«Դատական Իշխանութիւններուն Աշխատանքը Շանթաժի Կ՛ենթարկուի» Շեշտեց Զօր. Աուն
By adminx - Wed Jul 18, 7:43 am
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի:
Նիստէն ետք զօր. Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի դատական իշխանութիւններուն աշխատանքը շանթաժի կ՛ենթարկուի` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը իրաւունք չունի աւելի ընդարձակ հետաքննութիւն պահանջելու:
«Փողոցին մէջ նստացոյց կատարելու պատճառով զինուորներ պէտք է ձերբակալուի՞ն», հարց տուաւ Աուն` շեշտելով, որ այդ որոշումը ապօրինի է: Ան շեշտեց, որ իրենք անհրաժեշտ չեն նկատեր զինուորներուն կրկին ձերբակալումը եւ աւելցուց. «Անոնք, որոնք մեզ կ՛ամբաստանեն լիբանանեան բանակը պաշտպանելու յանցանքով եւ կը սպառնան երկփեղկել բանակը, նպատակադրած են արմատական գաղափարներ տարածել եւ ժողովուրդը սպանդի ենթարկել»:
Զօր. Աուն հարց տուաւ, որ արդեօք կարելի չէ՞ բացայայտել այն իրականութիւնները, թէ ի՛նչ գտնուած է շէյխ Ահմետ Ապտել Ուահետի ինքնաշարժին մէջ:
«Ես տեղեակ եմ, որ անոր ինքնաշարժին մէջ կային ոգելից ըմպելիներ, ինչպէս` վոտքա եւ գինի, ինչպէս նաեւ «Էր. Փէ. Ժէ.» տիպի նռնականետեր եւ ծանր զէնքեր:
«Ոչ ոք իրաւունք ունի մեզի ամբաստանելու` բանակը պաշտպանելու մեր կեցուածքին համար, որովհետեւ բանակը բոլորին համար է եւ բոլորին ապահովութեան համար կը զոհուի», ըսաւ զօր. Աուն` աւելցնելով, որ այսօր ոմանց կատարածը զինուորներուն մտքերուն մէջ կասկածներ արթնցնելու նախաձեռնութիւն է:
Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակը բաժնելու եւ պառակտելու միտումներ կան, «եւ դժբախտաբար ներքին ապահովութեան ուժերը կը պաշտպանեն Ելեկտրականութեան ընկերութիւնը բռնագրաւողները»:
- 0 Comments
- 28 views
- Tweet
Email
Print




