Saturday May 18, 2013

Միքաթի Ուսուցիչներուն Հետ Նախնական Համաձայնութեան Մը Կը Յանգի

By adminx - Thu Jul 19, 7:40 am

Միքաթի եւ Տիապ` ուսուցիչներու պատուիրակութեան հետ հանդիպման ընթացքին

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի գրասենեակը երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սենտիքայական աշխատանքը համակարգող խորհուրդը, որուն հետ քննարկեց ուսուցիչներուն պահանջները` ներկայութեամբ կրթութեան նախարար Հասսան Տիապի եւ պետական նախարար Մարուան Խէյրէտտինի:

Հանդիպումէն ետք Անձնական դպրոցներու մէջ դասաւանդող ուսուցիչներու սենտիքայի նախագահ Նաամէ Մահֆուտ յայտնեց, որ վարչապետին հետ սկզբնական համաձայնութիւն մը գոյացած է` մաղթելով, որ այդ համաձայնութիւնը վաւերացուի ու գործադրուի:

Միքաթիի այցելեցին նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն դեսպանները, որոնց անունով Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Անժելինա Էխհորեսթ յայտնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատած է Լիբանանի միասնականութեան եւ անկախութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւնը:

Վարչապետարան այցելեց նաեւ Սայտայի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ Սայտայի քաղաքապետ Մոհամետ Սէուտիի:

Պատուիրակութիւնը վարչապետին մտահոգութիւն յայտնեց շէյխ Ահմետ Ասիրի կազմակերպած նստացոյցին ու մէկ ամիսէ ի վեր Սայտայի մայր ճամբան փակելու առնչութեամբ եւ անկէ խնդրեց հետեւիլ այս հարցին:

Վարչապետ Միքաթիի այցելեցին նաեւ խորհրդարանի նախկին նախագահ Հիւսէյն Հիւսէյնի եւ ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի:

 

Leave a Reply

Advertisement