Thursday Jun 20, 2013

Հմըմ Անթիլիասի Ա. Միաւորի Երկօրեայ Բանակում

By adminx - Thu Jul 19, 5:36 am

Շաբաթ 14 եւ կիրակի 15 յուլիս 2012-ին, ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի Ա. միաւորի բոլոր խումբերը միասնաբար մասնակցեցան երկօրեայ բանակումի մը, որ տեղի ունեցաւ Տուարի «Շերվուտ» բանակավայրին մէջ: Իրենց խմբապետներուն առաջնորդութեամբ պզտիկ գայլիկները, մեծ գայլիկները, արիներն ու երէցները բանակավայր ժամանեցին շաբաթ կէսօրէ ետք եւ անմիջապէս լարեցին իրենց վրանները եւ պատրաստեցին դրօշակի ձողը:

Հերթաբար, տարազաւորները հետեւեցան տեսական եւ գործնական դասախօսութիւններու, որոնց նպատակներն էին ամրապնդել սկաուտական եւ ազգային գիտելիքները, փոխանցել կակուղ թաթիկի, նորագիրի եւ Բ. կարգի անդամներու յատուկ գիտելիքներ, ինչպէս նաեւ` շեշտը դնել խմբակային դրութեան եւ բանակումի յատուկ գիտելիքներուն վրայ:

Երեկոյեան, խարոյկին շուրջ հաւաքուած, արիները վարեցին խարուկահանդէսը եւ սկաուտական կանչերով ու երգերով բոլորը խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտի մը մէջ փակեցին յայտագիրը:

Կիրակի առաւօտեան տեղի ունեցաւ դրօշակի արարողութիւն, որմէ ետք գայլիկները պատրաստեցին թռչուններու յատուկ կերակուր պարունակող ձեռային աշխատանքներ, որոնք զետեղուեցան ծառերուն վրայ: Դասախօսութիւններու աւարտին խումբերը անցան վրանները հաւաքելու եւ ապրանքները հանրակառք բարձրացնելու:

Երկօրեայ բանակումի աւարտին անդամները վերադարձան ակումբ` անհամբեր սպասելով մասնաճիւղին տարեկան բանակումը, որ տեղի պիտի ունենայ 12-19 օգոստոս 2012-ին, Մթէյնի շրջանին մէջ:

ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ՔՈՅՐ ՄԸ

Leave a Reply

Advertisement