Thursday Jun 20, 2013

Ստեփանակերտի Օդակայանին Առնչուող Ազրպէյճանական Սպառնալիքները Լուրջի Չեն Առնուիր

By adminx - Thu Jul 19, 7:51 am

Ստեփանակերտի օդակայանէն թռիչք կատարող օդանաւերը Լեռնային Ղարաբաղի տարածքով պիտի ուղղուին Հայաստան` առանց որեւէ այլ երկրի, ներառեալ Ազրպէյճանի օդային սահմանը հատելու: Այս մասին «Արմենփրես» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին նշած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Դաւիթ Բաբայեան` անդրադառնալով ազրպէյճանական այն սպառնալիքներուն, որ այդ թռիչքները անօրինական են եւ պիտի նկատուին օդային սահմանի խախտումներ:

«Մենք պէտք չէ անհանգստանանք հակառակորդին յայտարարութիւններէն: Ան կը ճանչնայ մեր տարածքային ամբողջականութիւնը: Իսկ ինչ վերաբերի անոր, որ Ազրպէյճան կրնայ դիմել ռազմական քայլերու, ապա անիկա կը դիտարկուի իբրեւ շրջանային անվտանգութեան խաթարման ուղղուած շատ կոպիտ քայլ», յայտնեց Բաբայեան: Անոր համաձայն, օդանաւերուն անվտանգութիւնը լիովին ապահովուած պիտի ըլլայ, քանի որ անոնք Լեռնային Ղարաբաղէն դէպի Հայաստանի տարածք պիտի ուղղուին:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան կառավարութեան առընթեր քաղաքացիական օդանաւորդութեան վարչութեան պետ Տմիթրի Ադբաշեան «Արմենփրես»-ի թղթակիցին յայտնեց, որ Ազրպէյճան ներկայ դրութեամբ Քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան անդամ է, ինչպէս նաեւ ստորագրած է ուխտ մը, որուն համաձայն, քաղաքացիական օդանաւերուն պէտք չէ սպառնայ, նոյնիսկ այն պարագային, երբ անոնք առանց զգուշացնելու մտնեն ազրպէյճանական օդային տարածք: «Մենք լուրջ չենք վերաբերիր ազրպէյճանական սպառնալիքներուն: Վերջերս ազրպէյճանցիները իրենց դիրքերը թուլացուցած են, որովհետեւ չեն խօսիր այն մասին, որ օդանաւը պիտի վերացնեն», նշեց Ադբաշեան:

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան բանակի լրատուական վարչութեան պետ Սենոր Հասրաթեան շեշտեց, որ խօսքը զինուորական օդանաւերուն մասին չէ, ուստի իրենք չեն զբաղիր այդ օդանաւերուն անվտանգութեամբ: «Այլ հարց է, եթէ հակառակորդի օդանաւերը խախտեն մեր օդային սահմանը, այդ ժամանակ պիտի ձեռնարկուին համապատասխան գործողութիւններ», նշեց Հասրաթեան:

«Արմենփրես»-ի համաձայն, Մինսքի խմբակի համանախագահները 10-13 յուլիսին կատարած շրջանային իրենց այցելութեան ընթացքին կողմերէն հաւաստիացումներ ստացած են այն մասին, որ քաղաքացիական օդանաւերու նկատմամբ ուժ պիտի չկիրարկուի, այլ նման հարցի մը անդրադարձ կը կատարուի միայն դիւանագիտական քայլերով եւ հարցը չի քաղաքականացուիր: Համանախագահները կոչ ուղղած են կողմերուն` իրենց տարածքներուն մէջ իրականացնելու թռիչքներ` միջազգային իրաւունքի եւ գործող կարգերուն համաձայն:

Նախապէս Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ քաղաքացիական օդանաւորդութեան պետական վարչութիւնը յայտարարութիւններ կատարած էին այն մասին, որ Ստեփանակերտի օդակայանէն կատարուելիք թռիչքները անօրինական են:

 

 

 

Leave a Reply

Advertisement