Friday May 24, 2013

Սապունճեան Շեշտեց Նախարարութեան Իրաւունքը Գործարաններու Օրինականութեան Վերաբերեալ

By adminx - Thu Jul 19, 7:41 am

Սապունճեան` գործարաններու սեփականատէրերու հետ հանդիպման պահուն

Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Սննդամթերքի ճարտարարուեստի սեփականատէրերու սենտիքայի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի նախարարութեան կողմէ պարտադրուած այն պայմանը, որ իբրեւ օրինաւոր գործարան արձանագրուելու եւ գործելու իրաւունք ստանալու համար, որեւէ գործարան պէտք է ապահովագրուի, ինչպէս նաեւ գործադրէ մաքրութեան, կենսոլորտի ապականումը կարելի եղածին չափ նուազեցնելու չափանիշերը:

Վ. Սապունճեան հաստատեց, որ նախարարութիւնը իրաւունք ունի հսկելու գործարաններուն օրինական կացութեան: Ան կոչ ուղղեց սրբագրելու այն սխալները, որոնք կարգ մը գործարաններու կողմէ չեն որդեգրուած` իբրեւ նուազագոյն չափանիշեր:

Վ. Սապունճեան ընդգծեց, որ ինք երկրագործութեան նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասանի հետ պիտի շարունակէ հետեւիլ սննդամթերքի ճարտարարուեստին յատուկ գործարաններուն իրավիճակին:

Նշենք, որ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ սննդամթերքի ճարտարարուեստի գործարաններուն բարգաւաճման, ինչպէս նաեւ կարգ մը գործարաններու փակումը կանխարգիլելու նպատակով վարկեր տրամադրելու կարելիութիւնները:

Leave a Reply

Advertisement