Saturday May 25, 2013

Էտկար Մանուչարեան Երկարաձգեց Իր Պայմանագրութիւնը

By adminx - Thu Jul 19, 6:06 am

Էտկար Մանուչարեան

Armsport.am մարզական լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջազգային յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան երկու տարիով երկարաձգած է իր պայմանագրութիւնը` Ուրալ Եքաթերինպուրկի հետ:

Նկատի ունենալով, որ Մանուչարեանի պայմանագրութիւնը արդէն իսկ աւարտած էր, վերջին օրերուն երկու կողմերը կը փորձէին իրենց կատարած բանակցութիւններով համաձայնութեան եզր մը գտնել:

Նշենք, որ հայ ֆութպոլիստը այս լուրը Armsport.am-ին յայտնեց Ռուսիայէն, ուրկէ ան կը պատրաստուի վերադառնալու Ամսթերտամ (Հոլանտա)` շարունակելու համար իր ապաքինման յատուկ փորձերը:

Leave a Reply

Advertisement