«2000-ին Եւ 2006-ին Յաղթեցինք Եւ Որեւէ Նոր Պատերազմի Պարագային Պիտի Յաղթենք» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա
By adminx - Thu Jul 19, 7:49 am
- 0 Comments
- 146 views
- Tweet
Email
Print
Լիբանանի դէմ Իսրայէլի շղթայազերծած պատերազմին վեցամեակին առիթով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Հարաւային արուարձաններու «Ռայա» մարզադաշտին մէջ արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ շեշտեց, որ յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Իսրայէլի նպատակն էր «Որակական կշիռք»-ի գործողութիւնը կատարել` հարուածելով Հըզպալլայի հրթիռային մարտկոցները, որոնք կ՛արձակէին «Ֆաժր 3» եւ «Ֆաժր 5» տիպի իրանեան հրթիռներ, «սակայն Իսրայէլի կողմէ կատարուած այս առաջին հարուածը վերջ գտաւ` վերածուելով «Որակական ցնորք»-ի գործողութեան: Որովհետեւ Դիմադրութիւնը իմացաւ, որ Իսրայէլ գիտէ իր հրթիռային մարտկոցներուն վայրերը եւ նահատակ Իմատ Մուղնիէի առաջնորդութեամբ անոնց տեղերը փոխեց` Իսրայէլէն գաղտնի: Հետեւաբար, երբ Իսրայէլ 40 կործանիչներով ու ռմբաձիգներով յարձակում գործեց ու ռմբակոծեց այդ դիրքերը, ոչ մէկ մարտկոց վնասուեցաւ: Այս երկու նուաճումներուն շնորհիւ կարելի եղաւ Դիմադրութեան հրթիռային խարիսխները փրկել եւ 33 օր շարունակ հարուածել Իսրայէլն ու իսրայէլեան դիրքերը», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա յայտնեց, որ «Իսրայէլ նախ եւ առաջ գոհունակ զգաց այդ խարիսխները քանդելով եւ յայտարարեց, թէ ես փախուստ տուած եմ դէպի Դամասկոս, մինչդեռ ես տակաւին Հարաւային արուարձաններուն մէջ էի: Իսրայէլ տակաւին իր կրած պարտութեան հարուածին տակ կը գտնուի»:
Ան նշեց, որ Հայֆայի մէջ ինկած հրթիռներուն եւ Դիմադրութեան օգտագործած զէնքերուն մէկ կարեւոր մասը սուրիական արտադրութիւն էր: «Սուրիան Դիմադրութեան իսկական նեցուկ է», ըսաւ ան:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց, որ ինչպէս 2000-ին եւ 2006-ին, նոյնպէս եւ որեւէ ատեն, որ Իսրայէլ որոշէ իրենց դէմ պատերազմ յայտարարել, իրենք պատրաստ են աւելի մեծ յաղթանակներ արձանագրելու:
Սէյիտ Նասրալլա ընդգծեց, որ Սուրիան եւ սուրիական իշխանութիւններն են, որոնք իրենց արտադրութեամբ հրթիռները կը հասցնեն Դիմադրութեան եւ Կազային, որպէսզի անոնք պայքարին Իսրայէլի դէմ, եւ ոչ թէ սէուտական կամ եգիպտական իշխանութիւնները:
Այս ծիրին մէջ ան շեշտեց, որ Իսրայէլ եւ Միացեալ Նահանգներ լուրջ հարց ունին Սուրիոյ կողմէ ապահովուած հրթիռային որակական բարգաւաճման հետ:
Ան ընդգծեց, որ վերջին 10 տարիներուն Սուրիա կրցած է ապահովել հրթիռային հսկայ ուժ մը, որ կը սպառնայ Իսրայէլի:
Ներքին լիբանանեան առումով, սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն կը մնայ Հըզպալլայի ռազմավարական դաշնակիցը: Ան նշեց, որ յուլիսեան պատերազմին իրենց դաշնակիցները կը մնան հաստատ դաշնակիցներ, ինչ ալ ըլլան մանր-մունր տարակարծութիւնները` ընկերային հարցերու շուրջ:
Անդրադառնալով պաղեստինեան հարցին` սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ եթէ այդ հարցը արաբական երկիրներուն վստահուի, ապա անիկա պիտի կորսուի եւ պաղեստինցի ժողովուրդը երբեք տունդարձի իրաւունք պիտի չստանայ:
«Այսօր իրենք զիրենք Պաղեստինի բարեկամ ձեւացնող կողմերը մնայուն կերպով ամերիկեան եւ իսրայէլեան զօրակիցներ եղած են», ընդգծեց սէյիտ Նասրալլա:
Սէյիտ Նասրալլա խստիւ դատապարտեց Սուրիոյ եւ անոր ապահովութեան պետերուն դէմ գործուած երէկուան յարձակումը` շեշտելով, որ անիկա միայն կ՛օժանդակէ թշնամիին շահերուն, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ նահատակ սուրիացի ղեկավարները պայքարած են Իսրայէլի դէմ եւ մնայուն կերպով զօրակցած են Դիմադրութեան:
Սէյիտ Նասրալլա լիբանանեան բանակին անդրադառնալով ըսաւ, որ եթէ անիկա մնայուն կերպով ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւններով պիտի շարունակէ գոյատեւել, ապա երբեք պիտի չզօրանայ, որովհետեւ Միացեալ Նահանգներ երբեք պիտի չարտօնեն, որ Իսրայէլի դէմ Լիբանանը հզօր բանակ ունենայ:
Սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ համայնքային եւ յարանուանական լարուածութիւն ստեղծելու առումով մեծ գումարներ կը ծախսուին եւ այդ պատճառով իրենք որոշած են լուռ մնալ, յատկապէս սիւննի – շիի գրգռութիւններուն առումով:
ՄԻՒՍ կողմէ, նշենք, որ երէկ երեկոյեան Պուլկարիոյ օդակայանին մէջ անձնասպանական գործողութեան զոհ գացին 7 իսրայէլացի զբօսաշրջիկներ, ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան 20 ուրիշներ:
Իսրայէլի պատկերասփիւռի պետական կայանը հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ մէջ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն դէմ գործուած անձնասպանական գործողութեան արարքը Հըզպալլայի մատնահետքերը կը կրէ:
Աւելի ուշ կայանը հաստատեց, որ Պուլկարիոյ անձնասպանական գործողութիւնը կը նկատուի Հըզպալլայի կողմէ Իմատ Մուղնիէի սպանութեան վրէժխնդրութիւն` նշելով, որ Իսրայէլ պիտի սպասէ ժամը 8:30-ին Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի արտասանելիք ճառին:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք յայտնեց, որ անձնասպանական գործողութիւնը մաս կը կազմէ Իրանի եւ Հըզպալլայի դէմ Իսրայէլի տագնապին:
Իր կարգին, Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ իսրայէլացիները Պուլկարիոյ մէջ թիրախ դարձնող գործողութիւնը Իրանի մատնահետքերը կը կրէ:
Նշենք, որ Հըզպալլայի աղբիւրներ յայտնեցին, որ իսրայէլացի զբօսաշրջիկներուն դէմ գործուած անձնասպանական գործողութիւնը Իսրայէլի կողմէ Հըզպալլային վերագրելը անհեթեթ է: Նոյն աղբիւրները աւելցուցին, որ Իմատ Մուղնիէի սպանութեան վրէժխնդրութիւնը զբօսաշրջիկներ թիրախ դարձնելով չ՛ըլլար:
- 0 Comments
- 146 views
- Tweet
Email
Print




