Thursday Jun 20, 2013

Մխիթարեան Երկրորդական Վարժարանին Ամավերջի Հանդէսը

By adminx - Thu Jul 19, 5:38 am

Մխիթարեան երկրորդական վարժարանին ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Հազմիէ, 23 յունիս 2012-ին, դպրոցին սրահին մէջ, նախագահութեամբ Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի` Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոսին:

Հանդէսը սկսաւ յոտնկայս ունկնդրութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի ու Մխիթարեանի քայլերգներուն, զորս հնչեցուց վարժարանին երգչախումբը:

Դպրոցին տնօրէն-վարդապետը` Յովսէփ ծ. վրդ. Թոփալեան կարդաց ողջոյնի ու բարի գալուստի խօսքը` նախ շնորհակալութիւն յայտնելով ուսուցչակազմին, պաշտօնէութեան ու ծնողներուն, որոնք միասնական եւ անխոնջ աշխատանքով ամբողջ տարին տքնեցան դպրոցին վերելքին համար:

Տնօրէնը իր սրտաբուխ երախտագիտութիւնը յատուկ կերպով յղեց Մարալ եւ Հայկանուշ Շահապեան պատասխանատուներուն, Նորա Խրիմեանի, Ալին Գարաճեանի, Ալին Շաալէի, Մերի Հապիպի ու Մարինա Տեմիրճեանի, ինչպէս նաեւ պարուսոյց Հուրի Գալայճեանին եւ երգչախումբի ղեկավարին` Վարդան Եղիայեանին:

Ան հաւաստիացուց, թէ Մխիթարեան վարժարանին աննահանջ վերելքը կը նշանակէ հայ ժողովուրդին գոյատեւումը, մանաւանդ` սփիւռքի տարածքին, ուր ձուլման վտանգը հրէշի նման կուլ կու տայ մեր նորանոր սերունդները:

«Մխիթարեան երկրդ. վարժարանը կը տրոփէ ու զօրաւոր կը բաբախէ: Անոր յաղթերթը դէպի յառաջ, դէպի բարձունք կը շարունակուի: Կ՛ընթանայ ձեր քաջալերանքով, ձեր պահանջով:

«Իսկ մենք` Մխիթարեան վարդապետներս, ազգին ակնկալութիւնները իրագործելու համար կը շարունակենք մեր առաքելութիւնը: Առաքելութիւնը` անձնազո՛հ, գաղափարապաշ՛տ, ազգասէ՛ր, հայրենանուէ՛ր, մարդկայնակա՛ն, քրիստոսասէ՛ր ու կրօնակա՛ն», հաստատեց տնօրէնը:

Ապա դպրոցին երգչախումբը, Վարդան Եղիայեանի ճարտար ղեկավարութեամբ, հայերէն, արաբերէն եւ անգլերէն հայրենասիրական ու ժողովրդական երգեր ներդաշնակօրէն մեկնաբանելով` աւելի ջերմացուց մթնոլորտը:

Խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ դպրոցական պարախումբը ներկայացուց հայկական, լիբանանեան եւ եւրոպական պարեր` արժանանալով թէ՛ հանդիսականներու ծափահարութեան եւ թէ՛ իր պատասխանատու Հուրի Գալայճեանի գնահատանքին:

Հետաքրքրական էր իններորդ դասարանին կողմէ հրամցուած անմոռանալի Յովհաննէս Շիրազի «Հաշուեյարդար» բանաստեղծութեան խմբային ասմունքը` օժանդակութեամբ հայերէնի ուսուցչուհի Ռիթա Պաղտասարեանին:

Այս մեր պարմաններն ու պարմանուհիները ոչ միայն իրենց ձայնով ու հաւատքով պահանջեցին հայ ժողովուրդին իրաւունքները, այլ նաեւ տեսասալիկներու միջոցով մեզի ցոյց տուին փաստացի այն լուսանկարները, որոնք հանդիսականներս համոզեցին, թէ նոր սերունդը երբեք չէ մոռցած ու չի կրնար մոռնալ իր նահատակները եւ կ՛ուխտէ շարունակել երթը պահանջատիրութեան այն ճամբէն, զոր իր նախորդները բացած են:

Թաթայի «Վերջին զանգը» երգին գեղեցիկ մեկնաբանութեամբ, աւարտական դասարանին աշակերտ-աշակերտուհիները յուզեցին իրենց դասատուներն ու վարժարանին անձնակազմը, մանաւանդ երբ տեսերիզով անոնց յիշեցուցին դպրոցական անցեալը, թէ ինչպէս մանուկ տարիքէն եւ տարիներու ընթացքին միասնաբար աշխատեցան Մխիթարեանի մեծ ու ջերմ ընտանիքին մէջ, բայց այսօր ակամայ կը բաժնուին այս նուիրական յարկէն` խոստանալով բարձր պահել իրենց դպրոցին անունը:

Հոս պէտք է յիշել նաեւ, որ մանկապարտէզին մատղաշները իրենց անմեղ ու անուշիկ ելոյթով մերթ ընդ մերթ յայտագրին մաս կազմեցին երգերով ու պարերով` ծիծաղ եւ խինդ առթելով բոլոր ներկաներուն:

Արդ, պահն է նախագահող սրբազանին, որ իր մեծ բերկրանքն ու խոր գնահատանքը յայտնեց տարուած աշխատանքին եւ ձեռք բերուած արդիւնքին համար` եզրափակելով, թէ ինք տարիներէ ի վեր կը հետեւի Մխիթարեան վարժարանին գործունէութեան, զոր որակեց մարդակերտումի, հայակերտումի ու կրօնակերտումի «առաքելութիւնը»:

Ապա, իր հայրական քաջալերանքով եւ օրհնութեամբ, Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան մաղթեց Մխիթարեանին աննահանջ ու բեղմնաւոր յառաջընթաց, իսկ աւարտականներուն` իրենց ուսումին շարունակումն ու յաջողութիւնը:

Տնօրէնութեան, ուսուցչակազմին եւ ծնողներուն համար անհուն ցնծութեան ու արդար հպարտանքի ժամն է հիմա, երբ վկայականներուն բաշխումը տեղի ունեցաւ, որուն յաջորդեց շնորհաւորութիւններու եւ խմբանկարներու պահը:

Ուշ երեկոյեան տուն դարձողներուն հոգեմտաւոր ներաշխարհին մէջ տակաւին կ՛արձագանգէր վարդապետ տնօրէնին յայտարարութիւնը, որ թէ՛ պատգամ եւ թէ՛ պարտադրանք է. «Մխիթարեանը անշեղ ուղիով կ՛ընթանայ իր առաքելութեան մէջ, հայօրէ՛ն ու քրիստոնէաբա՛ր, դաստիարակելու նորանոր սերունդներ: Սերունդնե՛ր, որոնք, ինչպէս անցեալին, այնպէս ալ ներկային ու ապագային մէջ յարգանք կը պարտադրեն ամէն անհատի եւ համայն ազգին»:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Leave a Reply

Advertisement