Sunday May 19, 2013

Քանատացի Երեսփոխաններ Պիտի Հետեւին Ղարաբաղի Ընտրութիւններուն

By adminx - Wed Jul 18, 7:51 am

Նալբանդեան` քանատացի խորհրդարանականներուն հետ հանդիպման ընթացքին

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան ընդունած է Քանատայի խորհրդարանի անդամներ, Քանատա – Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խումբի փոխնախագահներ Ալեքսանտր Պուլրիսը եւ Ճիմ Քարաճանիսը:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալբանդեան նշած է, որ վերջին տարիներուն Քանատայի հետ համագործակցութեան մարզին մէջ յառաջընթաց արձանագրուած է, ինչպէս նաեւ դիտել տուած է, որ Հայաստան մեծ կարեւորութիւն կու տայ Քանատայի հետ բազմաբովանդակ փոխյարաբերութիւններու ամրապնդման ու խորացման:

Նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատած է խորհրդարանական դիւանագիտութիւնը` իբրեւ պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման կարեւոր ձեւաչափ եւ ողջունած է Քանատայի խորհրդարանի երեսփոխաններուն գործունէութիւնը` հայ-քանատական յարաբերութիւններու զարգացման իմաստով:

Նախարար Նալբանդեան կարեւոր նկատած է քանատացի խորհրդարանականներու մասնակցութիւնը Արցախի մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններու դիտորդական առաքելութեան: Անոր համաձայն, այսպիսով քանատացի երեսփոխանները առիթ կ՛ունենան տեղւոյն վրայ տեսնելու իրողութիւնները եւ անաչառ պատկերացում ունենալու ընտրական հոլովոյթներուն եւ միջազգային չափանիշերուն անոնց համապատասխանութեան մասին:

Զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ շրջանային խնդիրներու:

 

Leave a Reply

Advertisement