Sunday May 26, 2013

Ըստ Օրաթերթի Մը Եգիպտոսի Մէջ Մուրսի-Փերես Հանդիպում Մը Դասաւորելու Ամերիկեան Ջանքեր Գոյութիւն Ունին

By adminx - Thu Jul 19, 7:32 am

Մոհամետ Մուրսի

Լաւատեղեակ աղբիւրներ քուէյթեան «Ժարիտա» օրաթերթին կը յայտնեն, որ Ուաշինկթըն աշխուժ ջանքերով եւ քաղաքական ու նիւթական աջակցութեան խոստումներով կը փորձէ Եգիպտոսի նորընտիր նախագահ Մոհամետ Մուրսին համոզել Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերեսի հետ հանդիպում ունենալու: Այս հարցը քննարկուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Հիլըրի Քլինթընի Գահիրէ այցելութեան ընթացքին:

Աղբիւրները կը նշեն, որ փորձ կը կատարուի երկու նախագահներուն միջեւ Գահիրէի կամ Շարմ Շէյխի մէջ դասաւորելու հանդիպում մը, որ եթէ տեղի ունենայ, Փերես Եգիպտոսի նախագահը պիտի հրաւիրէ Թել Աւիւ այցելելու եւ Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթելու համար Երուսաղէմ այցելելու:

Մուրսի նախապէս մերժած էր Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ խօսիլ, երբ վերջինս հեռաձայնած է Մուրսիի նախագահ ընտրութիւնը շնորհաւորելու համար:

Ըստ աղբիւրներուն, Եւրոպական Միութիւնը դեր ունեցած է Մուրսին համոզելու, որ փարատէ Արեւմուտքի մտահոգութիւնները` նշելով, որ պիտի յարգէ միջազգային համաձայնութիւնները, որոնց ամէնէն կարեւորը Իսրայէլի հետ խաղաղութեան համաձայնութիւնն է:

Միւս կողմէ, Եգիպտոսի Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը պահած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարի գրասենեակին հետ իր հեռաձայնային ուղղակի կապը, մինչ անիկա վերցուած է Եգիպտոսի նախագահի գրասենեակէն: Աղբիւրները կը նշեն, որ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդը բարձրացուցած է իսրայէլեան կառավարութեան հետ համակարգումի մակարդակը, որ 25 յունուարի յեղափոխութենէն ետք նուազած էր:

Ամերիկեան «Քրիշչըն Սայընս Մոնիթըր» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ փորձած է Քլինթընի Իսրայէլ այցելութիւնը օգտագործել` ծանօթանալու համար Եգիպտոսի նորընտիր նախագահին մտածելակերպին եւ Իսրայէլի նկատմամբ անոր տեսակէտին:

Օրաթերթը կը նշէ, որ իսրայէլացի ղեկավարները Քլինթընի հետ իրենց հանդիպումներուն ընթացքին յստակօրէն կեդրոնացած են եգիպտական թղթածրարին եւ Եգիպտոս-Իսրայէլ յարաբերութիւնները բարեկարգելու կարելիութեանց վրայ:

Օրաթերթը նաեւ կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ թերեւս ընդունի Եգիպտոսի հետ խաղաղութեան «Քամփ Տէյվիտ»-ի համաձայնութեան վրայ աւելցնել յաւելուած մը, որ կը վերաբերի Սինայի ապահովութեան:

Իսրայէլացի ղեկավարները Քլինթընին հարց տուած են, թէ Մուրսի կը մտածէ՞ եգիպտացիներուն մօտ ժողովրդականութիւն չվայելող «Քամփ Տէյվիտ»-ի համաձայնութիւնը բարեփոխելու մասին:

 

Leave a Reply

Advertisement