Saturday May 18, 2013

Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը` Սեպտեմբերին

By adminx - Thu Jul 19, 7:57 am

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով երէկ ազրպէյճանցի լրագրողներուն յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հերթական հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ սեպտեմբերի վերջին շաբթուան ընթացքին:

Հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ Նիւ Եորքի մէջ` ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի հերթական նստաշրջանին շրջագիծին մէջ:

Հանդիպումէն առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները առանձին-առանձին պիտի բանակցին նախարարներուն հետ:

Մամետեարով նշած է, որ համանախագահներուն հետ այդ հանդիպումներուն ժամկէտներն ու վայրերը կը ճշդուին, անոնք տեղի պիտի ունենան տարբեր օրերու ընթացքին` եւրոպական քաղաքներու մէջ:

Leave a Reply

Advertisement