Wednesday May 22, 2013

Սպանիոյ Թագաւորը Տնտեսական Ծանր Իրավիճակին Պատճառով Կը Կրճատէ Իր Աշխատավարձը

By adminx - Thu Jul 19, 7:28 am

Խուան Քարլոս Ա. թագաւոր

Սպանիոյ Խուան Քարլոս Ա. թագաւորը որոշած է կրճատել իր աշխատավարձը 7.1 առ հարիւրով` Սպանիոյ մէջ տնտեսական ծանր իրավիճակին պատճառով: Այսուհետեւ ան տարեկան պիտի ստանայ 272,252 հազար եւրօ, ինչ որ քսան հազար եւրոյով նուազ է անոր նախկին աշխատավարձէն:

Թագաւորի օրինակին հետեւած են թագաւորական ընտանիքի միւս անդամները: Սպանիոյ գահաժառանգ  Ֆիլիփէ իշխանը եւս տասը հազար եւրոյով կրճատած է իր տարեկան աշխատավարձը եւ այսուհետեւ պիտի ստանայ տարեկան 136,276 հազար եւրօ:

Ապրիլ 2012-ին Սպանիոյ թագաւորը 170 հազար եւրոյով կրճատած էր թագաւորական ընտանիքին ծախսերը:

Անցեալ տարի թագաւորական ընտանիքի ծախսերը կազմած են 8.43 միլիոն եւրօ: Այս գումարէն Խուան Քարլոս Ա. թագաւորը ստացած է 292,552 հազար եւրօ:

Leave a Reply

Advertisement