Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
By adminx - Thu Jul 19, 5:30 am
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Մի՛ աճապարէք ձեր ծրագիրը իրագործելու, որովհետեւ վաղը կրնան պայմանները փոխուիլ, մանաւանդ` նիւթական իմաստով, այն ատեն աւելի կ՛օգտուիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անցած-գացած հարցեր արծարծելու ժամանակը չէ: Մոռցէք տխուր անցեալը եւ կեդրոնացէք նոր օրերու պահանջները իրագործելու աշխատանքին վրայ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր վրայ յոյսեր դրած են ձեր շուրջինները, հետեւաբար մնացէք ձեր բարձրութեան վրայ: Իմաստութիւնը ծախու ապրանք չէ, որ գնէք, այլ զայն փնտռեցէք ձեր ներաշխարհին մէջ, ան կ՛առաջնորդէ ձեզ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բախտին հաւատաք կամ ոչ, անիկա գոյութիւն ունի: Կարեւորը ձեր հաւատքն է` բարիին եւ արդարին: Շարունակեցէք մնալ հաւատարիմ ձեր ինքնութեան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կրկնելով` աւելի լաւ կը սորվիք, մանաւանդ շուտով չէք մոռնար ձեր սորվածը: Կարեւորութիւն տուէք զարգանալու հոլովոյթին: Անտարբեր մի՛ ըլլաք գործնական կարելիութիւններու նկատմամբ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Բարի եղէք դիմաւորելու անակնկալ հիւրեր: Թէեւ կրնաք քիչ մը յոգնիլ, բայց անոնց ներկայութիւնը նոր ուժ պիտի տայ ձեր առօրեային եւ ձեր հեղինակութեան: Գոհ եղէք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Ժպիտը հիանալի միջոց մըն է ընկերութեան մէջ գնահատուելու: Ժպտեցէք փոխանակ տխուր տեսքով մնալու: Ժպիտով կրնաք միայն նոր բարեկամութիւններ հաստատել եւ օգտուիլ:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Արուեստը ունի իր յատուկ ազդեցութիւնը` ձեր ճաշակը զարգացնելու: Եթէ արուեստով կը հետաքրքրուիք, այսօր աշխատանք տարէք այս մարզին մէջ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ոխը կամ քինախնդրութիւնը անհաճոյ տրամադրութիւն կը ստեղծեն եւ մարդուն ներաշխարհը կը թունաւորեն: Մոռցէք եղած վիրաւորանքը, ներողամտութիւնը լաւագոյն դարմանն է հոգին հանդարտեցնելու:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գանձերը կամ ձեր շնորհները մի՛ թափէք տգէտ եւ անխելք մարդոց առջեւ, որոնք ոչինչ պիտի հասկնան արժէքներ գնահատելէ: Մնացէք հանդարտ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Մի՛ կարծէք, որ աշխատանքները զուր կ՛անցնին: Անոնք կը նկատուին ձեր շուրջիններէն, մանաւանդ` ձեր մեծաւորներէն, եւ պիտի արժեւորուին անպայման:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Սրամտութիւնը եւ կատակը լաւ են ու հաճելի, երբ անոնք դաստիարակիչ են: Անհամ կամ չար կատակները կը վնասեն: Հեռու մնացէք անոնց հեղինակներէն:
- 0 Comments
- 86 views
- Tweet
Email
Print



