Կառավարութիւնը Միաձայնութեամբ Շեշտեց, Թէ Կը Մերժէ Ճամբաներու Փակումը` Որեւէ Պարագայի Տակ
By adminx - Thu Jul 19, 7:46 am
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print
Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:
Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Սլէյման դռնփակ հանդիպում մը ունեցաւ վարչապետ Միքաթիի հետ:
Միքաթիի հետ իր ունեցած հանդիպումէն ետք, նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլն ու ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որոնց հետ քննարկեց Ելեկտրականութեան ընկերութեան սարակներուն հարցը:
Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Ուալիտ Տաուք յայտնեց, որ նիստին ընթացքին նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտած է Դամասկոսի Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ գործուած պայթումը:
Նախագահ Սլէյման լիբանանցիները շնորհաւորած է ռամատանի ամսուան սկզբնաւորման առիթով եւ կոչ ուղղած անոնց, որ ռամատանը ըլլայ ուրախութեան ամիս մը եւ ոչ թէ ճամբաներու փակման ու անիւներու հրկիզման ամիս: Ան շեշտած է, որ պէտք է բողոքը արտայայտել այնպիսի ձեւով, որ ան ուրիշին ազատ արտայայտութեան արգիլման պատճառ չդառնայ:
Տաուք նշեց, որ նախագահ Սլէյման կառավարութեան փոխանցած է նաեւ Թուրքիա եւ Ֆրանսա կատարած իր այցելութիւններուն արդիւնքները:
Նախագահ Սլէյման ընդգծած է, որ Թուրքիոյ մէջ ինք քննարկած է Սուրիոյ մէջ առեւանգուած 11 լիբանանցիներուն թղթածրարը` աւելցնելով, որ զանոնք ազատ արձակելու ջանքերը ընթացքի մէջ են:
Ֆրանսայի պարագային, նախագահ Սլէյման հաստատեց, որ Փարիզ պատրաստ է ամէն ձեւով օժանդակելու Լիբանանին:
Տաուք ըսաւ, որ վարչապետ Միքաթի իր կարգին զգուշացուցած է, թէ Լիբանանի կացութիւնը բաւական վտանգաւոր դարձած է` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը հետզհետէ կը հեղինակազրկուի:
Միքաթի հաստատած է, որ ոչ մէկը պէտք է խուսափի պատասխանատուութենէ` աւելցնելով, որ բոլորը պատասխանատու են լիբանանցիներուն առջեւ:
Տաուք նաեւ յայտնեց, որ սարակներու հարցին լուծումը պիտի ստանձնեն վարչապետ Միքաթի եւ նախարար Պասիլ:
Տաուք նաեւ նշեց, որ կառավարութեան որոշումով Ֆայսալ Նուրէտտին Թալեպ նշանակուեցաւ մշակոյթի նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն, ինչպէս նաեւ որոշուեցաւ Լուիս Լահուտը վերստին երկրագործութեան նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն նշանակել:
Տեղեկատուութեան նախարարը յայտնեց, որ կառավարութիւնը որոշած է նաեւ մէկ տարիով երկարաձգել հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը:
Պատասխանելով լրագրողներուն հարցումներուն` Տաուք հաստատեց, որ կառավարութիւնը միաձայնութեամբ որոշած է, որ որեւէ պայմանի տակ ճամբաներու փակումը մերժելի է:
- 0 Comments
- 16 views
- Tweet
Email
Print




