«Ճիշդ Չէ, Որ Արցախի Անկախութիւնը Չեն Ճանչնար» Կ՛ըսէ Ալեքսանտր Պալպերով
By adminx - Wed Jul 18, 7:49 am
- 0 Comments
- 143 views
- Tweet
Email
Print
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն հետեւելու նպատակով Հայաստան գտնուող Ռուսիոյ դիտորդական առաքելութեան ներկայացուցիչները 17 յուլիսին հանդիպում ունեցան ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեանի եւ ՀՅԴ անդամ Արտաշէս Շահբազեանի հետ:
Վահան Յովհաննիսեան շնորհակալութիւն յայտնեց առաքելութեան անդամներուն` Ռուսիոյ Պետական տումայի պատգամաւորներ Ալեքսանտր Պալպերովին եւ Իվան Սուխարեւին, Ռուսիոյ Հանրային պալատի անդամ Տենիս Տվորնիքովին եւ Ռուսիոյ ազատական-ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչներուն` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ տեղի ունենալիք նախագահական ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ստանձնելու եւ այդպիսով Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ժողովրդավարական համակարգի ամրապնդման աջակցելուն համար:
Ան հիւրերուն ներկայացուց արցախեան տագնապի պատմութիւնը, տագնապին մասին որոշ մանրամասնութիւններ եւ անոր լուծման նպատակով ընթացող բանակցային հոլովոյթին առանձնայատկութիւնները:
«Քանի որ օրէնքը թոյլ կու տար, որ բոլոր ինքնավար մարզերը հանրաքուէ կատարէին եւ ինքնուրոյն որոշէին սեփական ճակատագիրը, Լեռնային Ղարաբաղը դուրս եկաւ Ազրպէյճանի խորհրդային հանրապետութեան կազմէն: Եթէ այն ժամանակ Ազրպէյճան ցանկար խնդիրը լուծել խաղաղ ճամբով, ապա, ես համոզուած եմ, այն ժամանակ գտնուած կ՛ըլլար այն բանաձեւը, որ կը բաւարարէր ե՛ւ հայերը, ե՛ւ ազրպէյճանցիները: Թերեւս ստեղծուէր պետական այնպիսի միաւորում մը, որ այն ժամանակ շրջանառութեան դրուած էր` ընդհանուր հանրապետութիւն: Իսկ Ազրպէյճան որոշեց, որ եթէ Խորհրդային Միութիւնը կը փլուզուի, ուրեմն վերահսկողութիւն չկայ, ուրեմն, ինչպէս սովորաբար անոնց մօտ ընդունուած էր, դաշոյնով, խեղդելով կարելի է միաւորել այդ տարածքը», նշեց Վահան Յովհաննիսեան:
Անոր համաձայն, անկախ այն երեւոյթէն, թէ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչցուա՞ծ է, կիսաճանչցուա՞ծ, թէ՞ այլ կարգավիճակ ունի, բայց եւ այնպէս անիկա երկիր մըն է, որուն ժողովուրդը եւս ղեկավարներ պէտք է ունենայ, իսկ այդ ղեկավարութիւնը պէտք է ընտրուի ժողովրդավարական կերպով: Յովհաննիսեան դիտել տուաւ, որ Ղարաբաղի բնակիչները իրենց ղեկավարութիւնը պիտի ընտրեն ժողովրդավարական արժէքներուն համապատասխան` իսկական ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով: «Արցախեան ընտրութիւնները իրենց ժողովրդավարութեամբ միշտ ալ քանի մը քայլ առջեւ եղած են թէ՛ Ազրպէյճանի եւ թէ՛ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցող ընտրութիւններէն», հաստատեց Բիւրոյի անդամը:
Ալեքսանտր Պալպերով նշեց, որ իրենց ըսած են, թէ շատ համարձակ մարդիկ են, որովհետեւ Ղարաբաղ գալով դիտորդական առաքելութիւն պիտի կատարեն: Ան յայտնեց, որ իրենք ո՛չ թէ համարձակ մարդիկ են, այլ բարի կամքի տէր անձեր են, որոնք կ՛ուզեն անձամբ տեսնել այդ փոքրիկ, բայց հիասքանչ երկիրը:
«Կը կարծեմ, որ այս ընտրութիւնները, որոնք հինգերորդ անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան, պիտի ապացուցեն, որ ժողովրդավարական են, եւ որ Ղարաբաղի բնակչութիւնը իսկապէս կ՛ընտրէ իր ուզած իշխանութիւնը: Իսկապէս անհրաժեշտ է վերադառնալ 1994 թուականի մեկնակէտին, երբ Ազրպէյճան կը գիտակցէր, թէ միայն բնական երկխօսութեամբ կարելի է դիւանագիտական արդիւնքներու հասնիլ: Ներկայ դրութեամբ, ի հարկէ, ճիշդ չէ, որ գոյութիւն ունենան անքլաւներ, ուր մարդիկ կ՛ապրին առանց ճանաչում ունենալու: Նման բան չի կրնար ըլլալ, ատիկա ժողովրդավարութիւն չէ: Չէ՞ որ Արեւմուտքը կ՛ըսէ, թէ ժողովրդավարութիւնը ամէն բանէ վեր է, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ազգը, կ՛ընդգծեմ` ազգը, եւ ոչ թէ մէկ-երկու հոգի, անկախութիւն, ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն ունենալ կ՛ուզէ, բայց ոչ ոք կը ճանչնայ զայն», նշեց ռուս դէտը:
- 0 Comments
- 143 views
- Tweet
Email
Print




