Լիպիոյ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն` Ազատականները Յառաջատար Դիրքի Վրայ
By adminx - Thu Jul 19, 7:30 am
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print
Լիպիոյ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հրապարակած է անցեալ շաբաթ երկրին մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները:
Ազգային ուժերու միութիւնը, որ կը համախմբէ ազատական կուսակցութիւնները, շարժումներն ու անկախ քաղաքական գործիչները, կը գտնուի յառաջատար դիրքի վրայ` գրաւելով համամասնական ցուցակով ընտրելի 80 աթոռներէն 39-ը:
Յանձնախումբը նաեւ յայտարարեց, որ որեւէ կուսակցութիւն չէ յաջողած խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմել:
Իսլամ եղբայրներու քաղաքական թեւը նկատուող Կառուցում եւ արդարութիւն կուսակցութիւնը ապահոված է 17 աթոռ: Մնացեալ աթոռները բաժնուած են ոչ մեծ, հիմնականին մէջ կրօնական ուղղուածութեամբ կուսակցութիւններու միջեւ:
Լիպիոյ խորհրդարանը կը բաղկանայ 200 աթոռներէ, որոնց 120-ը մեծամասնական դրութեամբ ընտրելի է, իսկ 80-ը` համամասնական: Այժմ մրցակցութիւնը նշեալ 120 աթոռներուն շուրջ է:
Ըստ «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան, ի յայտ եկած է, որ կիները խորհրդարանի 200 աթոռներէն 33-ը ապահոված են:
Յիշեցնենք, որ Լիպիոյ մէջ ընտրութիւնները տեղի ունեցան 7 յուլիսին: Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 2.7 միլիոն քուէարկողներ:
- 0 Comments
- 18 views
- Tweet
Email
Print



