Ռաատ. «Պաշտպանութենէն Առաջ Պէտք Է Խօսինք Հողերու Ազատագրումին Մասին»
By adminx - Wed Jul 18, 7:41 am
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print
Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ շեշտեց, որ այս հանգրուանին պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին խօսիլը անտեղի է, որովհետեւ Լիբանան տակաւին ազատագրման սեմին կը գտնուի:
«Մենք տակաւին երկար ժամանակ ունինք պաշտպանութեան ռազմավարութեան մասին խօսելու: Հետեւաբար Դիմադրութեան զէնքը թիրախ դարձնող կողմերը կրնան բարեհաճիլ եւ ցոյց տալ լիբանանեան հողերը ազատագրելու եւ երկրին գերիշխանութիւնն ու անոր բնական հարստութիւնները պահպանելու ձեւերն ու միջոցները», ըսաւ ան:
Անդրադառնալով երկրին ելեկտրականութեան տագնապին` Ռաատ հաստատեց, որ ելեկտրականութեան հարցը ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարարին հարցը չէ` աւելցնելով, որ իրենք վախ չունին Հըզպալլայի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան միջեւ ստորագրուած համաձայնագիրին գծով, որովհետեւ երկու կողմերն ալ լաւ գիտեն, որ փոխըմբռնումի այդ համաձայնագիրը կը ծառայէ երկրին շահերուն:
- 0 Comments
- 20 views
- Tweet
Email
Print



