Յօրանջել-Յօրանջում
By adminx - Thu Jul 19, 5:40 am
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print
Յօրանջելու գործողութիւնը կ՛ենթադրէ ակամայ բերանը բանալ եւ երկար ու խորունկ շնչել, այլ խօսքով` յօրանջում ունենալ: Յօրանջելու եւ յօրանջոցի հոմանիշներն են` երեժկտալ եւ յօրանջ-երեժկտուք:
Անցեալին գիտնականներ չէին գտած յօրանջումին ճշգրիտ պատճառները:
Սակայն բժշկական ուսումնասիրութիւններու համաձայն, յօրանջումը հետեւանքն է թթուածինի նուազումին` թոքերու եւ ուղեղին մէջ:
Թթուածինի նուազումով ուղեղը կը գրգռուի եւ արագօրէն կը հրահանգէ, որ տեղի ունենայ յօրանջը: Անիկա կը տեւէ 5-7 երկվայրկեան: Ուրեմն այս ժամանակամիջոցին ուղեղին հրամանով բերանը կը բացուի լայնօրէն, ստոծանին կ՛ուղղուի դէպի վար, թոքերը կ՛ընդլայնին եւ տեղի կ՛ունենայ արագ շնչառութիւն:
Յօրանջելը անդրադարձ գործողութիւն մըն է, որ կը յառաջացնէ արթնութիւն եւ խորունկ ու երկար շնչառութիւն: Անոր միջոցով բաւարար թթուածին կը հասնի թոքեր եւ ապա` ուղեղ:
Յօրանջումը կը յատկանշուի մեղմ ուժգնութեամբ ձայնով մը, որ սուլոցի կը նմանի:
Յօրանջող անձին քով գտնուողները ընդհանրապէս իրենք ալ կը սկսին յօրանջել: Այլ խօսքով, յօրանջելը փոխանցիկ է: Մինչեւ օրս չէ գիտցուած այս երեւոյթին գիտական դրդապատճառը:
Կոյրեր կը յօրանջեն, երբ լսեն մէկու մը յօրանջոցը: Ուրեմն ան միայն տեսնելով փոխանցիկ չէ, այլ նաեւ` լսելով:
Աճող սաղմը 15 շաբաթ ետք կը յօրանջէ:
Նորածինը առաջին շունչը առնելէ ետք շուտով կը յօրանջէ:
Մանուկները առաջին ամիսներուն շատ կը յօրանջեն:
Մարզիկներէն շատերը մրցումէ անմիջապէս առաջ կը յօրանջեն, որպէսզի բնականէն աւելի թթուածին հասցնեն իրենց ուղեղներուն:
Շուները օտար անձի մը վրայ յարձակելէ առաջ կը յօրանջեն, որպէսզի բաւարար թթուածին հասնի իրենց ուղեղին:
Հաւաքական միջավայրի մէջ եւ ընկերային շրջանակի մէջ յօրանջելը կը նկատուի տգեղ երեւոյթ մը: Յանձնարարելի է յօրանջելու ընթացքին բաց բերանը գոցել ձեռքով:
Յօրանջելու ընթացքին անհատը կրնայ ունենալ ընդհանուր յօդերու ցաւ, սակայն քնքածնօտային յօդն է, որ առաւելաբար կը ցաւի:
Բնական պայմաններու մէջ բոլորս կը յօրանջենք օրական քանի մը անգամ, որ բնական երեւոյթ է: Յօրանջումը ալ աւելի կը պատահի հետեւեալ ազդակներու գոյութեամբ.
1. Քնոտութիւն` քունի պակաս, անկանոն եւ կրճատուած քուն:
2. Լուսաւորութիւն` քնանալու սկզբնաւորութեան:
3. Մտային, ֆիզիքական եւ հոգեկան յոգնածութիւն:
4. Նստակեաց կեանք:
5. Ճարպակալում-գիրութիւն:
6. Յուզում եւ անձկալից վիճակ:
Շարունակական եւ մնայուն յօրանջումը հիւանդագին երեւոյթ է: Անիկա հետեւանք է որոշ հիւանդութիւններու, որոնք պատճառ կը դառնան օդի եւ հետեւաբար թթուածինի նուազ ներշնչումին: Այս հիւանդութիւններէն կարեւորագոյններն են.
1. Սրտա-թոքային հիւանդութիւններ
2. Սրտի տկարացում եւ յոգնածութիւն
3. Ճնշուածութիւն, ընկճուածութիւն եւ առանձնութիւն
4. Քունի շնչադադար
5. Արեան տկարացում
6. Գլխացաւ եւ անգար
7. Ուղեղային հարուած-վնաս
8. Ուղեղային խլիրդ
9. Լուսնոտութիւն
10. Նուաղում
11. Մահաքուն
12. Որոշ դեղեր, որոնք շնչառութիւնը կը տկարացնեն եւ նուազ թթուածինի ներշնչումի պատճառ կը դառնան:
Շարունակական յօրանջումը կրնայ պատահիլ քանի մը վայրկեանը անգամ մը, որ կը դառնայ յոգնեցուցիչ: Անիկա կը յառաջացնէ սրտի անկանոն զարկ, ոտքերու եւ արմուկներու ցաւ, կեդրոնացումի դժուարութիւն, ուժասպառութիւն, յաւելեալ յոգնածութիւն, գլխացաւ եւ անձկալից վիճակ:
Կարելի՞ է կասեցնել եւ կամ արգելք հանդիսանալ յօրանջումին.
Ոչ հիւանդագին յօրանջը կարելի է կասեցնել` դիմելով հետեւեալ միջոցներուն.
1. Բերանը շուտով գոցել
2. Ծնօտները եւ ակռաները իրարու սեղմել
Ոչ-հիւանդագին յօրանջը կարելի է նուազագոյնի իջեցնել եւ կամ արգելք հանդիսանալ դիմելով հետեւեալ միջոցներուն.
1. Օրինաւոր եւ չափաւոր քնանալ
2. Քնանալ լոյսէ հեռու եւ մթութեան մէջ
3. Չգիրնալ, քիչ ուտել
4. Առողջապահական սննդականոնի հետեւիլ
5. Առատ պտուղ եւ կանաչեղէն շատ ուտել
6. Շաքար եւ ճարպ քիչ սպառել
7. Նստակեաց կեանք չունենալ
8. Մարմնամարզանքի հետեւիլ
Հիւանդագին յօրանջը կը վերանայ` դարմանելով անոր դրդապատճառ հիւանդութիւնը:
Պատրաստեց`
ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ
- 0 Comments
- 50 views
- Tweet
Email
Print



