Դամասկոսի Մէջ Կատարուած Ահաբեկչական Աննախընթաց Յարձակումի Մը Իբրեւ Հետեւանք Սուրիոյ Վարչակարգի Ապահովական Բարձրաստիճան Պաշտօնատարներ Սպաննուեցան Եւ Ուրիշներ Վիրաւորուեցան
By adminx - Thu Jul 19, 7:34 am
- 0 Comments
- 236 views
- Tweet
Email
Print
Երէկ կէսօրին Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ յարձակում մը տեղի ունեցաւ, մինչ սուրիական վարչակարգի ապահովական կառոյցներու ղեկավարներ եւ նախարարներ կեդրոնատեղիին մէջ ժողով մը կը գումարէին:
Յարձակումին զոհ գացին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Տաուտ Ռաժհա, պաշտպանութեան փոխնախարար, Սուրիոյ նախագահի քեռայր զօր. Ասեֆ Շաուքաթ եւ Սուրիոյ փոխնախագահի օգնական, Սուրիոյ պաշտպանութեան նախկին նախարար զօր. Հասան Թիւրքմենի:
Վիրաւորուեցան Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Շաար, Ազգային անվտանգութեան գրասենեակի ղեկավար Հիշամ Պախթիար: Սուրիան ազատագրելու ազգային աշխատանքի խմբակցութեան հիմնադիր Քամալ Լապուանի «Արապիա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ վիրաւորներուն շարքին է Սուրիոյ նախագահին եղբայրը` Մահեր Ասատ, որ ծանր վէրքեր ստացած է:
Գործողութեան վերաբերեալ երեք տարբերակներ հաղորդուեցան` անձնասպանական գործողութեան մը պատճառով պայթում, պայթում ապա հրացանաձգութիւն եւ ժողովի ներկաներէն մէկուն թիկնապահը կրակ բացած է: Գործողութեան պատասխանատուութիւնը ստանձնեց Իսլամութեան ջոկատ կազմակերպութիւնը, սակայն Սուրիական ազատ բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ գործողութիւնը իրենք կատարած են եւ ոչ թէ Իսլամութեան ջոկատ կազմակերպութիւնը:
Սուրիոյ նախագահը անմիջապէս հրամանագիր մը հրապարակելով զօր. Ֆահտ Ժասեմ Ֆրէյժը նշանակեց պաշտպանութեան նախարար:
Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմրան Զոհպի յայտնեց, որ «ան որ կը կարծէ, որ Դամասկոս վճռորոշ ճակատումն է, ամբողջ Սուրիոյ մէջ վճռորոշ պիտի ըլլայ այդ ճակատումը, եւ իրենք կը սխալին այս բանակին ու պետութեան ուժի գնահատման մէջ»: Ան նշեց, որ Դամասկոսի յարձակումին պատասխանատուն արաբական եւ արեւմտեան գաղտնի սպասարկութիւններն են` նշելով, որ անոնք հաշուետուութեան պիտի կանչուին, «թէեւ իրենց պալատներուն, տուներուն կամ բանակներուն ետին կը պահուըտին»:
Սուրիոյ բանակի սպայակոյտը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ականահարումը երկչոտ արարք նկատեց` վստահեցնելով, որ ատիկա «սպանութեան եւ ոճիրի աւազակախումբերուն վերջ տալու եւ զանոնք հալածելու» առնչութեամբ զիրենք աւելի վճռակամ պիտի դարձնէ:
Սուրիոյ Ազգային խորհուրդը Դամասկոսի մէջ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած ականահարումը շրջադարձ մը նկատեց սուրիական տագնապին մէջ` նշելով, որ տագնապը վերջ պիտի գտնէ քանի մը շաբաթներէ կամ ամիսներէ ետք:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի մօտիկ շրջանակին դէմ կատարուած յարձակումը ՄԱԿ-ի մէջ վճռորոշ քայլի մը պահանջները կ՛ամրապնդէ: Սակայն ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ՄԱԿ-ի եւ Արաբական լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Քոֆի Անան Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած դէպքին պատճառով ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն խնդրած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատող բանաձեւին քննարկումը յետաձգել: Դիւանագիտական աղբիւրներ յայտնեցին, որ Ապահովութեան խորհուրդը կրնայ արեւմտեան բանաձեւին շուրջ քուէարկութիւնը յետաձգել: Իսկ Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել նշեց, որ Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցած ականահարումէն ետք պէտք է այդ որոշումը հրապարակելու աճապարել: Աւելի ուշ, Ապահովութեան խորհուրդը քուէարկութիւնը յետաձգեց հինգշաբթի օրուան:
Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ «յստակ է, թէ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ Սուրիոյ վրայ վերահսկողութիւնը կը կորսնցնէ: Միջազգային ընտանիքը Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցում կատարելու համար արագ կերպով պէտք է գործէ»: Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լէոն Փանեթա յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը մտահոգ է Սուրիոյ զարգացումներուն նկատմամբ` նշելով, որ այն, ինչ որ վերջերս տեղի կ՛ունենայ, մեծ փաստ մըն է, թէ այն, ինչ որ Սուրիոյ մէջ տեղի կ՛ունենայ, բախումներու իսկական մագլցում մըն է: Ան Բրիտանիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիլիփ Համընտի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին ընդգծեց, որ «Սուրիոյ մէջ կացութիւնը արագ կերպով հակակշիռէ դուրս կու գայ»:
Պաշտպանութեան երկու նախարարները Սուրիոյ քիմիական զէնքերու վերահսկողութենէ դուրս գալուն նկատմամբ մտահոգութիւն յայտնեցին:
Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Էհուտ Պարաք իսրայէլեան բանակի հրամանատարութեան հետ Սուրիոյ շուրջ խորհրդակցութիւններ կատարեց: Իսրայէլի սպայակոյտի պետ Պենի Կանց Սուրիոյ կացութեան քննարկման համար բանակի հրամանատարական կազմը արտակարգ նիստի մը հրաւիրեց: Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ քննարկումները Սուրիոյ հրթիռային եւ քիմիական զէնքերու ճակատագիրին շուրջ են: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպըրման յայտարարեց, որ «Սուրիոյ զարգացումներուն արժեւորումը կը կատարենք», իսկ Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես ըսաւ, որ «երբ Ասատի վարչակարգը տապալի, կ՛ուզենք Սուրիոյ հետ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել»:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ իրենք արիւնահեղութիւնը չեն ողջուներ, սակայն նշեց, որ անոնք, որոնք այդ պայթումին պատճառով սպաննուեցան, սուրիացի ժողովուրդին դէմ յարձակումներու մեծագոյն ծրագրողներն են: Իսկ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դէպքը նկատեց «ահաբեկչական յարձակում մը, որուն հեղինակները պէտք է պատժել»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յայտարարեց, որ Սուրիոյ մէջ վճռորոշ ճակատամարտեր տեղի կ՛ունենան:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արտակարգ նիստ մը գումարելէ ետք դատապարտեց Դամասկոսի մէջ Ազգային անվտանգութեան կեդրոնատեղիին դէմ կատարուած յարձակումը` վստահեցնելով, որ սուրիացի ժողովուրդին կողքին կը կանգնի եւ Ասատի կատարած բարեկարգումներու ծրագիրին կը զօրակցի: Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի այս առումով սուրիացի իր պաշտօնակից Ուալիտ Մոալլեմի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մէջ մտնելով ցաւակցութիւն յայտնեց:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս դատապարտեց տեղի ունեցած «ահաբեկչութիւնը» եւ Սուրիոյ մէջ քաղաքական փոխանցումի կարեւորութիւնը շեշտեց:
Դամասկոսի մէջ գործուած պայթումէն ետք, Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յառաջիկայ կիրակի Տոհայի մէջ արաբ արտաքին գործոց նախարարներու արտակարգ ժողով մը հրաւիրեց:
Նշենք, որ Սուրիոյ փոխնախագահ Ֆարուք Շարեհ երէկ «Էյ. Էն. Պի.»-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին հերքեց սուրիական իշխանութենէն իր անջատման լուրը:
- 0 Comments
- 236 views
- Tweet
Email
Print




