դպրոցի աշխատանքներուն մէջ: Ըստ նախարարին, սփիւռքի նախարարութեան գլխաւոր թիրախը սփիւռքի երիտասարդութիւնն է, որ պէտք է հայապահպանման գործով զբաղի եւ համագործակցի հայրենիքին հետ:

Առաջնորդներուն ուղղելով իր խօսքը` նախարար Յակոբեան ընդգծեց, որ իրենց նպատակներէն մէկն է, որ հայ երիտասարդները արժանի տեղեր գրաւեն քաղաքական դաշտին մէջ, մասնակից ըլլան Հայաստանի եւ իրենց երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ ընդլայնեն իրենց շրջապատը:

«Ազդակ»-ի աշխատակից Նարէ Գալեմքերեան կը ստանայ իր հաստատագիրը (Լուսանկարները` Գաբրիէլ Փանոսեանի)

Նախարար Յակոբեան շեշտեց, որ հայ երիտասարդները պէտք է հայոց լեզուի ջատագովները, դեսպանները ըլլան եւ արգիլեն, որ հայերը օտար լեզուով խօսին:

Յակոբեան լրագրողներուն յորդորեց, որ անընդհատ սնուին հայրենիքէն, անընդհատ կապի մէջ ըլլան հայրենիքին հետ: Ան ընդգծեց, որ հայրենիքէն դուրս ապրող լրագրողը պէտք չէ հայրենիքը սեւցնէ, ան պէտք է հայրենիքին հեղինակութիւնը բարձր պահէ իր երկրին մէջ:

Հրանուշ Յակոբեան նաեւ կարեւոր նկատեց տպագիր մամուլին դերը, հակառակ անոր դիմագրաւած բոլոր դժուարութիւններուն: Նախարարը շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակիցներուն, որոնք ճիշդ ընտրութիւն կատարեցին Հայաստան գալով եւ իրենց սրտերն ու հոգիները աւելի հայացուցին:

Նախարար Յակոբեանի խօսքէն ետք բաժնուեցան հաստատագիրները: Երեւանի պետական համալսարանի լրագրութեան բաժանմունքի տնօրէն Նաղաշ Մարտիրոսեան եզակի նկատեց այս առիթը եւ նշեց, որ այսպիսի նախաձեռնութիւններ ապագային տեղի պիտի ունենան նաեւ Վանի, Մուշի եւ Սասունի մէջ: Ձեռնարկի աւարտին հանդէս եկան հայկազունները, որոնք ճոխացուցին մթնոլորտը եւ ամբողջ սրահը թնդաց ազգային ոգեշունչ երգերով:

Leave a Reply

Advertisement