«ՀՅԴ-ն Վարժ Է Իր Վրայ Կատարուող Ցեխարձակումին» Կ՛ըսէ Վահան Յովհաննիսեան
By adminx - Thu Jul 19, 7:53 am
- 0 Comments
- 111 views
- Tweet
Email
Print
«Երկիր»-ին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան տեսակէտ յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն պարագային ՀՅԴ-ի մէջ իրարու բախած են երկու տեսակէտներ` պաշտպանել ինքնաառաջադրուած թեկնածու Վիթալի Բալասանեանի՞ն, թէ՞ գործող նախագահ Բակօ Սահակեանին: Իսկ ինչ կը վերաբերի տարբեր լրատուամիջոցներու մէջ այս առնչութեամբ ՀՅԴ-ի անունին հետ կապուած շահարկումներուն, ան նշեց, որ ՀՅԴ-ն վարժուած է իր հասցէին կատարուող ցեխարձակումներուն, եւ որ ատիկա հասկնալի ոճ է` փորձել ՀՅԴ-ի մէջ ճեղքեր փնտռել:
«Եթէ մենք` իբրեւ կուսակցութիւն, տեսնէինք, որ Վիթալի Բալասանեանի ընտրուելով, կամ եթէ Վիթալի Բալասանեանը փոխարինէր Բակօ Սահակեանը, Ղարաբաղը անկէ գոնէ քիչ մը աւելին պիտի շահէր, մենք որեւէ կասկած պիտի չունենայինք: Մենք ո՛չ մէկու մը նկատմամբ պարտական ենք, ո՛չ ալ որեւէ մէկուն նկատմամբ յատուկ համակրանք ունինք, ասիկա քաղաքականութիւն է: Այն ինչ որ ձեռնտու է եւ պէտք է Ղարաբաղին, ատիկա է մեզի համար կարեւորը, եւ միայն ատիկա», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:
Այս իմաստով ալ Յովհաննիսեան այսօր չի տեսներ, որ Բակօ Սահակեանը որեւէ մէկով փոխարինելը այդ առաւելութիւնը կու տայ: ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկերը այն կարծիքը յայտնեց, որ եթէ, օրինակ, Վիթալի Բալասանեան դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ, աւելի վատ պիտի չըլլայ, որովհետեւ վստահ է Վիթալի Բալասանեանի ե՛ւ հայրենասիրութեան, ե՛ւ ամրութեան վրայ: Բայց անոր եւ անոր կողմնակիցներուն` փոփոխութեան հիմնաւորումը Վահան Յովհաննիսեանի համար ամբողջութեամբ ընդունելի ձեւով չէ ներկայացուած:
«Մենք ինքներս փորձ ունեցած ենք` Ղարաբաղը դաշնակցականներ ալ ղեկավարած են, եւ մենք կը հասկնանք, որ բազմաթիւ հարցեր կ՛որոշուին Ստեփանակերտի մէջ, բայց ոչ ամէն ինչ: Առանց Երեւանի, Ստեփանակերտի մէջ տրուած որոշումները ամբողջական լուծումներ չեն բերեր: Ասիկա պէտք է գիտակցիլ, ուրեմն այս պահուն հարցը սրել եւ զայն դարձնել ճակատագրական հարց մը, թէ ո՛ր անհատը Ղարաբաղի մէջ կ՛ընտրուի նախագահ, մենք չենք նկատեր ռազմավարական արժէքի քաղաքական հարց: Եւ այդ պատճառով ալ մեր դիրքորոշումը եղած է շատ հանդարտ եւ հանգիստ: Բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն շահարկել, յատուկ քաղաքական երանգ մը տալ մեր այդ որոշումին, այդ որոշումին կայացման ձեւին եւ այլն, պարզապէս կը խաղան կրակի հետ, որովհետեւ չեն գիտակցիր` մենք ունեցած ենք դաշնակցական ղեկավարներ Ղարաբաղի մէջ, որոնք ունեցած են բաւական դժուարութիւններ: Եթէ դուն Հայաստանի մէջ ընդդիմադիր կուսակցութիւն ես, ապա Ղարաբաղի պայմանները պէտք է լաւ հասկնաս` Ղարաբաղը այսօր չաւարտած պատերազմի կիզակէտին վրայ է, եւ ստեղծել քաղաքական ծայրայեղ լարում ու հակասութիւններ` որեւէ մէկուն շահերէն չի բխիր», պարզաբանեց Վահան Յովհաննիսեան:
Իսկ այս հարցին մէջ ՀՅԴ-ի անունի շահարկումներուն առնչութեամբ ան նշեց, որ ընդհանրապէս հակադաշնակցական որեւէ դրսեւորում, իբրեւ կանոն, հայ ժողովուրդի կա՛մ ուղղակի թշնամիներուն, կա՛մ անգիտակից տարրի մը կողմէ կը կատարուի:
- 0 Comments
- 111 views
- Tweet
Email
Print




