Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Շուրջ 100 Հազար Ընտրող Արձանագրուած Է
By adminx - Wed Jul 18, 7:48 am
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print
16 յուլիսի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ ընտրողներուն թիւը կը կազմէր 98 հազար 909: Այդ մասին «Փաստինֆօ» գործակալութեան տեղեկացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններու քուէարկութիւնը տեղի պիտի ունենայ 19 յուլիսին: Լեռնային Ղարաբաղի մէջ այդ օրը բացուելիք ընտրական կեդրոններէն բացի, մէկ կեդրոն ալ պիտի գործէ Երեւանի մէջ` Հայաստանի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցչութեան մէջ:
Ժամանակաւորապէս Հայաստան գտնուող կամ հոն բնակող Ղարաբաղի քաղաքացիներուն առիթ տրուած էր մինչեւ 17 յուլիս արձանագրուիլ, որպէսզի կարենան ընտրութեան օրը իրենց ընտրական իրաւունքը գործածել եւ քուէ տալ: Ատկէ ետք Հայաստան ժամանած արցախցիները քուէարկութեան օրը պիտի ներառուին հայաստանեան ներկայացուցչութեան ընտրողներու լրացուցիչ ցանկին վրայ: Հիմնական ցանկերը օրական դրութեամբ, իսկ լրացուցիչ ցանկերը քուէարկութեան օրը պարբերաբար պիտի ուղարկուին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ, որպէսզի նկատի ունենան այդ անունները` Ղարաբաղի ընտրողներու ցանկերու համալրման ընթացքին:
Յիշեցնենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւնները 19 յուլիսին պիտի կայանան, եւ նախագահական աթոռին համար պիտի պայքարին երեք անկուսակցական թեկնածուներ` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան գործող նախագահ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի պետական գիւղատնտեսութեան համալսարանի Ստեփանակերտի մասնաճիւղի ուսումնագիտական աշխատանքներու գծով փոխտնօրէն Արկադի Սողոմոնեան եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր Վիթալի Բալասանեան:
- 0 Comments
- 36 views
- Tweet
Email
Print



