Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
By adminx - Thu Jul 19, 7:39 am
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ուսանողական եւ երիտասարդական իր միաւորները հրաւիրեց այսօր երեկոյեան ժամը 7:00-ին Ելեկտրականութեան ընկերութեան դիմաց կատարուելիք նստացոյցի մը, որուն ընթացքին պիտի մերժուի սարակներուն կողմէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան «բռնագրաւում»-ը:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք երէկ այցելեց ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ դրուատեց Քուրայի երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւններուն առիթով անոր ի գործ դրած ջանքերը: Տաուք շեշտեց, որ խօսքի ազատութիւնը ճամբաները փակել չի նշանակեր, իսկ դատական իշխանութեան վրայ ճնշում բանեցնելը խստիւ մերժելի է:
ԳԱՂԹԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ հարցերու նախարար Ալաէտտին Թըրրօ շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը քաղաքական որոշում ունի երկրին սահմանները պաշտպանելու որեւէ յարձակումի պարագային, ըլլայ ան թշնամի կամ բարեկամ երկրի կողմէ: Ան շեշտեց, որ ինք կը մերժէ Ելեկտրականութեան ընկերութեան մէջ սարակներուն որդեգրած նստացոյցին ձեւը:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ նախարարութեան հրապարակած շրջաբերականին հիման վրայ, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը արձանագրած է 400 լ. ոսկիի յաւելում, կանաչ մազութի թիթեղին սակը` 300 լ. ոսկիի, իսկ կարմիր մազութին սակը` 200 լ. ոսկիի:
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒԹԵԱՆ եւ մարմնակրթութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ յայտնեց, որ Քուրայի մէջ Ղովմի կուսակցութեան թեկնածու Ուալիտ Ազարի ստացած քուէները ցոյց կու տան վերջինիս ընտրական մեքենային արձանագրած նուաճումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան շարժումը ժողովրդային է եւ ցոյց կու տայ երկրին մէջ տիրող կացութեան մասին անոր ընդվզումը:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր յուլիսեան պատերազմին առիթով իրանցի իր պաշտօնակիցէն` Ալի Աքպար Սալեհիէն ստացաւ նամակ մը, որ Մանսուրի յանձնուեցաւ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատիի կողմէ: Նամակին մէջ Սալեհի Թեհրանի զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն:
- 0 Comments
- 26 views
- Tweet
Email
Print



