Որոմնացաններու Թիրախը` Յաջողութիւնդ
By adminx - Thu Jul 19, 5:46 am
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print
ԱԼԵՔՍԱՆ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Յառաջադէմ ու յառաջատար դէմք մը ըլլալու փափաքը մարդ արարածին ամենաբուռն բաղձանքներէն մին կարելի է համարել: Նախնադարուն ապրող մարդը իր ժամանակաշրջանին որքա՜ն ճիգ թափած է այլոց ուշքը իր վրայ գրաւելու ու կեդրոնացնելու եւ իր իսկ մտքին հանճարով, այս պարագային` իր մտքի կութքով, ստեղծագործութեամբ ու գիւտարարութեամբ բարձրանալու եւ նորանոր յաջողութիւններ ձեռք ձգելու:
Համատարած սովորոյթներ են վերոբնութագրեալները, որոնք դարերն ի վեր գոյութիւն ունեցած են եւ պիտի շարունակեն իրենց «այժմէականութիւնը» մինչեւ աշխարհի վախճանը: Այնքան ատեն որ այս աշխարհին վրայ գոյ ենք ու կանք, կ՛ապրինք ու կը շնչենք, միաժամանակ կը գոյատեւենք թէ՛ մեր կենցաղով, թէ՛ աշխատանքներով եւ թէ՛ ուսմամբ. ուրեմն պիտի արարենք, ստեղծագործենք եւ մեր կարողութեան սահմաններուն մէջ մեր մասնակի բաժինը պիտի բերենք համայնքային թէ գաղութային, ընկերային թէ հաւաքական, եկեղեցական ու ազգայնական բնագաւառներէն ներս:
Իւրաքանչիւր դարաշրջան ու ժամանակահատուած ունեցած է եւ ունի իր բազմաշերտ դժուարութիւններն ու տարաբնոյթ «հանգոյց»-ները: Դժուարութիւնները ժամանակի ընթացքին շրջանցուած են, անխզելի թուացող «հանգոյց»-ները հանգուցալուծուած են, իսկ անլոյծ ներկայացող հարցադրումները լուծուած են շնորհիւ մարդ էակի մտքին: Մի՛տքն է, որ անկարելին կարելի կ՛ընէ, անպարփակելին պարփակելի կը դարձնէ եւ զայն կը դնէ ի շահ հանրութեան եւ յօգուտ ընկերութեան: Մտքով յաղթահարուած ու իրագործուած բոլո՛ր դժուարամատչելի նուաճումներն ու ստեղծագործութիւնները յանկարծակի չեն յայտնուած, այլ մաշեցուցած են աչքի լոյս, հազարումէկ դռներ թակած, բազմազան փորձարկումներ կատարած ու ձախողած, աներեւակայելի յոյսերով սնած ու ապա` ջրուած… բայց վերջաւորութեան` յաջողած: Այսպէ՛ս եղած են գիտական աշխարհն ու գիւտարար միտքը. պրպտել, զննել, տքնիլ եւ ստեղծագործել:
Դիւրին չէ արդիւնքի մը հասնիլ: Մինչեւ աշխատանքիդ պտուղը քաղելը ի՜նչ-ինչ սաղարթախիտ ճամբաներէ ու տափաստաններէ կ՛առաջնորդուիս կամքի անկախ պատճառներով: Ձախողութիւնը մէկդի թողած` այդ քու փորձարկման շրջանիդ «ԱՆԿՈՉ ՀԻՒՐԵՐ»-ու տիրական ներկայութիւնը եռանդուն կամքդ կը խանգարեն եւ տարած աշխատանքդ կը կազմալուծեն ու կը պարունակազրկեն: Երէկուան դեռ աղուամազով տղան, երբ այսօր անհատական դիմագծութեան ճամբուն մէջ կը մտնէ, անպայմանօրէն կը հանդիպի նախանձաբեկ ու նախայարձակ անձնաւորութեանց: Դէպի ինքնավստահութիւն գացող ու ինքնատիպ նկարագիր կերտող երիտասարդը եւս անմասն չի մնար չարակնոտ մարդոց տհաճ ներկայութեան, որոնց թշնամին դուն չես, այլ` ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԴ: Ի՞նչն են դրդապատճառները, որոնք մարդս այս զազրելի աստիճանին հասցուցած են ու ամբողջապէս` զայն դիմափոխած: Մարդ, որ կոչուած է բարիին հետամուտ ու նախանձախնդի՛ր ըլլալու, բարիի՛ն ձգտելու եւ միայն բարի՛ք կատարելու, ինչո՞ւ այսքան յաչաղկոտ արարած մը դարձած է: Ո՞վ է զինք հրահրողը եւ դէպի նենգամտութիւն ու չարակամութիւն մղողը… Պատասխանը յստա՛կ է եւ լուսաբանութեան չի կարօտիր:
Տեսնուած է, որ նման մտայնութիւն ունեցող մարդիկ իրողապէս այլոց ամենահամեստ յաջողութիւններն անգամ չեն հանդուրժեր, չեն կրնար ընդունիլ ճշմարտութիւնը եւ հաշտուիլ անոր հետ, կը տրտմին յաջողածի ուրախութեամբ եւ կ՛ուրախանան անոր տխրութեամբ կամ զայն պատուհասող չարիքներով: Զարմանալին այն է, որ դէպի առաջ իրենց շարժումին մէջ իսկ հայեացքները կը պահեն մի՜շտ ետեւ` իրենց գոյութիւնը պայմանաւորելով խաւարամտութեամբ, չարախօսութեամբ, բամբասանքով, լոյսէ հեռու գործարքներով եւ սադրանքներով: Մարդիկ, որոնք կոչուած են օրինակ դառնալու իրենց շրջապատին, սակայն ափսոսալի է, երբ կը տեսնես իրենց անարդիւնք եւ մանաւանդ ատելավառ վերաբերմունքը, որոնք ուրիշ բան չեն, եթէ ոչ` ՆԱՆՐԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ ու ԶՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ: Խղճալի՜ վիճակ…
Ատելութիւնը իր չարատունկ ու չարաբոյս սերմերը մնայուն կերպով կը ցանէ մարդուս սրտի բերրի հողին վրայ: Եթէ հողը չունենայ իր հողագործը, շուտով ցորենին կողքին որոմները կը բուսնին եւ արգելք կը դառնան ցորենահատիկին ծլարձակման ու փթթումին: Բարեբեր հողը մարդուն սիրտն է, ցորենահատիկը առաքինութիւններն են, իսկ որոմները` մեղքերը, որոնք աճելով` կը վերածուին հաստաբուն ծառի մը: Քրիստոսի իսկ կողմէ արտասանուած «Որոմի առակը» լաւագոյնս կը պատկերէ չարին մնայուն ներկայութիւնը մեր կենսընթացին մէջ: Առակին համաձայն, որոմ ցանողը գիշեր ատեն կու գայ եւ ցորենին կողքին որոմ կը ցանէ: Ժամանակ մը ետք մշակները կու գան ու արտի տիրոջ իմացնելով` կ՛ըսեն. «Տէ՛ր, դուն միայն լաւ սերմեր չցանեցի՞ր արտիդ մէջ. ուրկէ՞ հապա եկաւ որոմը» (Մտ. 13.27): Տէրը կը պատասխանէ. «Ասիկա թշնամի մարդու գործ է» (Մտ. 13.28): Մշակները կ՛առաջարկեն երթալ եւ քաղել որոմները, սակայն ան չ՛արտօներ` զգուշանալով, որ զանոնք խլած միջոցնին կրնան նաեւ ցորեններու ծիլերուն վնաս հասցնել: Ուստի կը թելադրէ մինչեւ հունձքի ժամանակ համբերել: Որքա՜ն շատցած է թիւը որոմաբոյսերու նմանող եւ որոմնացաններու նկարագիր ունեցող մարդոց, որոնք տիւուցայգ կ՛երթեւեկեն մեր արտին մէջ` իրենց չարախինդ որոմները, չարապատիր ու չարախօս գործերը ՀԱՍՑԷԱԳՐԵԼՈՎ մեզի:
Քրիստոնէական ըմբռնումով աշխարհը կ՛ատէ Աստուծոյ զաւակները, կը հալածէ Ամենակալին երկրպագուները եւ կ՛անուանարկէ Անոր հետեւորդները: «Եթէ այս աշխարհին պատկանած ըլլայիք, աշխարհ ձեզ պիտի սիրէր, որպէս իրմէ եղող մէկը: Բայց աշխարհը ձեզ կ՛ատէ, որովհետեւ ես ձեզ այս աշխարհէն զատեցի, եւ դուք այս աշխարհին չէք պատկանիր այլեւս» (Յհ. 15.19): Աշխարհը կը գթայ անգութին եւ անգութ կը դառնայ գթութեան ու օգնութեան կարօտ մարդոց հանդէպ: Աշխարհը նեցուկ կը կանգնի կեղծաւորին ու ստախօսին եւ կը վտարէ անկեղծ մարդիկն ու անկեղծութիւնը: Աշխարհը չի՛ սիրեր իրմէ զատորոշուողներն ու հեռացողները, այլ կը սիրէ իրեն կամակատարներն ու հնազանդողները: Աւելի՛ն. աշխարհաշէն ու աշխարհատեաց բառերը վաղուց վերացած են 21-րդ դարու երիտասարդին «բառարան»-էն եւ անոնց փոխարէն` տեղ գտած են հաճոյապաշտութիւն, հաճոյամոլութիւն ու հաճոյասիրութիւն անուանեալ ցանկազարթոյց մոլութիւնները, որոնց շնորհիւ դերակատար երիտասարդը իր շուրջ համակիր շրջանակ մը կազմելով` կը դեգերի տարփանքալից աշխարհէն ներս` կամայաբար ուղղուելով դէպի անդունդ: Ա՞յս պէտք է ըլլայ մերօրեայ երիտասարդ-երիտասարդուհիին նպատակակէտը…
Ժամանակին աղջնակ մը կար, որ շարունակ կը դժգոհէր իր ապրած կեանքէն: Ըստ անոր, կեանքը փորձութիւններով լեցուն էր եւ կարելի չէր զանոնք յաղթահարել: Իր հայրը, տեսնելով եւ լսելով իր դուստրին դժգոհանքները, կեանքի դաս մը տալու նպատակով ու առաջադրութեամբ զինք տան խոհանոցը կը տանի:
Հայրը երեք սրճաման կ՛առնէ եւ զանոնք ջուրով կը լեցնէ ու կրակի վրայ կը զետեղէ: Երբ եռալու կը սկսին, իւրաքանչիւր սրճամանին մէջ գետնախնձոր մը, հաւկիթ մը ու սուրճի հատիկներ կը դնէ: Աղջիկը բան մը չի հասկնար եւ կ՛ուզէ վայրկեան մը առաջ տեսնել արդիւնքը: Քսան վայրկեան ետք հայրը բոլոր սրճամաններուն կրակը կը մարէ: Առաջին եւ երկրորդ սրճամաններէն գետնախնձորն ու հաւկիթը կը հանէ ու պնակի մը մէջ կը դնէ, իսկ վերջին սրճամանին ջուրը, որ սուրճի գոյն ստացած էր, գաւաթի մը մէջ կը լեցնէ: Ապա աղջկան դառնալով` կը հարցնէ. «Ի՞նչ կը տեսնես»: «Գետնախնձոր, հաւկիթ եւ սուրճ» ըսելով` սխրանքով մը պատասխան կու տայ: «Դարձեալ աւելի մօտէն նայէ՛,- կ՛ըսէ հայրը,- դպի՛ր գետնախնձորին»: Աղջիկը հօրը թելադրածը կը կատարէ եւ անոր կակուղցած ըլլալը կ՛ըսէ: «Նոյն ձեւով հաւկիթն ու ջուրը քննէ՛»: Աղջնակը հաւկիթին կարծրացած ըլլալը եւ ջուրին սուրճի գոյն ստանալը կը նկատէ, սակայն այս բոլորէն բան չի հասկնար:
«Այս բոլորը ի՞նչ իմաստ ունին, հայրի՛կ» հարց կու տայ: Հայրը կը բացատրէ, թէ ջուրը այս օրինակին մէջ կը նշանակէ նեղութիւն, իսկ գետնախնձորը, հաւկիթը, սուրճի հատիկները կը խորհրդանշեն մարդ արարածը: Գետնախնձորը նախապէս կարծր կը թուէր, բայց եռացող ջուրին մէջ մտնելով` կակուղցած եւ ուժէ ինկած էր: Իսկ հաւկիթը` դիւրաբեկ էր, դուրսի պատեանը հազիւ հեղուկը կը պահպանէր, բայց եռացող ջուրին մէջ մնալով` կարծրացած էր: Միայն սուրճի հատիկները տարբեր երեւոյթ ունէին. եռացող ջուրին մէջ մնալով` ո՛չ միայն տարրացած էին, այլ ջո՛ւրն ալ փոխուած էր եւ մէջտեղ եկած էր ամբողջովին նոր բան մը: Հայրը կը շարունակէ` ըսելով. «Դուն ո՞ր մէկն ես: Երբ նեղութիւն մը դուռդ թակէ, ինչպիսի՞ կեցուածք կ՛ունենաս: Գետնախնձորին պէս կակուղնալով` կը ճզմուի՞ս, կամ հաւկիթին պէս սի՞րտդ կը կարծրացնես, թէ՞ ոչ առիթ կու տաս, որ սուրճի հատիկներուն պէս գլուխդ եկած ամէն մէկ պատահար զգացումներդ գերապատկէ եւ կեանքիդ տարբեր համ մը աւելցնէ» (Քաղուած` «Ապրիլ` խոկալով ու զգալով» գրքոյկէն):
Սիրելի՛ ընթերցող, «անկոչ հիւրերու» անախորժ ներկայութիւնը անկասկած կ՛ընդվզեցնեն քեզ ու ջղագրգիռ կը դարձնեն: Այդպիսիք նոյնիսկ եթէ գործ ունենան, ամէն բան մէկդի կը թողուն եւ ակնապիշ նայուածքով ու մանրազնին կը հետեւին իւրաքանչիւր քայլափոխիդ ու շարժումներուդ, այնքան աստիճան, որ շինածդ կ՛աւերեն, իսկ աւերուածը կ՛աւարեն: Ի՞նչն է, որ քեզ կ՛անհանգստացնէ ու արգելք կը հանդիսանայ յաջողութեանդ. անոնց ներկայութի՞ւնը, հասցէագրուած խօսքե՞րը, այստեղ-այնտեղ կատարուած շաղակրատութիւններն ու բամբասանքնե՞րը, տարած աշխատանքներուդ արժեզրկումը եւ այլոց վերագրո՞ւմը: Նման անարդար խօսքերու դիմաց կարելի չէ չանհանգստանալ ու խօսք մը չարտասանել: Սակայն երբ այս բոլորը փորձես դիտել «դրական» ակնոցով, դուն քեզ աւելի «հզօրացած» ու գոհունակ պիտի զգաս, որովհետեւ թշնամիներդ վերելքդ տեսնելով` աւելի եւս պիտի տժգունին, մրոտին ու «ՉՄԱՐՍԵՆ» քեզ:
«Անկոչ հիւրերու»` որոմնացաններու լեզուն չի՛ դադրիր դատարկօսելէ ու թշնամութիւն սերմանելէ…
- 0 Comments
- 27 views
- Tweet
Email
Print



