Thursday May 16, 2013

Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Երեք Տարեկանի Ճգնաժամը

By adminx - Thu Jul 19, 5:32 am

Կարգ մը երեխաներու մօտ 3 տարեկանի ճգնաժամը թեթեւ եւ աննկատելի կ՛անցնի, սակայն երեխաներուն մեծամասնութիւնը այս տարիքին կը դառնայ կամակոր եւ չարաճճի:

Պայման չէ, որ ճգնաժամը դրսեւորուի ճիշդ երեք տարեկանին, անիկա կրնայ ի յայտ գալ 2,5 կամ 4 տարեկան հասակին:

Երեք Տարեկանի Ճգնաժամին Պատճառները

3 տարեկանին երեխան կը սկսի հասկնալ, որ ինք անհատականութիւն ունի: Ան ընտանիքի լիիրաւ անդամ է, այնպէս` ինչպէս մայրն ու հայրը: Երեխան կը սկսի կրկնօրինակել մեծերը եւ նմանիլ անոնց:

Երեխան կը սկսի խօսիլ «ես»-ով, կը մերժէ հնազանդիլ ծնողներուն, կամակորութիւններ կ՛ընէ եւ տեւաբար կը հակաճառէ: Այս տարիքի երեխան կը սկսի բաներ պահանջել, ոչ թէ այն պատճառով, որ շատ կը փափաքի զանոնք, այլ` պարզապէս ստուգելու համար, որ ծնողները հաշուի կ՛առնե՞ն իր կարծիքը եւ զինք կ՛ընդունի՞ն որպէս ընտանիքի լիիրաւ անդամ:

Ան կ՛ուզէ առանձին հագուիլ եւ հանուիլ, նոյնիսկ եթէ տակաւին բոլորովին ինքնաբաւ չէ: Յաճախ կը դառնայ յարձակողական եւ կռուազան: Կ՛ուզէ, որ իրեն հետ խորհրդակցին, առնեն իր կարծիքը այնպէս, ինչպէս` մեծերուն պարագային:

Այդ իսկ պատճառով կը փորձէ ամէն գնով ինքնուրոյնութեան հասնիլ:

Երեք Տարեկանի Ճգնաժամին Դրսեւորումները

  • Յամառութիւն. ան կը ցանկայ հասնիլ իր ուզածին, կը մերժէ հնազանդիլ կամ լսել մեծերը:
  • Նախանձ`  քրոջ կամ եղբօր նկատմամբ:
  • Ըմբոստութիւն. ան կը սկսի ի՛նք որոշել` կը պառկի՞, թէ՞ կը նստի: Ա՛յս կերակուրը կ՛ուտէ, թէ՞ միւսը: Մեծ մայրիկին հետ տունը առանձին կը մնա՞յ, թէ՞ մօրը հետ կ՛երթայ եւ այլն…
  • Ժխտողականութիւն. երեխան կ՛ուզէ հակադրուիլ մեծերուն: Երբ մեծերը բան մը խնդրեն, ան ճիշդ հակառակը կը կատարէ եւ կամ չլսելու կու տայ:
  • Արժեզրկում. այն բոլոր բաները, որոնք նախապէս յարգի էին երեխային համար, կը դառնան ոչ կարեւոր եւ անհետաքրքիր: Ան կրնայ շատ հանգիստ կոտրել իր շատ սիրած մէկ խաղալիքը եւ կամ մերժել գնդակ խաղալ կամ ծով երթալ:
  • Յարձակողական. զայն կը բարկացնէ ցանկալին ստանալու անհնարինութիւնը եւ ան կը դառնայ յարձակողական:
  • Պայման չէ, որ նշուած վիճակները բոլորն ալ ի յայտ գան. կարգ մը երեխաներ այս շրջանը թեթեւ ու գրեթէ աննկատ կ՛անցընեն:

 

Մեղմ Բժշկութիւն

Բնական Դարմանումներ`
Գլխացաւի Պարագային

Սովորական գլխացաւը կարելի է անցընել բնական միջոցներով, ահաւասիկ` քանի մը օրինակ:

  • Պառկիլ հանգիստ դիրքով, կարելի եղածին չափ թուլցնել մարմինը: Շնչել շատ խորունկ` աշխուժացնելու համար արեան շրջագայութիւնը:
  • Ճակատին վրայ կաղամբի տերեւներ դնել ու կապել:
  • Քունքերը շփել կիտրոնի կեղեւով:
  • Խնձորի քացախին ջուր աւելցնել, դնել կրակին վրայ եւ երբ սկսի շոգի բարձրանալ, գլուխը թեքել դէպի գոլորշին եւ 75 անգամ շնչել:
  • Սխտորը խորովել եւ դնել քունքերուն վրայ:
  • Գաւաթ մը լեղի սուրճ խմել:
  • Կէս գաւաթ օղիի մէջ 1 թէյի դգալ աղ աւելցնել, լուծել եւ այդ լուծոյթով քունքերուն թրջոցնել դնել:
  • Քունքերը շփել անուշահոտով:
  • Բաժակ մը տաք ջուր խմել:
  • Գետնախնձորը կլոր շերտել, դնել ճակատին եւ լաթով կապել:
  • Շատ ամուր կապել ճակատը ամուր կտորով, բայց ոչ` 10 վայրկեանէն աւելի:
  • Պատշգամ ելլել եւ մաքուր օդ շնչել:

 

Ձեւագէտներու Կարծիքով…

Ընտրեցէ՛Ք Ձեր Կազմուածքին
Համապատասխան Հագուստներ

 

Եթէ Գէր Էք…

Հրաժարեցէք փայլուն հագուստներէ, որոնք կը կրկնապատկեն ձեր գիրութիւնը: Նոյնպէս` հրաժարեցէք գծաւոր, ծաղկաւոր կտորներէն, որոնք նոյնպէս չեն ծածկեր ձեր գիրութիւնը: Վերջապէս, հրաժարեցէք բարձրակրունկ կօշիկներէն:

Նախապատուութիւնը տուէք լայն եւ երկար բաճկոններուն, զորս կրնաք կրել հագուստի կամ տաբատի վրայէն` առանց կոճկելու:

Ձեր տաբատները թող ըլլան մութ գոյնի` սեւ, լազուարթ, նախընտրաբար` «քուփ սիկարեթ»: Վրայէն կրեցէք քիչ մը լայն եւ ձեր կոնքը ծածկող, թոյլ կտորէ շապիկներ: Խուսափեցէ՛ք ձեր փորին եւ ստամոքսին ծալքերը շեշտող փակած թի-շըրթներէն:

Եթէ Շեշտուած Կոնք Ունիք

Այս պարագային հրաժարեցէք փլիսէ կամ փոթով փէշերէն, որոնք հովանոցի տպաւորութիւնը պիտի ձգեն: Նոյնպէս` խուսափեցէք գծաւոր կամ ծաղկաւոր, աչքառու տաբատներէն եւ բարձրակրունկ կօշիկներէն:

Նախապատուութիւնը տուէք սեւ, ոչ շատ լայն տաբատներուն: Վրայէն կրեցէք գեղեցիկ, աչքառու շապիկներ` մարդոց ուշադրութիւնը ամէն գնով շեղելու համար ձեր կոնքերէն:

Եթէ Շատ Բարձրահասակ Էք

Հրաժարեցէք բարձր օձիքներէն եւ շատ կարճ փէշերէն: Անշուշտ բարձրակրունկ կօշիկները երբեք յանձնարարելի չեն:

Նախապատուութիւնը տուէք փասթել գոյնի բաճկոններուն, զորս կրնաք կրել տաբատի կամ երկար փէշի վրայէն:

Եթէ Շատ Կարճահասակ Էք

Բոլորովին հրաժարեցէք բարակ եւ բարձր կրունկներով կօշիկներէն, որոնք աւելի եւս կը շեշտեն ձեր թերութիւնը:

Նախապատուութիւնը տուէք ուղիղ եւ նեղ տաբատներուն եւ միագոյն շապիկներուն:

Փէշի պարագային, ընտրեցէք միագոյն եւ երկար տեսակը, իսկ գիշերային հագուստները նոյնպէս թող ըլլան երկար, որպէսզի աւելի սլացիկ երեւաք:

 

Նորաձեւութեան Աշխարհէն

Սայմընզ Փոխարինեց
Կալիանոն

2011-ի մարտին Տիոր նորաձեւութեան տան ձեւագէտ Ճոն Կալիանոն ստիպողաբար հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ անորոշ էր, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէր զայն:

Թեկնածուները շատ էին, բայց ի վերջոյ ծագումով պելճիքացի Ռաֆ Սայմընզ արժանացաւ պաշտօնին:

Սայմընզ անծանօթ մը չէ նորաձեւութեան աշխարհին մէջ. ան գործակցած է բազմաթիւ նշանաւոր ձեւագէտներու հետ եւ տակաւին մինչեւ վերջերս կը վարէր Ժիլ Սենտըր նորաձեւութեան տունը:

Երիտասարդ  ձեւագէտը արդէն իսկ շաբաթ մը առաջ Փարիզի մէջ ներկայացուց Տիորի 2012-2013 աշուն-ձմեռ հաւաքածոն, որ արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին, եւ ան ձեւով մը արդարացուց իր նշանակումը:

Ստորեւ նկարին վրայ` Ռաֆ Սայմընզ, որուն կապուած է Տիոր նորաձեւութեան տան ճակատագիրը:

 

Խոհագիր

Քանելոնի

Բաղադրութիւն

500 կրամ քանելոնի մաքարոն
250 կրամ միջակ քաշուած միս
1 միջակ սոխ` մանրուած
1 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
1/2 թէյի դգալ աղ
1/2 թէյի դգալ սեւ փոշի պղպեղ
1/4 թէյի դգալ պահար
1/4 դգալ կարմիր փոշի պղպեղ
1 միջակ լոլիկ` կեղւըւած եւ մանր խորանարդներու վերածուած
1 ստեպղին` կեղւըւած եւ մանր խորանարդներու վերածուած
4-5 ա. դգալ ձէթ` եփելու համար ճաշը
1 ապուրի դգալ չոր ծոթրին (oregano)
3/4 քլկ. լոլիկի թացան` պատրաստ գնուած կամ տան մէջ պատրաստուած
100 կրամ խառն կրիւյէր եւ մոզարելլա պանիր

Պատրաստութիւն

Տաքցնել ձէթը կամ կարագը տապակին մէջ եւ թեթեւօրէն տապկել սոխը:

Աւելցնել խաշուած միսը, աղը եւ սեւ փոշի պղպեղը ու եփել միսը, մինչեւ որ գոյնը փոխուի:

Աւելցնել պահարը, կարմիր փոշի պղպեղը, ծոթրինը, ստեպղինը եւ խորանարդաձեւ մանրուած լոլիկը: Շարունակել եփել, մինչեւ որ թանձրանայ:

Լեցնել քանելոնիի խողովակները ստացուած խառնուրդով:

Տարածել լոլիկի թացանին կէսը փայրէքսին յատակը եւ զետեղել խողովակները թացանին վրայ, վրան դնել յաւելեալ թացան: Վրան ցանել պանիրը եւ 1 ժամ սառնարանին մէջ դնել, որպէսզի խողովակները ծծեն թացանը ու թեթեւ մը կակուղնան:

Եփել նախապէս տաքցուած փուռին մէջ` 350օF/ 180օC = թիւ 4 ջերմութեամբ, մինչեւ որ երեսը վարդագոյն դառնայ եւ պանիրը ամբողջովին հալի:

ԾԱՆՕԹ.- Կարելի է քանելոնի պատրաստել շոմինով եւ ռիքոթա պանիրով: Այս պարագային ճերմակ թացան գործածել` կարմիրի փոխարէն:

 

Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը

Տունըս

Տունըս գաղտնի է հիմա բոլորից,
Երկինքն է բացուած իր ճամբի վրայ.
Տանիքը` Աստծոյ ափի ձեւն ունի,
Եւ Աստուած ինքը հսկում է վրան…

Արեւին է մօտ տունըս աւելի,-
Այստեղ լինում եմ բոլորից թաքուն.
Լուսնի լոյսի հետ եւ յարդագողի
Տանիքին նստած երգեր եմ հիւսում…

Ամէն համբարձման ու ամէն ուխտի
Մի նոր մանուկ է տանըս մէջ ծնւում.
Հրեշտակներն են երբ գալիս այցի
Իմ մանուկները լեզու են առնում…

Խօսում են Աստծոյ հրաշքի մասին
Եւ Սիրոյ մասին, եւ գաղտնի իմ տան…
Հրեշտակները իրար ականջի
Շշնջում են ու… Ժպտում են իրար.

- Դռնակից վերեւ զանգերը կախուած
Երբ որ ղօղանջեն Տէրը կը կանչի…
Կը մտնեմ տունըս – բոլորից քաշուած`
Աստծոյ մէջ կ՛ապրեմ` բոլորից գաղտնի…

ԳՈՀԱՐ ԳԱԼՍՏԵԱՆ

Պատրաստեց՝
ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Leave a Reply

Advertisement