Saturday May 25, 2013

Գերմանիոյ Նոր Նշանակուած Դեսպանը Հաւատարմագիրներու Պատճէնը Յանձնեց Նալբանդեանին

By adminx - Thu Jul 19, 7:52 am

Գերմանիոյ դեսպանը եւ Նալբանդեան

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Գերմանիոյ նոր նշանակուած դեսպան Ռայներ Մորելը` հաւատարմագիրներու պատճէնի յանձնումին առիթով:

Շնորհաւորելով հիւրը դիւանագիտական առաքելութեան սկիզբին առիթով` նախարար Նալբանդեան գոհունակութեամբ նշած է, որ վերջին տարիներուն հայ-գերմանական քաղաքական երկխօսութիւնը եւ բազմաբնոյթ համագործակցութիւնը կը զարգանան լաւ կերպով, կը կատարուին անմիջական բարձրաստիճան փոխադարձ այցելութիւններ: Նալբանդեան յոյս յայտնած է, որ դեսպան Մորել իր ներդրումը ունենայ Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ երկկողմանի գործընկերութեան առաւել ամրապնդման եւ ընդլայնման գործին մէջ:

Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար` դեսպան Մորել բարձր գնահատած է Հայաստանի եւ Գերմանիոյ միջեւ հաստատուած փոխադարձ գործակցութիւնը եւ վստահեցուցած, որ ջանքեր պիտի գործադրէ փոխյարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ:

Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Մորել քննարկած են քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ կրթական մարզերուն մէջ համագործակցութեան ընդլայնման հեռանկարները:

Զրուցակիցները անդրադարձած են Հայաստան- Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:

Նախարար Նալբանդեան եւ դեսպան Մորել քննարկած են նաեւ երկկողմանի հետաքրքրութիւն ներկայացնող շրջանային շարք մը խնդիրներ:

 

 

Leave a Reply

Advertisement