Մտերմիկ Զրոյց-Հանդիպում` Սարգիս Տեմիրճեանի Հետ
By adminx - Thu Jul 19, 6:10 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանեան ֆութպոլի մարզը յուզող հարցերուն, անոր ներկայի իրաւարարներուն մասին յաւելեալ տեղեկութիւններ ունենալու եւ նախորդ ամիս տեղի ունեցած Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան վերաբերեալ որոշ նախաճաշակ մը ունենալու նպատակով, «ԱԶԴԱԿ» մտերմիկ զրոյց-հանդիպում մը ունեցաւ լիբանանցի նախկին միջազգային հայ իրաւարար, բոլորին իր արդար սուլիչով ծանօթ Սարգիս Տեմիրճեանի հետ, որ անդրադարձաւ վերոնշեալ կէտերուն` տալով իր անձնական կարծիքը:
Ստորեւ այդ զրոյց-հանդիպումին շահեկան բաժինները, որոնք յաւելեալ գիտելիքներով կրնան զարգացնել լիբանանահայ գաղութի ֆութպոլասէրները.
«Սկսելով լիբանանեան ֆութպոլէն` կու գամ ըսելու, որ բոլոր երկիրներուն նման, Լիբանան եւս սկսած է մուտք գործել արհեստավարժ ասպարէզին մէջ եւ զգալի յառաջդիմութեան մէջ է: Սակայն, վերջին 4-5 տարիներուն, ապահովական պատճառներով, ախոյեանութեան մրցումները առանց համակիրի կատարելը, անախորժ դառնալէ բացի, մեր երկրին ֆութպոլին համար այդքան ալ փայլուն էջ մը չէ, որ բացած են: Յոյսով եմ, որ այդ անհամ մթնոլորտը շուտով փարատի եւ լիբանանեան ֆութպոլը դարձեալ ապրի իր փառքի օրերը:
«Ինչ կը վերաբերի իրաւարարներուն, թէեւ մակարդակը լաւ է, բայց անոնց քանակը շատ քիչ է: Յետադարձ ակնարկ մը կատարելով 1955-2010 տարիներուն վրայ` հաշուեցի, որ 55-60 կեդրոնի առաջնակարգ իրաւարարներ սուլած են Լիբանանի ախոյեանութեան մրցումները: Ասիկա իսկապէս որ անհաւատալի է: Չի կրնար ըլլալ, որ իւրաքանչիւր տարեշրջանի միայն 5-6 իրաւարարներու վստահուի ախոյեանութիւնը, ինչ որ պատճառ կը դառնայ, որ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը ստիպուի կարեւոր մրցումներու օտար իրաւարարներ բերել եւ նիւթական ծախսերու մատնուիլ:
«Իմ անձնական կարծիքս այն է, որ եթէ կ՛ուզենք որակաւոր իրաւարարներ ունենալ, ֆետերասիոնը պէտք է համալսարաններէն, ակումբներէն ներկայանալի երիտասարդներ փնտռէ եւ զանոնք յանձնէ նախկին անուանի իրաւարարներու, որոնք շաբաթական քանի մը անգամ անոնց հետ դասընթացքներ կատարելով պատրաստեն տեղացի անուանի իրաւարարներ: Այս առաջարկս քանի մը առիթներով ներկայացուցած եմ մեր պատասխանատուներուն, սակայն յստակ պատասխան մը չեմ ստացած, դժբախտաբար:
«Վերջապէս, անդրադառնալով Եուրօ-2012-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, անկեղծօրէն կու գամ ըսելու, որ կազմակերպական իմաստով անիկա եղաւ բացառիկ: Ընդհանրապէս անախորժ դէպքեր չպատահեցան եւ դաշտերուն թրիպիւններն ալ միշտ լեցուն էին համակիրներով: Ինչ կը վերաբերի տիտղոսակիր Սպանիոյ, անիկա արդարացուց ֆութպոլի միջազգային մասնագէտներուն կատարած նախատեսութիւնը` փաստելով, որ ունի զօրաւոր եւ տինամիք կազմ մը: 12 երկիրներու 72 իրաւարարներէն 12-ը եղան կեդրոնի իրաւարարներ, որոնք պէտք է ըսել, արդարացուցին իրենց վրայ դրուած յոյսերը, բացի` հունգարացի իրաւարարէն, որ իր գործած սխալին պատճառով տուն ղրկուեցաւ: Իսկ ինչ կը վերաբերի կեդրոնի իրաւարարին իւրաքանչիւր մրցումի գանձած գումարին, ան կը ստանար 10,500 եւրօ, իսկ մնացեալ հինգը` 5,500-ական եւրօ: Իսկապէս որ` անհաւատալի բայց իրաւ»:
ԶՐՈՅՑ-ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ ՎԱՐԵՑ`
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ԳԱՍԱՊԵԱՆ
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



